Գլխաւոր լուրեր

Պեն Ղաֆիր. «Պայտըն Կը Վնասէ Կազայի Մէջ  Իսրայէլի Պատերազմական Ջանքերուն»

Պեն Ղաֆիր. «Պայտըն Կը Վնասէ Կազայի Մէջ Իսրայէլի Պատերազմական Ջանքերուն»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտարարեց. «Պայտըն կը խոչընդոտէ Կազայի մէջ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն»: Ան այս մասին յայտնեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Պեն Ղաֆիր ամերիկեան օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Համասը ոչնչացնելու համար մեծ ազատութիւն կ՛ընծայէ»: Ծայրայեղ աջակողմեան քաղաքական գործիչը ըսաւ, որ պէտք է Կազայի բնակիչները քաջալերել կամաւոր կերպով տեղահանուելու, եւ այդ...

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Պայտընին  Կոչ Ուղղած Են Օդային Ճամբով Արցախի  Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցնելու  Տարբերակը Ուսումնասիրելու

Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտականները Ազրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւ Ամերիկեան Աջակցութեան Վերատեսութեան Վերաբերեալ Բանաձեւ Ներկայացուցած Է

Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ Էտ Մարքին եւ Պիլ Քեսըտի ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որով զեկուցում կը պահանջեն Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու կացութեան վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Բանաձեւը արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկատուութիւն կը պահանջէ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ` թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ ալ Արցախի դէմ անոր շարունակական զինուորական յարձակումին ժամանակ, որ յանգեցուցած է հայ բնակչութեան ցեղային...

Յառաջիկայ Շաբաթ Լիբանանի Համար Կրնայ  Նոր Զարգացումներու Շաբաթ Մը Ըլլալ

Յառաջիկայ Շաբաթ Լիբանանի Համար Կրնայ Նոր Զարգացումներու Շաբաթ Մը Ըլլալ

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ հարաւային Լիբանանի սահմանազատման թղթածրարներուն համար յառաջիկայ շաբաթ կրնայ ըլլալ նոր զարգացումներու շաբաթ մը: Վստահելի աղբիւրներ հաղորդած են, թէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին պիտի այցելէ Լիբանան` միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ: Կը նախատեսուի, որ ան Պէյրութ այցելէ երկուշաբթի գիշեր, ուր պիտի քննարկէ երկիրը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ...

Քաթար. «Իսրայէլ Եւ Համաս Սկզբունքային  Համաձայնութիւն Տուին Նոր Գործարքի Առաջարկին»

Քաթար. «Իսրայէլ Եւ Համաս Սկզբունքային Համաձայնութիւն Տուին Նոր Գործարքի Առաջարկին»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց, որ Համաս «դրական նախնական հաստատում» փոխանցած է Կազայի մէջ զինադուլի եւ գերիներու ազատ արձակման առաջարկին: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: «Փարիզի մէջ գումարուած ժողովը յաջողեցաւ միախառնել առաջարկները… Իսրայէլեան կողմը համաձայն գտնուեցաւ այս առաջարկին, իսկ այժմ Համասի կողմէ դրական նախնական հաստատում ունինք», յայտնեց Անսարի, սակայն աւելցուց. «Տակաւին մեր դիմաց շատ դժուար ճամբայ...

Ակնարկ.  Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պարտադրել Բոլոր Նախապայմանները

Ակնարկ. Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պարտադրել Բոլոր Նախապայմանները

Ալիեւ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ միւս  փաստաթուղթերուն մէջ փոփոխութիւններու պարագային կարելի կը դառնայ խաղաղութեան հասնիլ: Այս յայտարարութեան նախօրէին արդէն Հայաստանի վարչապետը ազդարարած էր գործող Սահմանադրութիւնը փոխելու իր որոշման մասին: Այս ձեւով պարզ կը դառնայ, որ պահանջը հնչած է Պաքուէն: Առաջին անգամը չէ, որ Պաքուն ներկայացնողը նման պահանջ կ՛արծարծէ: Այս անգամ գործընթացներու մեկնարկի մասին է խօսքը: Պաշտօնական յայտարարութիւնները...

Թուրքիան Կ՛ուսումնասիրէ Իսրայէլի Դէմ Միջազգային  Քրէական Դատարանին Մէջ Հայց Ներկայացնելու Հարցը

Հայաստանի Համար Ուժի Մէջ Մտաւ Հռոմի Կանոնադրութիւնը

Հայաստան երէկ պաշտօնապէս միացաւ Միջազգային քրէական դատարանին. Հայաստանի համար 1 փետրուարէն ուժի մէջ մտաւ Հռոմի կանոնադրութիւնը: Հայաստանի խորհրդարանը 3 հոկտեմբեր 2023-ին միայն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան 60 թերքուէներով վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան 14 հոկտեմբեր 2023-ին զայն ստորագրեց, որմէ ետք արտաքին գործոց նախարարը այդ մասին տեղեկացուց Միջազգային քրէական դատարանին: Ազգային ժողովի քուէարկութենէն շուրջ երկու ժամ ետք...

Լիբանանի Մէջ. Տէյվիտ Քամերոն Կ՛ընդգծէ Կազայի Մէջ Զինադուլ  Հաստատելու Առաջնահերթութիւնը

Լիբանանի Մէջ. Տէյվիտ Քամերոն Կ՛ընդգծէ Կազայի Մէջ Զինադուլ Հաստատելու Առաջնահերթութիւնը

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ բանակի հրամանատարին հետ: Քամերոն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պըրրի Քամերոնի ներկայութեան ընդգծեց, որ Իսրայէլ թիրախ կը դարձնէ լիբանանցի քաղաքայիններ, ինչպէս...

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Ամէն Օր Ճնշում  Կը Բանեցնէ Իսրայէլացիներուն Վրայ»

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Ամէն Օր Ճնշում Կը Բանեցնէ Իսրայէլացիներուն Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Կազայի մէջ «բախում չունենալու» մարտահրաւէրը Կազայի մէջ կարիքաւորներուն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու դիմաց մեծագոյն խոչընդոտն է: Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխարհի տարածքին գործող պաշտօնեաներու ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն դէպի խիտ բնակեցուած տարածք մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւն հասցնելու եւ քաղաքայինները աւելի լաւ ձեւով պաշտպանելու համար «ամէն օր» ճնշում կը բանեցնէ իսրայէլացիներուն...

Զախարովա. «Երեւան-Պաքու Հաշտեցման`  Այլընտրանք Չունեցող Ճամբու Քարտէսը  Եռակողմ Համաձայնութիւններն Են»

Զախարովա. «Երեւան-Պաքու Հաշտեցման` Այլընտրանք Չունեցող Ճամբու Քարտէսը Եռակողմ Համաձայնութիւններն Են»

Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման լաւագոյն երաշխիքը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու թղթածրարը կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչելն է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Երեւան Պաքուին առաջարկած է չյարձակելու մասին պայմանագիր...

Վառելանիւթի Եւ Դեղորայքի Տագնապներու  Նախանշանները Սկսած Են Երեւիլ

Վառելանիւթի Եւ Դեղորայքի Տագնապներու Նախանշանները Սկսած Են Երեւիլ

Լիբանանցի քաղաքացիները երէկ արթնցան վառելանիւթի, մասնաւորաբար պենզինի եւ մազութի տագնապի նախանշաններու լուրով մը, օրուան ընթացքին հաւանական դարձաւ նաեւ, որ այս տագնապը ներառէ պիւթակազը եւս, իսկ յետմիջօրէին դեղորայքի տագնապի հաւանականութեան համեմատութիւնը բարձրացաւ: Մինչ քաղաքացիները իրենց առօրեային եւ աշխատանքներուն սպառնացող այս նոր տագնապին լուծման նշոյլներուն կը սպասէին, Սահմանադրական խորհուրդը պայթեցուց այլ անակնկալ մը, երբ խորհուրդին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ պետական կառոյցներու պետերուն...

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարար.  «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար  Ժամանակի Կը Կարօտինք»

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար Ժամանակի Կը Կարօտինք»

Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց. «Մենք Միջին Արեւելքի մէջ աճող լարուածութեան խաղաղ լուծումի մը որոնումը կը քննարկենք»: Այս մասին հաղորդեց «Ֆոքս Նիուզ»-ը: «Մենք զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համար աշխատելու համար ժամանակի կը կարօտինք», նշեց ան: «Ազատ արձակուելիք գերիներուն թիւը չճշդուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ պատերազմին վերջ տալու եւ...

Ակնարկ.  Սթոքհոլմէն Եկած Անգարայի Հարուածը Մոսկուային

Ակնարկ. Սթոքհոլմէն Եկած Անգարայի Հարուածը Մոսկուային

Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի  անդամակցութեան դէմ դրուած արգելքի վերացումը սպասուած քայլ էր: Ուաշինկթընը առաջադրած էր սկանտինաւեան երկու երկիրներու անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին: Պայմաններ բեմադրելէ եւ  պատրուակային ձգձգումներէ ետք պարզ էր, որ Անգարան համաձայն պիտի ըլլար ըստ էութեան Ռուսիոյ դաշնութիւնը ՕԹԱՆ-եան ուժերով դարպասելու Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս հաւաքական Արեւմուտքի պահանջին: Խնդիրը ուղղակիօրէն դրուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ Անգարային ի վերջոյ շատ խուսանաւելու...

27-28 Յունուար, Ի Պաշտպանութիւն Արցախի,  Տեղի Ունեցաւ Համաեւրոպական  Երկրորդ Մեծ Ձեռնարկը

27-28 Յունուար, Ի Պաշտպանութիւն Արցախի, Տեղի Ունեցաւ Համաեւրոպական Երկրորդ Մեծ Ձեռնարկը

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը անցեալ շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն ետք հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը 2024 թուականի յունուարի 27-28-ը անցկացրեց իր տեսակի մեջ երկրորդ համաեւրոպական համախմբումը` ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովրդի: Առաջինը` 2023 թուականի հոկտեմբերի 1-ին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելում եւ եւրոպական 13 քաղաքներում կազմակերպուած բողոքի համաժամանակեայ ցոյցերն էին: Այս անգամ, աւելի քան 50 եւրոպական քաղաքներում կազմակերպուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց  Տուպայի Լիբանանեան Հիւպատոսարան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Տուպայի Լիբանանեան Հիւպատոսարան

Երկուշաբթի, 29 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Տուպայի լիբանանեան հիւպատոսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ հիւպատոս Ասսաֆ Տումիթի եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակային հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականները, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան եւ...

Նախագահական Ընտրութեան Առումով  Դրական Նշոյլնե՞ր

Նախագահական Ընտրութեան Առումով Դրական Նշոյլնե՞ր

Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը նոր թափով պիտի վերսկսի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու աշխատանքին եւ պիտի փորձէ «վնասազերծել» այդ գործընթացին ճամբուն վրայ ցանուած «ականներ»-ը: Այս շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի դեսպաններ Լայզա Ճոնսընը, Էրվէ Մակրոն, Ուալիտ Պուխարին, Ալա Մուսան եւ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման...

Հանիէ. «Կը Սերտենք Փարիզի Առաջարկը,  Եւ Մեր Պատասխանը Կազայի Վրայ Յարձակումը  Դադրեցնելու Եւ Բռնագրաւման Ուժերը  Հեռացնելու Հիմամբ Պիտի Ըլլայ»

Հանիէ. «Կը Սերտենք Փարիզի Առաջարկը, Եւ Մեր Պատասխանը Կազայի Վրայ Յարձակումը Դադրեցնելու Եւ Բռնագրաւման Ուժերը Հեռացնելու Հիմամբ Պիտի Ըլլայ»

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ, մեկնաբանելով Փարիզի մէջ կիրակի, 28 յունուարին գումարուած ժողովն ու անոր ընթացքին քննարկուած` Կազայի պատերազմի դադրեցման եւ գերիներու ազատ արձակման գաղափարները, յայտնեց. «Շարժումը ստանձնեց ժողովի ընթացքին քննարկուած առաջարկը, զայն կը սերտէ եւ իր պատասխանը պիտի տայ Կազայի վրայ դաժան յարձակումի դադրեցման եւ բռնագրաւման ուժերու ամբողջովին Կազայէն դուրս քաշուելուն հիմամբ, ուստի շարժումը բաց է...

Այցելութիւն Արամ Մանուկեանի Յուշարձան.  «Պիտի Մղենք Գաղափարական Մեր Պայքարը»

Այցելութիւն Արամ Մանուկեանի Յուշարձան. «Պիտի Մղենք Գաղափարական Մեր Պայքարը»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ու «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներն ու քաղաքացիներ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրուան առիթով երէկ ծաղիկներ խոնարհեցին անոր յուշարձանին: «Արամ Մանուկեանը օրինակ կը ծառայէր իր ներկայութեամբ, իր գաղափարներով, ինքնիշխան Հայաստանով, միայն սեփական ուժերուն վրայ յենելով, թշնամիին առջեւ գլուխ...

Եւրոպահայութիւնը Կը Շեշտէ Իր Յանձնառութիւնը`  Շարունակելու Պայքարը Արցախահայութեան  Իրաւունքներուն Պաշտպանութեան Համար

Եւրոպահայութիւնը Կը Շեշտէ Իր Յանձնառութիւնը` Շարունակելու Պայքարը Արցախահայութեան Իրաւունքներուն Պաշտպանութեան Համար

27 յունուար 2024-ին, ինչպէս նախատեսուած էր, ծայր առաւ երկու օրերու վրայ երկարող «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած` իր տեսակին մէջ երկրորդ բողոքի ցոյցերու շարքը: Առաջինը տեղի ունեցած էր 1 հոկտեմբեր 2023-ին, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ: Նախապէս մամուլին յղած իր հաղորդագրութեան մէջ շարժումը «Պայքարը պէտք է շարունակուի» հրամայականին տակ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի հայերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւրոպացի բարեկամներուն 27 եւ...

Նեթանիահուի Գրասենեակը Փարիզի Բանակցութիւնները «Շինիչ» Կ՛որակէ

Նեթանիահուի Գրասենեակը Փարիզի Բանակցութիւնները «Շինիչ» Կ՛որակէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ կիրակի օր Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման գործարքին շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան հասնելու նպատակով տեղի ունեցած բանակցութիւնները «շինիչ» էին` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ գոյութիւն ունին «մեծ բացեր», որոնք կողմերը այս շաբթուան ընթացքին գումարուելիք յաւելեալ ժողովներու ընթացքին պիտի քննարկեն: Փարիզի ժողովին մասնակցած էին «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզը, Մոսատի եւ Շապաքի ղեկավարներ...

Իսլամապատ Այցելելով`  Ապտոլլահեան. «Ահաբեկչութեան  Պիտի Չարտօնենք Իրանի Եւ Փաքիստանի  Յարաբերութիւնները Քայքայել»

Իսլամապատ Այցելելով` Ապտոլլահեան. «Ահաբեկչութեան Պիտի Չարտօնենք Իրանի Եւ Փաքիստանի Յարաբերութիւնները Քայքայել»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ իր փաքիստանցի պաշտօնակից Ապպա Ժիլանիի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը ահաբեկչութեան պիտի չարտօնէ Իրանի եւ Փաքիստանի յարաբերութիւնները քայքայել: «Հասարակաց սահմանամերձ շրջաններ գտնուող ահաբեկիչները անկասկած կը գործադրեն հրամանները երրորդ երկրի մը, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն կայունութիւնը չ՛ուզեր», ըսաւ Ապտոլլահեան` աւելցնելով. «Այսօր համաձայնեցանք երկկողմանի...

Page 187 of 796 1 … 186 187 188 … 796

Արխիւներ