Հակառակ մեզ շրջապատող եւ օրէ օր խեղդող տագնապներուն, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ հայկական իմաստով, չենք կրնար զանց առնել Ուսուցչաց տօնը, մանաւանդ Հայ ուսուցիչի տօնը:
Ու յատկապէս այս օրերու դժնդակ պայմաններուն մէջ կարեւոր շեշտադրումով կը ներկայանայ Ուսուցչաց տօնը:
Խօսիլ ուսուցիչի մասին համազօր է խօսիլ մօր մասին, Հայ ուսուցիչը` նման հայ մօր:
Աղբիւրը` իւրաքանչիւրիս կազմաւորումին:
Հիմը` մեր բոլորին անհատականութեան կերտման:
Ճանապարհը` մեր իրագործումներուն, անհատական թէ ընդհանրական մակարդակներու վրայ:
Կ՛արժէ շեշտել անգամ մը եւս:
Ազգապահպանման գործը անկարելի է կատարել առանց հայ դպրոցի հիմը եղող հայ ուսուցիչին:
Մարդակերտումը անկարելի է առանց հայ ուսուցիչին:
Արժէքային համակարգը անկարելի է պաշտպանել ու պահպանել առանց հայ ուսուցիչին:
Հայ եկեղեցին շէնք կը մնայ, երբ հայ ուսուցիչը կը դադրի սերունդ պատրաստելէ:
Հայկական մշակոյթը, միութիւններն ու կառոյցները, հայոց լեզուն կը դադրին իրենց հայկականութենէն, երբ կը դադրինք արժեւորելէ հայ ուսուցիչը:
Հայ դպրոցը կը պահէ հայը, իսկ առանց հայ ուսուցիչի հայ դպրոցը կը վերածուի սոսկ առեւտրական-կրթական կառոյցի:
Տակաւին կը հաւատանք հայ ուսուցիչի առաքելութեան:
Հաւատքը առանձինն բաւարար չէ:
Հաւատքին հետ, համոզումն ու գործն է հայ ուսուցիչ պատրաստելու, ուժեղացնելու անոր առաքելութիւնը, յարգելու անոր ասպարէզը, գնահատելու անոր իրագործումները եւ արժեւորելու զինք ամէն իմաստով:
Հայ ուսուցիչը առեւտրական հասկացողութեամբ պաշտօնեայ չէ:
Ոչ ալ այլ ասպարէզի մը անյաջող անձ:
Ոչ ալ կամակատար` հաշուապահի մտածողութեամբ առեւտրական գործառնութիւններ վարող եւ դպրոցը շահի միջոց նկատող ամիրայական մտածողութեան:
Մանաւանդ, ու ցաւով կ՛արձանագրենք, ուսուցիչը մուրացկան չէ եւ ո՛չ ալ այս կամ այն բարերարին գութը հայցող գաւառներու մտածողութենէն եկող «վարժապետ»:
Հայ ուսուցիչը իր առաքելութեամբ սրբազան գործի ռահվիրան է, ու պարտաւոր ենք իրենց հանդէպ երախտապարտ ըլլալ:
Առանց հայ ուսուցիչի կարելի չէ ազգապահպանումի մասին նոյնիսկ մտածել:
Երախտապարտ ենք բոլորին:
Անոնց, որոնք մեզ «մարդ»-ու վերածեցին:
Մեր ուսուցիչներուն վարձքը կատար:
Հերոս էք դուք ձեր գործին մէջ, ձեր կենդանութեան:
Հերոս էին բոլոր անոնք, որոնք եկան, գործեցին ու մեկնեցան:
Պատի՛ւ ձեզի, սիրելի՛ ուսուցիչներ:



