Ազգային չափաւորական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Ահմետ Խէյր, Ուալիտ Պաարինի, Սաժիհ Աթիէ եւ Ապտել Ազիզ Սամատ երէկ այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեանի հետ:
Պատուիրակութիւնը նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ խորհրդակցութիւններ ծաւալելու իր նախաձեռնութեան գծով ներկայացուց համապատասխան պատկերացում:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը` գնահատելով նախաձեռնութիւնը, նշեց, որ թէ՛ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ թէ՛ Հայկական երեսփոխանական պլոքին հաստատ համոզումն է տասնամեակներէ ի վեր, որ Լիբանանի մէջ հարցերու լուծման միակ միջոցը չափաւորականութիւնն ու երկխօսութիւնն է:
Հետեւաբար նախագահի ընտրութիւնը անյետաձգելի պահանջ եւ օրակարգ է, որուն իրականացման համար անհրաժեշտ է կարելի ամէն միջոցի դիմել եւ ապահովել լիբանանեան համախոհութիւն:
Չափաւորական պլոքը իր հանդիպումները պիտի շարունակէ, ապահովելու համար խորհրդարանին մէջ գումարուելիք խորհրդակցական ժողովի մը կայացումը, հասնելու համար նախագահի ընտրութեան: