«Ազրպէյճանը կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանսայի վարչապետին վերջ տալու սադրիչ յայտարարութիւններուն», մեկնաբանելով Կապրիել Աթալի` 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի դէմ ձեռնարկուած ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւնները, երէկ նշած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այհան Հաճիզատէն:
«Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները ամբողջութեամբ կը համապատասխանէին միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ այն բանաձեւերուն, որոնք ընդունուած էին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան այդ խորհուրդի մնայուն անդամ է», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` աւելցնելով. «Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք Ֆրանսային դասեր քաղելու սեփական պատմութենէն եւ չմիջամտելու Ազրպէյճանի ներքին գործերուն»:


