Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ֆրանսական Խաղաթուղթը

Խմբագրական. Ֆրանսական Խաղաթուղթը

Ֆրանսան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան թէ Ազրպէյճանի նկատմամբ որդեգրած քննադատութիւններով յառաջատար է: Ֆրանսայի Ծերակոյտը առաջին անգամը չէ, որ նման շեշտադրումներով եւ ընդգծումներով բանաձեւ կ՛որդեգրէ: Նախապէս նոյնիսկ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման կոչ ըրած էր գործադիրին: Այդ կոչը չէր առարկայացած անշուշտ, այդուհանդերձ որոշ ուղղութիւններով յատկանշուած էր Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութիւնը: Պաշտօնաթող արտաքին գործոց նախարարը քանի մը առիթներով պարզաբանած էր իր պետութեան դիրքորոշումը` Արցախը ճանչնալով...

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունած Է Ազրպէյճանի Դէմ  Պատժամիջոցներ Պահանջող Բանաձեւը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունած Է Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող Բանաձեւը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 կողմ եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունած է Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը: Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ կը քննարկէր 1 դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը` ուղղուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումը դատապարտելուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակումի հետագայ փորձերը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելը կանխելուն»: Բանաձեւը նաեւ կոչ...

Տաւոսի Մէջ.   Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ` Կասեցնելու Համար Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իր Գործած Բռնարարքները

Տաւոսի Մէջ. Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ` Կասեցնելու Համար Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իր Գործած Բռնարարքները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Տաւոսի մէջ տեղի ունեցող Տնտեսական համաշխարհային ֆորումին ընթացքին արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ դիւանագիտական հանդիպումներ, որոնց ընթացքին ընդգծեց, որ Կազայի մէջ զինադուլ հաստատելն ու դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ անոր պէտք է յաջորդէ Պաղեստինեան հարցի խաղաղ լուծումը, որ պիտի երաշխաւորուի ապահով հայրենիք մը ունենալու պաղեստինցիներուն իրաւունքը ապահովելով: Միքաթի մեծ պետութիւններուն...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Հանդիպումները`  Մակրոյի Եւ Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան  Խորհրդարանական Յանձնախումբին Հետ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Հանդիպումները` Մակրոյի Եւ Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբին Հետ

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր նիստը: Խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրօ: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը Մակրոյի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, իսրայէլեան բռնարարքներն ու Իսրայէլի կողմէ...

«Իրանի Կողմէ Մեր Երկրի Տարածքին Հարուածը  Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ»  Կ՛ըսէ Փաքիստան

«Իրանի Կողմէ Մեր Երկրի Տարածքին Հարուածը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ» Կ՛ըսէ Փաքիստան

Իրանի զինեալ ուժերուն կողմէ Փաքիստանի տարածքին մէջ կատարուած հարուածը երկրի օդային տարածքի խախտում է, որ կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու: Այս մասին կը նշուի Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ զետեղուած է նախարարութեան կայքին վրայ: «Փաքիստանը խստօրէն կը դատապարտէ Իրանի կողմէ իր օդային տարածքի չպատճառաբանուած խախտումը եւ հարուածը Փաքիստանի տարածքին, որուն պատճառով զոհուած է երկու անմեղ երեխայ եւ վիրաւորուած երեք...

Ակնարկ. Պաշտպանողականներ Եւ Մեղադրանքներ` Քաղաքական Մրցապայքարի Շրջագիծին Մէջ

Ակնարկ. Պաշտպանողականներ Եւ Մեղադրանքներ` Քաղաքական Մրցապայքարի Շրջագիծին Մէջ

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին յստակ ուղերձներ  փոխանցած է, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ: Առաջին պարզ ընթերցումով այս դիրքորոշումը կը մեկնաբանուի իբրեւ համաեւրոպական պաշտպանութիւն Հայաստանի: Երկրորդ, մտածել կու տայ, որ Ազրպէյճան նոր յարձակումներ սանձազերծելու կամ նոր ոտնձգութիւններու դիմելու կը պատրաստուի եւ այսպիսով կը զգուշացուի Եւրոպայէն: Աւելի՛ն. Եւրոպան կը...

Անթիլիաս Կը Ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն Եւ Սփիւռքէն Փորձագիտական Մարդուժի Ներկայացուցիչներ

Անթիլիաս Կը Ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն Եւ Սփիւռքէն Փորձագիտական Մարդուժի Ներկայացուցիչներ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, ուրբաթ, 19 եւ շաբաթ, 20 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» նիւթով խորհրդաժողով: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս կը ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակը (ՎԻՀ), որ...

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Հետաքննելու  Հայ Պատերազմական Գերիներու  Գնդակահարութեան Տեսանիւթը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Զգուշացնէ Պաքուն. «Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտում Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին յստակ ուղերձներ կը փոխանցէ, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ: Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան` այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանոն, անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն: «Մենք...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել  Հարաւային Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ  Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

Հիւսիսային Լիբանանի պաղեստինեան Պատտաուի եւ Նահր Պարետ գաղթակայաններուն մէջ ընդհանուր գործադուլի եւ սուգի մթնոլորտ տիրեց` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին 100-րդ օրուան առիթով: Զոյգ գաղթակայաններուն մայր մուտքերը փակ պահուեցան առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցան բողոքի երկու ցոյցեր: Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները  շարունակուեցան բուռն թափով: Իսրայէլ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը, ինչպէս...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Պաքուի Ջարդերուն Մասին.  «Բոլոր Իրաւունքները Պէտք Է Հասցէագրուին»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Պաքուի Ջարդերուն Մասին. «Բոլոր Իրաւունքները Պէտք Է Հասցէագրուին»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է երեսունչորս տարի առաջ այս օրերուն Պաքուի հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերուն եւ նշած, որ ջարդերը դարձած են Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութենէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան գագաթնակէտը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն զետեղածէ «Էքս» հարթակին մէջ  եւ աւելցուցած, որ ջարդերու պատճառով հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուած են, անդամահատուած եւ անհետացած, կէս միլիոն մարդ...

Պաքուի Վերաքննիչ Դատարանը Մերժած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Բողոքը

Պաքուի Վերաքննիչ Դատարանը Մերժած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Բողոքը

Պաքուի վերաքննիչ դատարանը քննարկած է Լաչինի միջանցքէն ապօրինի առեւանգուած եւ կեղծ մեղադրանքներով ազատազրկման դատապարտուած  Վագիֆ Խաչատրեանի բողոքը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ինչպէս կը հաղորդեն ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները, Խաչատրեանի փաստաբան Ռատմիլա Ապիլովան Խաչատրեանի վերաքննիչ բողոքի հիման վրայ հրաւիրուած դատական նիստին խնդրած է արդարացնել իր պաշտպանեալը: Խաչատրեանը իր կարգին անգամ մը եւս պնդած է, որ ինք անմեղ է եւ խնդրած է արդարացնել զինք: Դատարանը,...

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Քաթարի, Եգիպտոսի Եւ Իսրայէլի Հետ Անմիջական Կապի Մէջ Պիտի Մնայ»

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Քաթարի, Եգիպտոսի Եւ Իսրայէլի Հետ Անմիջական Կապի Մէջ Պիտի Մնայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Համասի մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման համար Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հետ անմիջական կապի մէջ պիտի մնայ: «Համասի մօտ գտնուող գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կը վստահեցնենք, որ անոնց կողքին ենք, զանոնք տուն վերադարձնելու համար պիտի չդադրինք աշխատելէ», աւելցուց Պայտըն: «Ցաւալի է, որ Համաս հազիւ մէկ շաբաթ ետք դուրս եկաւ գերիներու ազատ արձակման...

«Հուսիներուն Եւ Իրանին Յստակ  Պատգամ Մը Յղեցինք»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

«Հուսիներուն Եւ Իրանին Յստակ Պատգամ Մը Յղեցինք» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կրանթ Շափզ յայտնեց, որ իր երկիրը «պիտի սպասէ եւ տեսնէ», եթէ միջազգային նաւարկումի պաշտպանման համար Եմէնի մէջ հուսիներուն դէմ յաւելեալ հարուածներու կարիքը կայ: «Մտադիր չենք Եմէն երթալ կամ որեւէ այդպիսի բան ընել, սակայն պարզապէս կ՛ուզենք Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիներուն յղել շատ յստակ ու աներկբայելի պատգամ մը` չսպառնալու նաւարկումի անվտանգութեան, եւ թէ Կարմիր ծովուն մէջ անոնց վարմունքը բացարձակապէս...

Իշխան Սաղաթէլեանը` Փաշինեանի Յայտարարութեան Մասին.  «Հրապարակային Խոստովանութիւն Էր, Որ Ինք Ձախողեցուցած Է Իր «Խաղաղութեան Օրակարգ»-ը

Իշխան Սաղաթէլեանը` Փաշինեանի Յայտարարութեան Մասին. «Հրապարակային Խոստովանութիւն Էր, Որ Ինք Ձախողեցուցած Է Իր «Խաղաղութեան Օրակարգ»-ը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանած է անցեալ շաբաթավերջին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ «Երկիր» կայքի հարցումներուն: Արձագանգելով Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուեցան ի պատասխան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Սաղաթէլեան ըսաւ, որ «ատիկա հրապարակային խոստովանութիւն էր այն մասին, որ ինք ձախողեցուցած է իր «խաղաղութեան օրակարգը» եւ երկիրը կանգնեցուցած է նոր պատերազմի առաջ: Ատիկա...

Գրիգորեան Եւ Օ՛Պրայըն Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ընթացքը

Գրիգորեան Եւ Օ՛Պրայըն Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ընթացքը

Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Տաւոսի մէջ տեղի ունեցող Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականներու 4-րդ հանդիպման շրջագիծին մէջ 14 յունուարին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընի հետ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն, զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ այդ յարաբերութիւններու օրակարգը աւելի եւս զարգացնելու հարցեր:...

Սէյիտ Նասրալլա. «Պատերազմէն Չենք Վախնար  Եւ Առանց Կանոններու Պիտի Կռուինք, Իսկ Իսրայէլ  Ինք Պէտք Է Վախնայ Պատերազմէն»

Սէյիտ Նասրալլա. «Պատերազմէն Չենք Վախնար Եւ Առանց Կանոններու Պիտի Կռուինք, Իսկ Իսրայէլ Ինք Պէտք Է Վախնայ Պատերազմէն»

Հարաւային Լիբանանի Խըրպեթ Սըլըմ գիւղաքաղաքին մէջ երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, նուիրուած` նահատակ Ուիսամ Թաուիլի: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Թաուիլի արժանիքներուն եւ յատկանիշներուն` իբրեւ զինուորական ղեկավար: Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իսրայէլ խորունկ փոսի մը մէջ ինկած է եւ կատարեալ ձախողութիւն կ՛ապրի, որովհետեւ Կազայի դէմ պատերազմի առումով...

Տեղատարափ Անձրեւներուն Պատճառով Տարբեր  Շրջաններու Մէջ Գետերը Յորդեցան  Եւ Հողային Սահանքներ Արձանագրուեցան

Տեղատարափ Անձրեւներուն Պատճառով Տարբեր Շրջաններու Մէջ Գետերը Յորդեցան Եւ Հողային Սահանքներ Արձանագրուեցան

Անցեալ շաբթուան կէսէն սկսած անձրեւները շարունակեցին տեղալ նաեւ շաբաթավերջին: Տեղատարափ անձրեւները պատճառ դարձան, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գետերը յորդին եւ հողային սահանքներ արձանագրուին: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամբողջ շաբաթավերջին փրկարար աշխատանքներու ընդմէջէն կրցան փրկել հարիւրաւոր քաղաքացիներ, որոնց բնակարանները, աշխատատեղիներն ու վաճառատուները ողողումներու ենթակայ դարձած էին: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը աշխատեցան բանալ նաեւ հողային սահանքներուն պատճառով փակուած ճամբաները: Լեռնային շրջաններուն, ինչպէս` Թարշիշի,...

Ս. Ծննդեան Համերգ` Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

Ս. Ծննդեան Համերգ` Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեքշաբթի, 9 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան միացեալ համերգ: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,...

Ակնարկ.  Երրորդ Ռազմաճակատի Քաղաքական Երանգները

Ակնարկ. Երրորդ Ռազմաճակատի Քաղաքական Երանգները

Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ օդուժի կողմէ Եմէնի հուսիներու ռազմական յենակէտերու դէմ իրականացուած յարձակումներով նոր ռազմաճակատ բացուեցաւ միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Կարմիր ծովուն վրայ Եմէնի հուսիները դիմած էին գրաւման կամ հարուածման գործողութիւններու` դէպի Իսրայէլ եւ հակառակ ուղղութեամբ ուղեւորուող նաւերու: Նաւերու ճամբան փակելու այս գործողութիւնները սաստկացած էին Կազայի պատերազմին` երրորդ տարածքներու վրայ պատերազմական գործողութիւններու ռազմադաշտի ընդլայնումով: Նկատենք անմիջապէս, որ բռնկուած շրջաններուն վրայ...

Page 190 of 796 1 … 189 190 191 … 796

Արխիւներ