Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Հայաստանը Կրնայ Դառնալ Արեւմուտքի Զոհը` Գայթակղուած Եւ Խաբուած»

Մարտ 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ Համաշխարհային երիտասարդական փառատօնի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Արեւմուտքի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն: Անոր համաձայն, Հայաստանը կրնայ դառնալ «Արեւմուտքի զոհը` գայթակղուած եւ խաբուած»:

«Երեւանի որոշ քաղաքական գործիչներ Հայաստանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան յանկարծակի մեծցած ուշադրութիւնը կ՛ընկալեն իբրեւ դարման կամ խայծ: Մենք պէտք է աւելի խոր նայինք: Ցաւօք, Հայաստանի մէջ շարք մը քաղաքական գործիչներ չեն ալ մտածեր այն մասին, որ Հայաստանը կը վերածուի արեւմտեան աշխարհաքաղաքականութեան հերթական գործիքի, արեւմտեան զուարճանքի», ըսած է Զախարովա:

Անոր պնդումով, Հայաստանը Արեւմուտքի համար կը դառնայ ընդամէնը յենակէտ Հարաւային Կովկաս մտնելու համար: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը համեմատութիւններ կատարած է շարք մը այլ երկիրներու հետ եւ պնդած, որ Արեւմուտքը գեղեցիկ խոստումներ կու տայ, սակայն զանոնք չի կատարեր եւ այս կամ այն երկիրը կը ձգէ աւերակներու մէջ, ինչպէս Ուքրանիոյ պարագային:

Զախարովա նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանը տակաւին չէ արձագանգած մտահոգութիւնները փարատելու նպատակով միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններ կատարելու վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկին:

«Նախապէս մենք առաջարկած ենք, որ հայ դաշնակիցներու հետ կատարուին միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններ, որպէսզի առարկայականօրէն քննարկուին եւ լուծուին մտահոգութիւնները, տակաւին պատասխան չկայ, թերեւս կը յայտնուի, թերեւս ճիշդ հիմա: Անոնք այդ մեր նախաձեռնութեան տակաւին չեն արձագանգած», ըսած է Զախարովա:

Նախորդը

Կարմիր Խաչի Աշխատակիցները Այցելած Են Պաքուի Մէջ Ապօրինաբար Կալանաւորուած Արցախի Ղեկավարութեան

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ռուսիոյ Պաշտօնապէս Տեղեկացուցած Է, Որ «Զուարթնոց»-ի Մէջ Միայն Հայ Սահմանապահներ Պիտի Մնան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?