Իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյեան ժամը 7:15-ին հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն վերեւ գործեց թռիչքներ եւ ահ ու սարսափ պատճառեց բնակիչներուն` խզելով ձայնի պատը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց Սուլթանիէ, Սըտտիքին, Հուլա, Թէյրհարֆա, Եարին, Աուիտա բարձունք, Իքլիմ Թուֆֆահ, Պըրժ Մուլուք, Խիամ, Մերժահիուն, Քաֆրա եւ Այթա Շաապ շրջանները:
Երեկոյեան ժամը 5:45-ին իսրայէլեան ուժեր Հուլայի մէջ ռմբակոծեցին բնակարան մը` պատճառելով մարդկային վնասներ:
Նախնական տուեալներով արձանագրուած է քաղաքային զոհ մը եւ վիրաւորուած են չորս ուրիշներ:
Դիմադրութեան մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ղեշեր Հազիւ բնակեցման վայրը, որ կը գտնուի Նահարիա բնակեցման վայրին կից:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պաղտատի դիրքը` օգտագործելով հակահրասայլային հրթիռներ, որոնք ուղղակի հարուածներ հասցուցին դիրքին շրջակայքը գտնուող իսրայէլեան շրջուն ջոկատին:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքը եւ հրկիզեցին հոն զետեղուած լրտեսական սարքերը:
Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Նթուհա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Թայհաթի բարձունք դիրքին վրայ գտնուող զինուորներու համախմբում մը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Թայհաթի բարձունք դիրքին վրայ գտնուող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը եւ քանդեցին զայն:
Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ բռնագրաւուած Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Հիւսէյն Իպրահիմ, Ալի Սուէյտան եւ Ապպաս Հըժէյժ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


