Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին նշած է, որ Արեւմուտքը կը փորձէ Հայաստանը խլել Ռուսիայէն` Մոսկուայի դէմ հանելով տեղական վերնախաւը: Միեւնոյն ժամանակ, ծերակուտականը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքի վրայ, որ իրականութեան մէջ, Ռուսիայէն բացի, աշխարհի վրայ չկան երկիրներ, որոնք պատրաստ են հայկական շահերը հաշուի առնելու:
«Երեւանը Ռուսիայէն աւելի հայամէտ երկիր չի կրնար գտնել: Ատոր պատճառները շատ են` պատմութենէն եւ արիւնակցական կապերէն սկսած մինչեւ շրջանային անվտանգութեան առաջնահերթութիւններ: Եկած է լրջօրէն մտածելու ժամանակը», ըսած է Քարասին:


