Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Կը Շարունակէ Քանդել Հարաւային Լիբանանը

April 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի երէկ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի թէժ եւ մտահոգիչ կը դառնայ:

Թինընթի ընդգծեց, որ պատերազմի հաւանականութիւնը բարձր է եւ տիրող կացութիւնը ծայր աստիճան վտանգաւոր:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան մը կատարման հաւանականութիւնը առկայ է:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Հուլա, Այթա Շաապ, Ռամիա, Ռըմէյշ, Հըլթա, Քֆարշուպա, Պլիտա, Այնաթա, Ֆարտիս, Եարին, Մերժահիուն, Ալմա Շաապ, Քֆարքիլա, Ըմ Թութ եւ Արքուպ գիւղաքաղաքները:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մթըլլէ բնակեցման վայրը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրեց հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ ու պատճառեց մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Լիման փաղանգի զօրանոցը եւ պատճառեցին նիւթական վնասներ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ուղղակի հարուածներ հասցուցին իսրայէլեան Պայատ Պլիտայի դիրքին եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը, ինչպէս նաեւ թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին Մազարեհ Շեպաայի Ռուեյսեթ Քարըն դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Սեփական Մարզի Պաշտօնեաներուն Նուազագոյն Աշխատավարձը 18 Միլիոն Լ. Ոսկիի Վերածել` 9 Միլիոն Լ. Ոսկի Փոխադրածախսի Կողքին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.