Գլխաւոր լուրեր

Սուրբ Ծննդեան Պատարագին  Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամեց.  «Դառնանք Քրիստոսի` Իբրեւ Անհատ Եւ Իբրեւ Ազգ,  Եւ Հաւատքի Զօրութեամբ Ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»

Սուրբ Ծննդեան Պատարագին Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամեց. «Դառնանք Քրիստոսի` Իբրեւ Անհատ Եւ Իբրեւ Ազգ, Եւ Հաւատքի Զօրութեամբ Ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»

Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին հայ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները: Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. Ծննդեան պատարագը մատոյց Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետը: Վեհափառ հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին   Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան: Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան շարքին ներկայ...

Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագին.   «Աստուած Կը Կամենայ, Որ Մենք, Մեր Եկեղեցւոյ  Աւանդին Համաձայն, Մեր Հաւատքը Ապրինք  Մեր Հայրերուն Կուտակած Աւանդներով»  Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագին. «Աստուած Կը Կամենայ, Որ Մենք, Մեր Եկեղեցւոյ Աւանդին Համաձայն, Մեր Հաւատքը Ապրինք Մեր Հայրերուն Կուտակած Աւանդներով» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ սրբազանը բացատրեց, որ Աստուածայայտնութիւն կը կոչենք այս առիթը, որովհետեւ աստուածութեան երեք դէմքերը Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ միատեղ յայտնուեցան: Ան մէջբերում կատարեց Յովհաննու աւետարանի 6-րդ գլուխէն, ուր ըսուած է. «Որովհետեւ Աստուած...

Մինչ Հոքշթայն Կը Պատրաստուի  Այս Շաբաթ Այցելելու Լիբանան.  Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ  Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

Մինչ Հոքշթայն Կը Պատրաստուի Այս Շաբաթ Այցելելու Լիբանան. Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

Մինչ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը շարունակէ Լիբանանը ընդարձակ պատերազմէ մը հեռու պահելու իմաստով իր դիւանագիտական ջանքերը, հարաւային սահմանագիծին վրայ բախումները կը շարունակուին: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի երէկ երեկոյեան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան: Միւս կողմէ, Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը.  Բեթղեհէմը Հրաւէր` Դառնալու Քրիստոսին

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Բեթղեհէմը Հրաւէր` Դառնալու Քրիստոսին

Աստուածաշունչին համաձայն, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, որովհետեւ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ պատուէրին, դաւաճանեցին իրենց կոչումին, եղծեցին իրենց աստուածային պատկերը եւ աքսորուեցան դրախտէն: Մարդուն դրախտէն արտաքսումը, որոշ իմաստով, պայմանաւորեց աստուածային յայտնութեան շեշտաւորումը եւ ուղղութիւնը: Այլ խօսքով, հակառակ մարդու մեղանչումին, Աստուած չհեռացաւ մարդէն: Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը` Աստուածաշունչը կը պարզէ, թէ զանազան դէպքերու ու անձերու ճամբով Աստուած յիշեցուց մարդուն իր իւրայատուկ կոչումը եւ կոչ...

«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»

Աստուծոյ Շնորհաբաշխութիւնը Կը Կատարուի Այսօր

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի «Աստուած իր շնորհքը յայտնեց, որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին»: Տիտոս 2:11 Տարին փակեցինք հին աշխատանքներուն ու անցուդարձերուն հաշուեկշիռը կատարելով եւ նոր տարուան մը առաւօտը դիմաւորեցինք, սակայն առանց գեղեցիկ ու սփոփարար մտածումներու: Նոր տարի է արդարեւ, այլ սակայն մեր կեանքը կը մնայ տխուր եւ անորոշ: Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կ՛ապրին իրենց գոյութեան ամէնէն դժուարին պահերը: Արցախի...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Սուրբ Ծնունդը

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի «Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. 2.11)5 Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդը «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ» մըն է: Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ ... որովհետեւ ան աննման յայտնութիւնն է Աստուծոյ մարդեղութեան: Այլ խօսքով, Քրիստոսի մէջ Աստուած կը մարմնանար եւ կը մարդանար փրկելու համար...

Մեղքերու Խոստովանութեան Հրամայականը

Երկրպագութեան Ընծաներ

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ «Տունը մտնելով` տեսան մանուկը իր մօրը` Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր...» Մատթ. 2.11 Կեանքը կը ճանչցուի իբրեւ պարգեւ, շնորհուած` Տէր Աստուծմէ:  Այս վեհ ըմբռնումով, մարդկային կեանքին մէջ տեղ կը գտնեն նուիրաբերման հարուստ կեցուածքներն ու արարքները:  Բոլոր տեսակի նուէրները, նուիրաբերումը, եւ նուիրուածութիւնը, իրենց հոգեւոր պարունակին մէջ,...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին.   Համազգայինի 95-Ամեակի Լիբանանի Հանդիսութեան Եզրափակիչ Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին. Համազգայինի 95-Ամեակի Լիբանանի Հանդիսութեան Եզրափակիչ Ձեռնարկ

Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 95-ամեակի Լիբանանի հանդիսութեան եզրափակիչ ձեռնարկը: Ներկայ էին` հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները, նախկին ու ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական պաշտօնեաներ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու բարձրագոյն եւ Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմը,...

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին, Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ անոր հետ: Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հետ անմիջական կապ ունեցող հարցեր եւ յատկապէս Կազայի պատերազմին հետեւանքներն ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Միքաթի կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը երկրին դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն լուծման գծով, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց որեւէ...

Միացեալ Նահանգներ Երուսաղէմի Հայերուն Հարցով Դիմած Են Իսրայէլին

Միացեալ Նահանգներ Երուսաղէմի Հայերուն Հարցով Դիմած Են Իսրայէլին

Միացեալ Նահանգներ Երուսաղէմի հայերուն հարցով դիմած են Իսրայէլին: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` աւելցնելով. «Ինչպէս մենք բազմիցս յայտարարած ենք, մենք չենք ուզեր, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը ձեռնարկէ որեւէ քայլի, որ կրնայ սրել լարուածութիւնը»: «Սակայն այս հարցին որոշակի պատասխան չկայ», նշած է Միլլըր:

«Արգիլուած Է Անձնատուր Ըլլալ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Արգիլուած Է Անձնատուր Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 2 յունուար 2024-ին «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ ունեցաւ Նոր տարուան իր առաջին հարցազրոյցը, զոր վարեց Հալա Հատտատ: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի ողջունեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք տեղահանուած են հարաւային սահմանագիծի իրենց բնակարաններէն եւ փոխադրուած Լիբանանի մէջ այլ վայրեր կամ լքած երկիրը եւ մեկնած դէպի այլ երկիրներ: Անցնող...

Արուրիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Արուրիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ Թարիք Ժտիտէի Իմամ Ալի մզկիթին մէջ: Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի ներկայացուցիչ շէյխ Ամին Քըրտի: Հազարաւոր բազմութեան ներկայութեան կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ յայտնեց, որ Պաղեստինն ու Լիբանանը այսօր հրաժեշտ կու տան բոլոր ճակատներուն վրայ ներկայ եղած եւ...

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Տագնապի` Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդլայնման Կարելիութեան Նկատմամբ Մտահոգ Մնալ

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Տագնապի` Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդլայնման Կարելիութեան Նկատմամբ Մտահոգ Մնալ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Պէյրութի մէջ իսլամական դիմադրութեան շարժում Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի սպանութենէն ետք Կազայի մէջ տագնապի դէպի այլ ճակատներ ընդլայնուելու կարելիութեան նկատմամբ մտահոգ մնալ»: Միլլըր յայտնեց, որ չի կրնար Արուրիի ահաբեկման ետին կանգնող կողմին մասին որեւէ գնահատական տալ, սակայն նշեց, որ Արուրին «վայրագ ահաբեկիչ մըն է, եւ անոր ձեռքերը...

Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Հայաստանին  Զինեալ Ուժերու Տասնապետական Դասի  Կատարելագործման

Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Հայաստանին Զինեալ Ուժերու Տասնապետական Դասի Կատարելագործման

Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի զինեալ ուժերուն` տասնապետական (սերժանթ) դասի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներու կազմակերպման: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան դիմատետրեան էջը: «Վերջերս Հայաստան էր Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան գլխաւոր աւագ տասնապետ Ռապըրթ Ապըրնեթին` աջակցելու Հայաստանի զինեալ ուժերու տասնապետական դասի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:  

Սէյիտ Նասրալլա. «Ո՛վ Որ Մտածէ Մեզի Դէմ  Պատերազմ Յայտարարելու Մասին, Պիտի Զղջայ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Ո՛վ Որ Մտածէ Մեզի Դէմ Պատերազմ Յայտարարելու Մասին, Պիտի Զղջայ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց` Քասեմ Սուլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ցաւակցութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց Սուլէյմանիի եւ Մուհանտեսի նահատակութիւնը: Ան նաեւ Քարմանի մէջ երէկ ինկած իրանցի հարիւրաւոր նահատակներուն ցաւակցութիւն յայտնեց: Սէյիտ Նասրալլա Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս` քրիստոնեաները: Ան ցաւակցութիւն...

Արուրիի Սպանութիւնը Կրնայ Աւելի Եւս  Բարդացնել Հարաւային Լիբանանի  Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութիւնը

Արուրիի Սպանութիւնը Կրնայ Աւելի Եւս Բարդացնել Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութիւնը

Հարաւային արուարձաններու Մշարրաֆիէ շրջանին մէջ պաղեստինցի ղեկավար Սալեհ Արուրիի սպանութիւնը արժանացաւ դատապարտումի հսկայ ալիքի մը, որուն շրջագիծին մէջ Հըզպալլա նախանցեալ օր ուշ գիշերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արուրիի սպանութիւնը պատերազմի առանցքին մէջ արձանագրուած վտանգաւոր զարգացում մըն է եւ անոր պատասխանն ու պատիժը անպայմանօրէն պիտի տրուի: Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու...

Քարմանի Մէջ Սլէյմանիի Շիրիմին Մօտ  Երկու Պայթումներ Զոհեր Ու  Վիրաւորներ Պատճառեցին

Քարմանի Մէջ Սլէյմանիի Շիրիմին Մօտ Երկու Պայթումներ Զոհեր Ու Վիրաւորներ Պատճառեցին

Երէկ Իրանի Քարման նահանգին մէջ «Քուտս Ջոկատ»-ի նախկին ղեկավար Քասեմ Սուլէյմանիի շիրիմ տանող ճամբուն վրայ երկու ականներու պայթումներ առնուազն 103 զոհեր եւ 170 վիրաւորներ պատճառեցին: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկրորդ պայթումին թիրախը եղած են ապահովական ուժերը, որոնք Սուլէյմանիի եւ Իրաքի մէջ աշխարհազօրի ղեկավար Ապու Մահտի Մուհանտեսի նահատակութեան քառամեակի նշման արարողութիւնը կը կազմակերպէին: Քարմանի նահանգապետը յայտնեց, որ երկու պայթումները...

Մաքրոն Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Մագլցողական Որեւէ Քայլէ Խուսափելու,  Մասնաւորաբար Լիբանանի Մէջ

Մաքրոն Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մագլցողական Որեւէ Քայլէ Խուսափելու, Մասնաւորաբար Լիբանանի Մէջ

Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Մաքրոն Կանցի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իսրայէլին կոչ ուղղած է` «մագլցողական որեւէ քայլէ խուսափելու, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ»` աւելցնելով, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ այս պատգամը փոխանցել շրջանին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով առնչակից կողմերուն: Մաքրոն վերստին կոչ ուղղած է` Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ «մնայուն զինադադար հաստատելու համար աշխատանք տանելու` շրջանային եւ միջազգային բոլոր գործընկերներուն օգնութեամբ»: Զրոյցը տեղի...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ուղերձը` Ամանորի Առիթով. Ամէն Նոր Տարի Նոր Սկիզբ Է

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը. Երբեք Չմարի Հայրենի Արցախ Վերադարձի Տեսիլքը Եւ Զօրեղ Մնայ Հաւատն Առ Աստուած

Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, Տարեմուտի այս երեկոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից հայրապետական Մեր սէրն ու բարեմաղթանքներն ենք բերում ամէնքիդ: Ամանորը սահմանագիծն է պատմութիւն դարձած օրերի եւ յուսառատ գալիքի: Փրկչական 2024 թուականը դիմաւորում ենք խոր մտահոգութիւններով, դիմաւորում ենք ահռելի կորուստների անամոքելի ցաւը մեր սրտում: Ծանր տարի ապրեցինք, սակայն Տիրոջն ապաւինած` յոյսով ու լաւատեսութեամբ ենք նայում մեր ազգի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը.  Համահայկական Նոր Ռազմավարութեամբ Եւ Ամուր Յանձնառութեամբ Դիմաւորենք Նոր Տարին

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը. Համահայկական Նոր Ռազմավարութեամբ Եւ Ամուր Յանձնառութեամբ Դիմաւորենք Նոր Տարին

Շուտով 2023 տարին կը դառնայ անցեալ ու մեր կեանքի հորիզոնին դիմաց կը բացուի Նոր տարին: Արդարեւ, ահաւոր յուսահատութեամբ ու խոր յուսախաբութեամբ լեցուն եղաւ անցնող տարին մեր ազգի կեանքին մէջ: Կ՛ապրինք աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Կը խարխափենք անորոշութեան մէջ: Մեր պատմութեան անցեալի ու ներկայի դառն փորձառութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ հարկ է վստահիլ մեր սեփական ուժին ու գործել` մղուած...

Page 192 of 796 1 … 191 192 193 … 796

Արխիւներ