Զախարովա. «Հայաստանի Պաշտօնատարներու Յայտարարութիւնները Նոր Խնդիրներ Կը Բերեն Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Եւ Վստահաբար Չեն Նպաստեր Շրջանային Խնդիրներու Լուծման»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով շարք մը հայ պաշտօնատարներու այն յայտարարութիւնները, թէ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ չեն պաշտպանած բնակչութիւնը` արտօնելով ցեղային զտման իրականացում, նշած է, որ այդ յայտարարութիւնները «ապակառուցողական են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան»: Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հետ երկխօսութիւնը: «Մենք այս յայտարարութիւններուն վերաբերեալ...



















