Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի մէջ ունեցած իր այցելուներուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը միջազգային եւ արաբական առումով կը շարունակէ դիւանագիտական իր ճիգերը` կասեցնելու համար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները ցարդ դրական են` աւելցնելով սակայն, որ կարելի չէ գրաւ դնել իսրայէլեան որեւէ կեցուածքի նկատմամբ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Այթա Շաապ, Քֆարքիլա, Ատայսէ, Հուլա, Համամեսի բարձունք, Խիամ, Ասաֆիրի հովիտ, Նաքուրա եւ Ալմա Շաապ շրջանները:
Դիմադրութեան մարտիկները երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:45-ին թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին բռնագրաւուած Քֆարշուպայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Շլոմի եւ Նաթուհա բնակեցման վայրերը` թիրախ դարձնելով այդ շրջաններուն մէջ բնակող իսրայէլացի զինուորները:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Զըրհիթ բնակեցման վայրը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցած այն շէնքին, ուր իսրայէլացի զինուորներ կը գտնուէին:
Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամոթ Նեֆթալի բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլացի զինուորներով բնակուած շէնք մը:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մթըլլէ դիրքն ու հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումն ու հրասայլ մը:
Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ եւ պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:


