Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Ռաֆահի Մէջ Որեւէ Զինուորական Գործողութիւն Սխալ Պիտի Ըլլայ»

Մարտ 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Յառաջիկայ շաբաթ մեր իսրայէլացի պաշօնակիցներուն հետ բանակցութիւններ պիտի վարենք` ընդգծելու համար, որ Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւնը սխալ պիտի ըլլայ»:

«Մեր գնահատականներուն համաձայն, տագնապին վերջ տալը պաղեստինեան պետութեան ստեղծում եւ Իսրայէլի անվտանգութեան պահպանում կը ներառէ», նշեց Պլինքըն:

«Ուաշինկթըն կը շարունակէ Տոհայի մէջ համաձայնութեան հասնելու մղում տալ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով. «Դժուար է ատիկա իրականացնել, սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա տակաւին կարելի է»:

«Յանձնառու ենք Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին, որպէսզի 7 հոկտեմբերը չկրկնուի, միեւնոյն ժամանակ յանձնառու ենք Կազայի քաղաքայինները պաշտպանելուն», Գահիրէի մէջ իր եգիպտացի պաշտօնակից Սամեհ Շուքրիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Պլինքըն:

Շաուքի իր կարգին «Ռաֆահի մէջ որեւէ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան մերժումը» շեշտեց` աւելցնելով. «Պատերազմի շարունակութիւնը կարելի չէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը երէկ այցելեց Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, մասնակցեցաւ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նիստին, որուն աւարտէն ետք ալ առանձին հանդիպում ունեցաւ խորհուրդի անդամ նախարար Պենի Կանցի հետ:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Եահիա իր երկրին մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու համար կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին յայտնեց, որ քուէյթեան դիւանագիտութիւնը Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու միջազգային դիւանագիտական նախաձեռնութեան դիմած է: «Այդ նախաձեռնութեան սկսանք աւելի քան 2 ամիս առաջ, աւելի ճիշդ, երբ այս կառավարութիւնը կազմուեցաւ: Շուրջ 4 կամ 5 խորհրդաժողովներու մասնակցեցայ, եւ այդ խոհրդաժողովներուն ընթացքին մեր արտասանած խօսքերուն մեծամասնութեան մէջ կեդրոնացանք Կազայի հարցին վրայ եւ Պաղեստինի մէջ մեր հարազատներուն նկատմամբ մեր նախանձախնդրութիւնը արտայայտեցինք. այս հարցը  չափազանց կարեւոր է եւ մաս կը կազմէ մեր քաղաքական ղեկավարութեան հետաքրքրութիւններուն»:

«Ամերիկացիները իրենց սեփական հաշիւներն ունին, մանաւանդ որ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին կը գտնուին, եւ այս կացութիւնը մօտիկ ապագային ի նպաստ պաղեստինցի ժողովուրդին պիտի ըլլայ», ըսաւ քուէյթեան դիւանագիտութեան պետը:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Յանդիմանէ Էրտողանը

Յաջորդը

Անյայտ Անձերու Կողմէ Ահաբեկչական Արարք` Մոսկուայի Մէջ. Զախարովա. «Համաշխարհային Հանրութիւնը Պարտաւոր Է Դատապարտել Այս Հրէշաւոր Յանցագործութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?