Նեթանիահու. «Երէկ Պատերազմի Ծագումէն Ի Վեր Ամէնէն Դժուար Օրերէն Մէկն Էր, Եւ Բանակը Սկսաւ Աղէտը Հետաքննել»
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունեսի մէջ բախումներուն ընթացքին 21 իսրայէլացի սպաներ եւ զինուորներ սպաննուած են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կիրակի օր հաղորդած էին, որ շուրջ 20 սպաներ եւ զինուորներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են, երբ Խան Եունեսի մէջ ականուած երկու շէնքեր պայթեցուած են եւ երրորդ մը իսրայէլեան ուժերուն վրայ փուլ եկած է: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը անցեալ ամիս...



















