Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը միայն Երուսաղէմի եւ Աքսայի համար չէր` աւելցնելով, որ մարտիկները կը շարունակեն զոհուիլ սրբազան պատերազմի տարբեր ճակատներուն վրայ:
Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած փառատօնը կոչուեցաւ «Ազատականներու փառատօն»:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ պէտք է անդրադառնալ Դամասկոսի մէջ օրեր առաջ նահատակուած սիրելիներուն, որոնց մէջ էին ղեկավարներ, որոնք Դիմադրութեան առանցքի պատմութեան փայլուն էջերը կերտած են: «Այս բնորոշումով նկատի ունիմ նահատակ ղեկավար Մոհամետ Ռիտա Զահիտին, որ ծանօթ է իբրեւ հաժ Մահտաուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Դամասկոսի իրանեան հիւպատոսարանին վրայ գործուած իսրայէլեան յարձակումը անկիւնադարձային է եւ անկէ առաջ ու անոր յաջորդող փուլեր պիտի ըլլան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի մնայուն կերպով զօրակցութիւն յայտնած է Պաղեստինեան հարցին եւ այդ իմաստով Իրան հսկայական զոհողութիւններ տրամադրած է` տնտեսապէս, քաղաքական եւ ապահովական գետնի վրայ: «Իրանի վրայ յարձակումներուն ու պատերազմներուն բռնկումը եւ Իրանի հետ թշնամանալու պատճառը` Իսրայէլի, Երուսաղէմի եւ պաղեստինեան Դիմադրութեան նկատմամբ Իրանի տեսակէտներն են», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իրան մինչեւ օրս կը մերժէ ուղղակիօրէն բանակցիլ ամերիկացիներուն հետ, մինչդեռ աշխարհի մեծ պետութիւնները կը փափաքին խօսակից դառնալ ամերիկացիներուն հետ: «Նոյնիսկ հիւլէական թղթածրարին հարցով Իրան կը մերժէ բանակցիլ ամերիկացիներուն հետ, եւ այդ մէկը ունի իր փիլիսոփայութիւնն ու կեցուածքը: Ամերիկեան կողմը միշտ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իրանցիներուն հետ ուղղակի բանակցելու, սակայն այդ իմաստով իրանցիները չեն խաբուիր», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իրան կը մերժէ ամերիկացիներուն հետ բանակցիլ նաեւ շրջանային հարցերով:
Ան հարց տուաւ, որ եթէ Իրան համաձայն գտնուի Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու, կը կարծէ՞ք, որ ան տակաւին շրջափակումի ենթակայ կը մնայ: «Հետեւաբար ո՛վ որ համոզուած է, որ Կազայի, Իրաքի եւ Եմէնի իրադարձութիւններն ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները կը սպասեն ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններուն, ապա անիկա անճիշդ մօտեցում է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իրան իր կեցուածքներով է եւ կը մնայ իսկական ապաւէնը բոլոր անոնց, որոնք բռնագրաւումին դէմ կը կռուին: «Ան կը դիմադրէ Պաղեստինի, Լիբանանի ու շրջանին մէջ եւ նեցուկ կանգնելով Դիմադրութեան ձախողեցուցած է բռնագրաւումի բազմաթիւ ծրագիրներ եւ գործարքներ, ինչպէս նաեւ օժանդակած է Լիբանանի եւ պաղեստինեան ու շրջանային յաղթանակներուն», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը պատիւ ունի Իրանի դաշնակիցը ըլլալու` աւելցնելով, որ Իրանի հետ գործակցիլն ու անոր դաշնակիցը ըլլալը այս դարուս պատիւ եւ մարդկային արժանապատուութիւն կը յուշէ:
«Ո՛վ որ պէտք է ամօթանք զգայ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնողն է եւ Իսրայէլը պաշտպանողն ու անոր ոճիրները արդարացնողը: Ամչցէ՛ք Իսրայէլի հետ ունեցած ձեր բարեկամութենէն եւ դաշինքէն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլի հետ դաշնակցող բոլոր երկիրներուն, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որուն ամբողջ վարչակազմը պատասխանատու է Կազայի երեխաներուն արեան հեղումին:
«Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը պատերազմէ չի վախնար եւ կազմ ու պատրաստ է անոր: Դիմադրութիւնը ցարդ ճակատամարտը ղեկավարած է յստակ տեսլականով եւ ռազմավարութեամբ: Մենք տակաւին մեր հիմնական ուժը նկատուող զէնքերն ու զինամթերքը չենք սկսած օգտագործել եւ հոգեպէս, բարոյապէս, զինուորապէս ու ֆիզիքականօրէն պատրաստ ենք պատերազմի, որուն ընթացքին Իսրայէլ պիտի զղջայ Լիբանանի դէմ արձակելիք իր իւրաքանչիւր հրթիռին համար», եզրափակեց ան:


