Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Էական Աջակցութիւն Եւ Անվտանգային Պատասխանատուութիւն` Պրիւքսելեան Եռակողմի Նախօրէին

Ապրիլ 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումի նախօրեակին քանի մը կարեւոր հրապարակում պէտք է նկատի ունենալ` նախանշելու համար կարեւոր հանդիպումին հետ կապուած գործընթացները:

Նախ պարզ է, որ հաւաքական Արեւմուտքի առաջադրանքը` ռուսական գործօնի տարածաշրջանին մէջ չէզոքացման առումով, կը հեռակառավարուի Ուաշինկթընէն, եւ աւելի  անմիջականութեամբ Փարիզէն, ի հարկէ դերերու համակարգումով:

Եռակողմի ձեւաչափը ինքնին Պրիւքսել, Ուաշինկթըն եւ Երեւան դերերու բաշխումի եւ հաւաքական Արեւմուտքի համակարգումին մասին կը խօսի:

Այս առաջադրանքը բանաձեւուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ կայացած խորհրդակցութիւններէն ետք: Ուրեմն, պաշտօնական Փարիզին համաձայն, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը այսօր Ազրպէյճանի կողմէ կասկածի տակ կը դրուի:  մտահոգութիւն կը յարուցէ հռետորաբանութիւնը Ազրպէյճանի, որ կը փորձէ կեղծ տեղեկատուութիւն տարածելով Հայաստանի վրայ բարդել մագլցումի պատասխանատուութիւնը: Հայաստանը հաւանաբար միակ երկիրն է, որ կ՛ուզէ եւ կը փորձէ խուսափիլ աշխարհի այդ հատուածին մէջ տագնապէ: Ազրպէյճան-Հայաստան այսօրուան լարուած վիճակը ֆրանսացի նախարարը համեմատած է Ռուսիա-Ուքրանիա յարաբերակցութեան հետ:

Ահա այստեղ է բուն հանգոյցը: Պաքուն իր ռազմավարական գործընկերութիւնը կը խորացնէ Մոսկուայի հետ: Քննադատութիւններու բուն պատճառը այս գիծին կը վերաբերի: Համեմատութիւնը կը բնութագրէ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ հաւաքական Արեւմուտքի մօտեցումը: Ռուսիան սպառնալիք է Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան, իսկ Ազրպէյճանը` Հայաստանի:

Այս համեմատութիւնը շատ աւելի ուղղակի ուղերձի բնոյթով էր Ֆրանսայի վարչապետին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ: Այնտեղ կ՛ըսուէր, որ Հայաստանի անկախութեան սպառնալիք է Ռուսիան:

Պաշտօնական Փարիզի այս յայտարարութիւններու շարքին կը պատկանի Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին կատարած հրապարակումը առ այն, որ Իրանն ու Ֆրանսան պաշտպան են Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Այստեղ ալ դիւանագիտական ըսելաձեւով կ՛ընդգծուի նոյն առանցքը: Իրանը վճռական է Սիւնիքի հարցով: Աւելի ուղղակի` դէմ է առաջադրուած «միջանցք»-ին: Հաւաքական Արեւմուտքը նոյնպէս դէմ է, որ այդ ճանապարհը բացուի նոյեմբերեան համաձայնութեան տրամաբանութեամբ, որովհետեւ այնտեղ յատուկ կէտ կայ, որ կը վերաբերի ռուս սահմանապահներու վերահսկողութեան գործառոյթին: Այստեղ կը համընկնին Թեհրանի եւ հաւաքական Արեւմուտքի շահերը:

Սիւնիքի ուղղութեամբ աւելի կը յստականան պատկերացումները, երբ Երեւանի մէջ Պրիւքսելի ներկայացուցիչը պարզ դարձուց, որ Եւրոպական Միութիւնը իր անդամ պետութիւններուն հետ 120 միլիոն եւրոյէն աւելի մեծ գումար կը յատկացնէ Սիւնիքի մէջ 35 տարբեր բնոյթի ծրագիրներ իրականացնելու համար: Յաւելելով, որ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է աջակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն`  պարզաբանելով, որ խօսքը էական աջակցութեան մասին է: Տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ էական աջակցութեան մասին է ակնարկը:

Համապատկերը աւելի կ՛ամբողջանայ այս մարզին մէջ, կարդալով լրատուութիւնը առ այն, որ դարձեալ Ֆրանսայի դեսպանը  կը յայտարարէ, որ Ֆրանսան պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ Հայաստանի նկատմամբ անվտանգութեան հարցերուն մէջ: Այս բոլորը, ի հետեւումն` Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարի այցելութեան:

Էական աջակցութիւն, անվտանգային պատասխանատուութեան ստանձնում եւ նման հռետորաբանութիւն պրիւքսելեան եռակողմին ընդառաջ, պարզ կը դարձնեն, որ Պրիւքսել-Երեւան համագործակցութեան կամ համարկման նոր ձեւաչափով համաձայնագիրի մը ստորագրութեան նախապատրաստութիւններուն փուլին մէջ են եւրոպական եւ հայկական կողմերը: Թէկուզ քրէական գործերու, դատական անկախութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վերաբերող կէտերու տարազով, այդուհանդերձ ըստ էութեան համարկումի նոր աստիճանաչափ գրանցելով:

«Ա.»

Նախորդը

«Ֆրանսան Անվտանգութեան Հարցերուն Մէջ Հայաստանի Նկատմամբ Պատասխանատուութիւն Կը Ստանձնէ» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Ապրիլ 2024)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?