Երեւանը Մոսկուային պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ «Զուարթնոց»-ի մէջ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահներ պիտի ըլլան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
«Երեւանի դիրքորոշումը այն է, որ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ծառայութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ կատարեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերը», նշած է ան:
«Անկախութեան շրջանին Հայաստանը տարբեր ուղղութիւններով կարողութիւններ ձեռք կը բերէ, եւ այս պահուս Հայաստանը ամբողջական կարողութիւն ունի օդակայանին մէջ ամբողջութեամբ վերահսկողութիւն կատարելու համար: Հայաստանը իր յստակ դիրքորոշման մասին պաշտօնական նամակով տեղեակ պահած է Ռուսիան», ըսած է Գրիգորեան:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնած է, որ Երեւանի օդակայանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման վերաբերեալ հարցումներ չեն եղած:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան վերջերս յայտարարած էր, որ լաւ պիտի ըլլայ, որ ռուս սահմանապահները դուրս գան օդակայանէն` կասկածի տակ դնելով անոնց արդիւնաւէտութիւնը: