Հինգշաբթի, 7 մարտ 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մակոշի Մասայուքին:
Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն է կաթողիկոսարան, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով բացատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կառոյցը եւ առաքելութիւնը, յատկապէս ծանրանալով լիբանանահայութեան եւ անոր քաղաքական դերակատարութեան վրայ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ համայնքին մէջ գործող կրթական, ընկերային ու մշակութային կառոյցներու գործունէութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յատկապէս ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ:


