Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական մագլցումները զսպելու համար:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Խիամ, Այթարուն, Քֆարքիլա, Ուազզանի, Հասպայա, Ատայսէ, Եարուն, Քֆարքիլա, Ալմա Շաապ եւ Այթա Շաապ շրջանները:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին բռնագրաւուած Քֆարշուպայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ եւ թիրախ դարձնելով այդ դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումը:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Զըպտին դիրքը, ինչպէս նաեւ Հաունինի բերդը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Մարժ դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրած հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:
Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մթըլլէ եւ Աւիւիմ բնակեցման վայրերուն մէջ իսրայէլացի զինուորներով բնակուած երկու շէնքեր:
Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլացի զինուորներու խումբ մը, որ կը փորձէր մուտք գործել Պաղտատի դիրք:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մթըլլէի եւ Մալիքիէի դիրքերը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումները, զրահապատներն ու լրտեսական սարքերը:
Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Համամեսի բարձունք դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:


