Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Հըզպալլան Կը Մեղադրէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերը Թիրախ Դարձնելու Յանցանքով

Ապրիլ 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին հարաւային Լիբանանի Ռըմէյշ գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուած պայթումը, որուն պատճառով վիրաւորուած էին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջուն ջոկատի զինուորները, հետեւանք էր Հըզպալլայի կողմէ լարուած ականի մը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ականի մը պայթումին պատճառով վիրաւորուած են:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ հակառակ հարաւային սահմանագիծին վրայ արձանագրուող ապահովական մագլցումներուն, խաղաղապահ ուժերը գետնի վրայ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը:

Թինընթի ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ աշխատանքները, նոյնիսկ շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը կը շարունակուին` հանդարտեցնելու համար կողմերը եւ մեղմացնելու համար լարուածութիւնը:

Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Ֆարտիս, Եարին, Հուլա, Այթա Շաապ, Ռամիա, Ռըմէյշ, Պլիտա, Այնաթա, Մերժահիուն, Հըլթա, Քֆարշուպա եւ Արքուպ գիւղաքաղաքները:

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան ժամը 8:56-ին Այթա Շաապի վերեւ 60 ֆոսֆորային հրթիռ արձակեց, իսկ 5 ֆոսֆորային հրթիռներ արձակեց Ռամիայի ուղղութեամբ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Սըմմեքա դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքն ու Հաունին զօրանոցը, ուր կը գտնուէին լրտեսական սարքեր:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Նահարիա բնակեցման վայրին մօտ գտնուող Ղաշարհազիւ բնակեցման վայրը, ուղղակի հարուածներ հասցուցած հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ եւ պատճառած մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պրանեթ զօրանոցը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ուղղակի հարուածներ արձանագրեցին Խըլլաթ Ուարտէի մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Հասան Իպրահիմ Ալուլ միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Կը Զօրակցի Պքերքէի Երկխօսութեան

Յաջորդը

«Յարութիւն Արսլանեան Վարչական Բաժին»-ի Անուանակոչում` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?