Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան Միջազգային Ընկալումը

Մարտ 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները բնականաբար կ՛արտացոլացնեն իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները: Հայկական գործօնին նկատմամբ Փարիզի դիրքորոշումները քաղաքական տրամաբանութեամբ կ՛ընկալուին այդ պարունակին մէջ:

Ակնկալելի էր, որ վարչապետը խօսի Հայաստանի անկախութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու հրամայականի մասին:

Առաջադրանքի այս բաղադրիչները ընդհանուր ընկալումով Ազրպէյճանի վտանգին ուղղուած ըլլալով, այս պարագային նոյնքան ուղղուած են Ռուսիոյ: Ֆրանսական կամ ընդհանրապէս եւրոպական ու արեւմտեան ընկալումով Հայաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան սպառնացողը Մոսկուան է: Նոյնիսկ տարածքային ամբողջականութեանը թերեւս, եթէ այնպէս վերլուծենք, որ Արեւմուտքը կ՛ընդդիմանայ Սիւնիքի ճանապարհի թէական բացումի պարագային ռուսական ուժերու վերահսկողութեան:

Համոզիչ կը դառնայ այս մօտեցումը, որովհետեւ պաշտպանելու յանձնառութեան անմիջապէս կը հետեւի միւս միտքը: Ըստ վարչապետին Ռուսիան կը ցանկայ պատժել  Հայաստանը իր խաղաղութեան ձգտման, իր ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի, այն սկզբունքներուն համար, որոնք Մոսկուան կ՛անարգէ Ուքրանիոյ մէջ:

Այս տրամաբանութեամբ խաղաղութիւնը արգելակողը Մոսկուան է. այսինքն` արգելք է, որ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ ընթանան բանակցութիւնները, եւ կնքուի խաղաղութեան պայմանագիրը: Ուքրանիոյ հետ համեմատումը ահազանգային է: Դարձեալ թիրախը Ռուսիան է: Ըսել կ՛ուզուի, որ Ռուսիան կ՛ուզէ երկրորդ Ուքրանիոյ վերածել Հայաստանը, որուն դիմաց Հայաստանը պաշտպանութեան կարիք ունի:

Այս բոլորէն ետք է, որ կարգը կու գայ Ազրպէյճանին, ուր դարձեալ Մոսկուան պատասխանատուութեան առջեւ  կը դրուի: Կը շեշտուի, որ Մոսկուան չէ դատապարտած Պաքուի կողմէ ուժի կիրարկումը Արցախի մէջ, որ պատճառ դարձած է հայաթափման, մարդասիրական աղէտի յառաջացման, ռուս խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան: Ուղերձը այն է, որ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը ձախողած է տարածաշրջանին մէջ:

Բնականաբար չէ մոռցուած նաեւ Երեւանի միանալը Միջազգային քրէական դատարանին, որ նկատուած է Երեւանի կողմէ առնուած կարեւորագոյն քայլ` ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան կայացման գործընթացին մէջ:

Այս բոլորը ուղենիշեր են Ֆրանսա-Հայաստանի Հանրապետութիւն կամ առհասարակ Պրիւքսել-Երեւան համագործակցութեան խորացման քաղաքականութեան, որ քաղաքական տրամաբանութեամբ արագօրէն կ՛ընկալուի ռուսական ազդեցութենէ դուրս բերման գործողութիւններու շարք:

Ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ Ֆրանսայի վարչապետը Ազրպէյճանէն պահանջած է իր ուժերը հեռացնել Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն:

Այս պահանջը սեպտեմբեր 2022-ի ներխուժման գործողութիւններէն ետք հնչած էր թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն եւ թէ՛ Եւրոպական Միութենէն: Ապա, հետզհետէ մարած էր եւ տեղի տուած համեմատաբար չէզոք յայտարարութիւններու, միջնորդական առաքելութեան վերստանձնման ճիգերու շրջածիրին մէջ:

Պաքու-Մոսկուա դիրքորոշումներու համատեղման կամ գործակցութեան դրսեւորումներու տեսանելիութեան զուգահեռ այս պահանջը կը թուի, որ պիտի վերարծարծուի:

Այս մէկը եւս կրնայ առնչուած ըլլալ ռուսական թիրախ խփելու քաղաքականութեան: Ըսելու համար, որ ՀԱՊԿ-ի պարտականութիւնն էր զսպել ներխուժումը կամ հակազդել ներխուժման, մինչ առ այսօր նոյնիսկ գնահատական չէ տրուած այս կառոյցին կողմէ կատարուածին: Հետեւաբար Երեւանը ոչ միայն իր անդամակցութիւնը սառեցնելու հիմնաւորում ունի, այլ նաեւ ընդհանրապէս դուրս գալու այդ կառոյցէն:

Պաքուի հակազդեցութիւնը արագ է: Վերջերս արդէն իսկ Փարիզը կը նկատուէր Ազրպէյճանի թշնամին պետական շրջանակներու կողմէ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը պատասխանէ Ֆրանսայի վարչապետին` ըսելով, որ Ազրպէյճանը գործողութիւններ իրականացուցած է իր ներքին գերիշխան տարածքներուն մէջ:

Պատասխանին ուշագրաւ բաժինը այն է, որ, ըստ պաշտօնական Պաքուին, Ֆրանսան կը շարունակէ լռել «Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական 8 գիւղերու շարունակուող բռնագրաւումին դէմ»:

Եթէ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ յարաբերակցութեամբ դիտարկենք յայտարարութիւնները, հայելային գիծեր կ՛երեւին: Այն առումով, որ Ֆրանսան կ՛ամբաստանէ Մոսկուան, որ լուռ մնացած է Արցախի հայաթափումին  եւ հայաստանեան տարածքներու դէմ Ազրպէյճանի բռնագրաւումներուն դիմաց, մինչ Պաքուն «ազրպէյճանական գիւղերու բռնագրաւումին» դիմաց  նոյն լռութիւնը պահելու համար կ՛ամբաստանէ Փարիզը:

Այս գործընթացները մտաբերել կու տան, որ արեւմտեան կեդրոններուն մօտ հետզհետէ աւելի բարձր պիտի հնչէ Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան պաշտպանութեան հրամայականը: Ի հարկէ ամէնէն առաջ այդ գերիշխանութեան  ու անկախութեան սպառնալիք տեսնելով Ռուսիան: Եւ ասիկա փաստօրէն միջազգային ընտանիքի ընկալումին կը վերաբերի:

«Ա.»

Նախորդը

Ֆրանսայի Վարչապետը Ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ Ետ Քաշել Իր Զօրքերը Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքներէն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (22 Մարտ 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Աքիլէսեան Կրունկները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Աքիլէսեան Կրունկները

Սեպտեմբեր 8, 2025
Յառաջիկայ Օրերուն Հայաստանի Մէջ  Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Յառաջիկայ Օրերուն Հայաստանի Մէջ Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպում

Սեպտեմբեր 8, 2025
Աուն Զօր. Քուփըրին Կոչ Ուղղեց Ճնշում  Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ, Որպէսզի Հեռանայ Լիբանանէն
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Զօր. Քուփըրին Կոչ Ուղղեց Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ, Որպէսզի Հեռանայ Լիբանանէն

Սեպտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?