Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Ընտանիքը Հիմք` Մարդկային Եւ Ազգային Հաւաքականութեան (Համատեղելով կանանց եւ ուսուցչաց տօները)

Մարտ 8, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն սովորութիւն դարձաւ մեր թերթին համար Կիներու միջազգային օրուան եւ Ուսուցչաց տօնի նշումը համատեղելը: Ընդամէնը մէկ օրուան տարբերութեամբ կը յիշուին երկու տօները:

Երկուքին պարագային ալ անոնք տօնակատարութենէ աւելի իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին հետ կապուած են: Ատիկա կ՛ենթադրէ ինքնին, որ կայ իրաւազրկումի խնդիր, որ կը շարունակուի սուր կերպով: Երկրորդը  աւելի հարուածուած է Լիբանանի մէջ տիրող ֆինանսական ճգնաժամին, տնտեսական քաղաքականութեան բացակայութեան, ընդհանրապէս պետական համակարգի ինքնահոս գործունէութեան իրականութիւններով, մինչ առաջինը հիմնականին մէջ հասարակական կարծրատիպերու արմատաւորուած ըլլալու իրողութիւններով պայմանաւորուած է:

Ըսել կ՛ուզուի, որ խնդիրը ոչ թէ օրէնսդրութիւնն է, այլ հասարակական ընկալումը: Եւ եթէ յատկապէս արեւմտեան սահմանադրագիտութիւնը  համարկուող կամ արեւմտեան բնորդը ընտրող երկիրներու պարագային կը կեդրոնանայ սեռային իրաւահաւասարութեան սկզբունքին վրայ, այլ տեղեր, առանց այդ իրաւադրոյթին որեւէ ձեւով խտրականութիւն չ՛ամրագրուիր, բայց կը յամենայ մերժողականութիւնը կամ փոփոխութիւնը:

Արեւմուտքի պարագային կայ անշուշտ այլ խնդիր: Սեռայինը վաղուց դուրս եկած է իր դասական հասկացողութենէն եւ ներառած սեռային տարբեր կողմնորոշումներով յատկանշուող փոքրամասնութիւնները: Եւ ահա Կիներու միջազգային օրուան նշումները ներառած են նոր յղացք` պաշտպանե՛լ բոլոր տեսակի սեռային կողմնորոշում ունեցողներու իրաւունքները:

Տօնը այս առումով նաեւ կորսնցուցած է իր գաղափարափիլիսոփայութիւնը եւ վերածուած սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, ներառականութեան տարազին տակ բոլոր տեսակներու, բազմազանութեան տեսութիւնը առաջ քշելու եւ տեղ մը նոյնանալու մարդու իրաւունքներուն հետ:

Այս բոլորը նոր ընկերային հասարակարգերու մասին են, ուր ընտանիք հասկացողութիւնը եւս կը ձեւախեղուի` նոյնասեռական ամուսիններու, միայնակ մայրերու, արհեստական յղիացումի, կենսաբանական-օրինական ծնողներու երկուութիւններու եւ նման ոչ աւանդական երեւոյթներու:

Արեւմտեան շատ երկիրներու մէջ այս երեւոյթները կը ներառուին նաեւ կրթակարգին մէջ: Դասագիրքերու բովանդակութիւնները կը փոխուին եւ կը շարադրուին այնպէս, որ սեռային ներառականութիւնը որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ չդառնայ կամ աւանդականին գերակայութիւնը չամրագրուի, ստեղծելով սեռային խտրականութիւն:

Այս ալիքը չէ հասած տակաւին միջինարեւելեան երկիրներու դպրոցական համակարգ: Բայց աշխարհը բաց համակարգ է եւ տեղ մը սկսած նորարարութիւնը կամ նորաձեւութիւնը շատ արագ կը թափանցէ մոլորակի ամէն մէկ անկիւն:

Մեր ընկերութիւնը այստեղ չի քննարկեր այս խնդիրները: Քննարկել չի նշանակեր անշուշտ իւրացնել, ընդունիլ, որդեգրել: Գուցէ ընդհակառակը: Պատրաստուիլ այդ ալիքի դիմակայման: Ընդունիլ ընտանիքը հիմք մեր ազգային հաւաքականութեան եւ չյանձնուիլ թափանցուածին, պարտադրուածին: Յարգելով մարդու իրաւունքները, գիտակցելով մարդոց տարբեր կողմնորոշումներու իրականութեան,  չժխտելով անոնց գոյութիւնը ընկերութեան մէջ, գտնել այն բանաձեւը, թէ ինչո՛ւ մարդկութեան զարգացման եւ ազգային արժեհամակարգի պահպանման մեկնակէտ պէտք է ընկալել ընտանիքի դասական հասկացողութիւնը եւ այնտեղ տրուած առաջին դաստիարակութիւնը:

Արեւմուտքի մէջ այնտեղ, ուր հայկական վարժարաններու ցանց գոյութիւն ունի, ծնողներու կողմէ ինքնապաշտպանութեան բնազդով հոսք արձանագրուած է դէպի հայկական դպրոց, ուր չէ թափանցած նոր դասագրքային շարադրանքը ընտանիքի ձեւախեղումին կամ ամէն տեսակի սեռային  փոքրամասնութիւններու պաշտօնականացման կամ իրաւունքներու հաւասարեցման մասին: Ընտանեկան ինքնապաշտպանութեան այս գիտակից մղումը սփիւռքեան տարբեր վայրերու մէջ գործող հայկական վարժարաններու համար նոր թափ հաւաքելու ելակէտ կրնայ ըլլալ, նոր թիւ ապահովելու եւ մարդկային-ազգային արժեհամակարգի փոխանցման նոր տարողութիւն ձեռք բերելու ուղղութիւններով:

Իսկ այստեղ, պատրաստուելու ալիքի դիմակայման: Պատրաստուելու` արդի մանկավարժական մեթոտաբանութեամբ, նոր դասագիրքերով, նոր բովանդակութեամբ, փոխանցելու այն, ինչ որ առողջ հասարակարգ եւ յանձնառու հայ կը պատրաստէ: Մասնագիտացած մանկավարժ մարդուժով միայն կը պայմանաւորուի արդիւնաւէտութիւնը ներկայ դարուն: Մասնագէտ, եւ որեւէ մասնագիտութեան նման համարժէք վարձատրութիւն ստացող մարդուժ, որ կրնայ գրաւիչ դարձնել ասպարէզը, բայց մանաւանդ կը յաջողի գտնել հաւասարակշռուած բանաձեւը եւ զայն իրականացնելու միջոցները:

Այս գործառոյթները նախ եւ առաջ կրնան յաջողցնել մանկավարժական մասնագիտութեան տիրացած եւ հայեցի կրթութիւնը անզիջելի առաջադրանք դաւանող մեր ուսուցիչները:

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Լաւրովը Իրաւունք Չունի Վերջնագիրներու Լեզուով Խօսելու Հայաստանի Հետ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (8 Մարտ 2024)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?