Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Կողմի Նախաձեռնութեամբ Միրզոյեան – Լաւրով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

March 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու աճող լարուածութեան լոյսին տակ 5 մարտին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան, տեղի ունեցած է ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Արարատ Միրզոյեանն ու Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են երկկողմանի եւ շրջանին վերաբերող հարցեր:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսիան կը հետեւի Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն եւ հետեւութիւններ պիտի ընէ սեփական գործնական քայլերը ծրագրելու ընթացքին:

Ան յայտնած էր, որ Մոսկուան կը սպասէ, որ Երեւանը վերջնականապէս յայտարարէ ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութեան վերաբերեալ վերջնական որոշումը:

Անոր համաձայն, Երեւան որոշած է գրաւ դնել արտաշրջանային երկիրներու վրայ, որոնք զինք կը սիրաշահին, որպէսզի Հայաստանը խզէ Ռուսիոյ հետ կապերը:

«Մենք կը ցաւինք, որ հայկական ղեկավարութիւնը փաստացի գիտակցուած որոշում տուած է եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն վատթարացնելու ուղի ընտրած է` Ռուսիան մեղադրելով այն ամէնին մէջ, ինչ որ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Ի հարկէ, ատիկա դաշնակցային չէ», յայտարարած էր Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միրզոյեան-Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմանի եւ շրջանային օրակարգի արդիական հարցերը, ներառեալ` հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը ընդհանուր համարկումի միաւորումներու ծիրին մէջ»:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ռուսիոյ Պաշտօնապէս Տեղեկացուցած Է, Որ «Զուարթնոց»-ի Մէջ Միայն Հայ Սահմանապահներ Պիտի Մնան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (7 Մարտ 2024)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.