Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի կողմէ հիմնուած Երկխօսութիւն կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի նախագահ, նախկին դեսպան Պասսամ Նաամանի եւ ընդհանուր քարտուղարի փոխանորդներ տոքթ. Ռոժէ Շուէյրի եւ տոքթ. Տորետ Ուէյտաթ այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ ընդունուեցան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յակոբ Մելեքեանի կողմէ:
Հանդիպումը անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանային կացութեան, նախագահի ընտրութեան հրամայականին եւ լիբանանցի քաղաքացին տագնապեցնող ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, կրթական եւ մշակութային հարցերու: