Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 65-րդ Առցանց Լսարան. «Իր Հոգեւոր-Մշակութային Ժառանգութեան Գիտակից Եւ Զայն Արժեւորող Արցախի Ժողովուրդն Է, Որ Կրնայ Պաշտպանել Համամարդկային Այս Արժէքները». Արմինէ Տիգրանեան

March 22, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 65-րդ լսարանի նիւթն էր Արցախի մշակութային ժառանգութեան  միջազգային իրաւական գործիքակազմերը: Դասախօսն էր Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբան, մշակութային ժառանգութեան միջազգային փորձագէտ Արմինէ Տիգրանեանը, որ վերջերս այս թեմայի մասին զեկուցած էր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը նիւթի սահմանումին ընթացքին շեշտեց ինքնութեան պահպանման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մշակութային ժառանգութեան շարունակականութեան ուղղութիւններու փոխկապակցուածութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Մանրամասնօրէն ներկայացուց Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը` Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ապօրինի վերակառուցման եւ նենգափոխման, եւ ինքնութեան ձեւախեղման իրականացումներով յատկանշուած:

Մշակութային ժառանգութիւնը ոչ թէ անցեալ, այլ ապագայ դաւանելու հայեցակարգի պարզաբանումով`  դասախօսը նշեց նաեւ այն բոլոր յանցագործութիւնները, որոնք կը գործադրէ Ազրպէյճանը Արցախի ժողովուրդը իր ինքնութենէն զրկելու նպատակով: Խնդիրը պայմանաւորելով մարդկային իրաւունքի, հոգեւոր մշակութային տարածքներ անարգել այցելելու եւ յատկապէս ազգի գոյատեւման ու զարգացման առաջադրանքները կատարելու տեսակէտէն` ան պարզեց այն բոլոր բաղադրիչները, որոնք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն` իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն:

Իբրեւ միջազգային գործիքակազմեր հոգեւոր- մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ ոչնչացման քաղաքականութեան դէմ դնելու, Արմինէ Տիգրանեան նշեց` Հռոմի կանոնադրութիւնը, Ժընեւի ուխտը, Լա Հէյի միջազգային արդարադատութիւնը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն  ցեղասպանութեան Լեմքինի անուան հիմնարկը, Մոնումընթ ուաթչը:

Մէջբերելով իւրաքանչիւր կանոնադրութեան եւ հռչակագիրի համապատասխան յօդուածը` Արմինէ Տիգրանեան նպատակայարմար նկատեց, որ սփիւռքեան կազմակերպութիւններ եւս թիրախաւորեն միջազգային ատեանները եւ այնտեղ հետապնդեն հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը, յատկապէս` մշակութային ժառանգութեան տարածքներ մուտք տրամադրելու պահանջը ներկայացնելով:

Իր հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան գիտակից եւ զայն արժեւորող Արցախի ժողովուրդն է, որ կրնայ պաշտպանել համամարդկային նշանակութիւն ունեցող այս արժէքները, հաստատեց դասախօսը:

Արմինէ Տիգրանեան պատասխանեց լսարանականներու հարցումներուն: Անոնք ընդգծեցին, որ հայրենի պետականութիւնը համարժէք աշխատանք չի տանիր այս կարեւոր խնդրին ուղղութեամբ, որ մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական արարքներուն:

Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ լսարան»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=Lp1bLn6WwuE

Նախորդը

Զարեհ Սրբազան Զարեհ Կաթողիկոսի Մասին…

Յաջորդը

Ոսկիի Չափ Արժէքաւոր Քաքաոն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.