Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հերթական Նիստ

Մարտ 20, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 20 մարտ 2024-ին, «Շաղզոյեան » կեդրոնին մէջ:

Խորհրդակցական նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով կազմակերպելի ձեռնարկներուն:

Ժողովը արձանագրեց.

Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ձեռնարկներուն ներգրաւել կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական բոլոր շրջանակները:

Բ.- Կոչ ուղղել երիտասարդական եւ ուսանողական բոլոր միաւորներուն` աշխուժօրէն մասնակցելու Ցեղասպանութեան ոգեկոչական թէ պահանջատիրական նախաձեռնութիւններուն:

Գ.- Ձեռնարկները նպատակաուղղել լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ ապահովել համալիբանանեան հնչեղութիւն ու զօրակցութիւն:

Դ.- Ընդգծել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն չդատապարտելը եւ հատուցում չպարտադրելը Թուրքիոյ առիթ հանդիսացած է, որ գործադրուին այլ ցեղասպանութիւններ:

Ե.- Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը նկատել մեր ժամանակներուն իրականացած ցեղասպանութիւն եւ պահանջել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնում:

Զ.- Շարունակուող ցեղասպանութիւններու շարքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առընթեր բարձրացնել  Լիբանանի սովամահութեան, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու զանգուածային ջարդերուն, Արցախի ցեղային զտումին եւ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանական արարքները:

Է.- Յառաջացնել կեդրոնական յանձնախումբ եւ  անոր կից գործող ենթայանձնախումբեր` միասնական ձեւով հերթական անգամ ամրագրելու լիբանանահայութեան միասնականութիւնը, մեր պահանջատիրական երթի շարունակականութիւնը եւ մեր բոլոր իրաւունքներու վերականգնման համար անտեղիտալի պայքարը:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները խորապէս համոզուած են, որ լիբանանահայութիւնը ստուար շարքերով պիտի մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ձեռնարկներուն եւ վերանորոգէ համազգային պահանջատիրութեան իր յանձնառութիւնը:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հետաքրքրական Ծաղկազարդի Խորհրդանիշ Տիկնիկը` Նուրին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?