Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խուռներամ Բազմութեան Ներկայութեան. Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի Նշում

March 23, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւնն ու «100 բանաստեղծութիւն» հատորի շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին:

Ձեռնարկին բանախօսեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան եւ խօսք առաւ Հայաստանէն այս առիթով Լիբանան ժամանած Պարոյր Սեւակի թոռը` Սեւակ Ղազարեան: Խօսք առին նաեւ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին անունով Նանոր Թաշճեան եւ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Այս առիթով Հայաստանէն հրաւիրուած հայրենի վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան ներկայացուց Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:

Ներկաները դիտեցին Պ. Սեւակի տուն-թանգարանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը` բանաստեղծին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի, եռեակ անսամպլը, երաժշտանոցի  աշակերտներն ու մեներգող սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան:

Պարգեւներ ստացան այս առիթով Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական արտասանական մրցանքի երեք մրցանակակիրները: Դատական կազմին կողմէ արդիւնքները յայտարարեց լիբանանահայ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի:

Աւարտին ներկաները նուէր ստացան «100 բանաստեղծութիւն» հատորը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր շքանշանով պատուեց վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերասան, երկար տարիներ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին հետ համագործակցած Դաւիթ Յակոբեանը:

Ձեռնարկին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:

Նախորդը

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Դիւանագիտական Իր Ճիգերը` Կասեցնելու Համար Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները»

Յաջորդը

Պաքու Մեծամօրի Հիւլէական Կայանի Հարցով Դիմած Է Հիւլէական Ուժանիւթի Վեհաժողովի Համանախագահներուն

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.