Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Զատկուան Պատարագ. «Զատկական Աւետիսը Միայն Եկեղեցւոյ Մէջ Պիտի Չլսենք Ու Չապրինք, Այլ` Զայն Պէտք Է Զգանք Մեր Տուներուն, Մեր Ընտանիքներուն, Մեր Համայնական Կեանքի Վիճակներուն Մէջ» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ապրիլ 3, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 31 մարտ 2024-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ խորհրդալից է զատկական առաւօտուն մեր եկեղեցիներուն մէջ լսել յարութեան աւետիսը` նկատել տալով, որ եթէ Յիսուսի յարութեան այս առաւօտը պատճառ կը հանդիսանայ, որ մեր մէջ հոգեկան յաղթականի ձգտում մը քաջալերուի, ապա այս օրը արժէք ունի ոչ միայն անհատապէս մեզի համար, այլեւ` կրնայ հոգեւոր շարժում ստեղծել մեր շուրջ եւ մարդոց հոգիները ուղղել դէպի Աստուած:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր կեանքը չի կրնար բարձրանալ ու բարգաւաճիլ միայն աղօթքով ու քարոզ մտիկ ընելով, այլ` կը յառաջդիմէ, երբ աւետարանական պատգամը ընդունելով նաեւ կը գործենք մեր եկեղեցւոյ, մեր ընկերութեան, մեր ազգին ու մեր հայրենիքին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան ու աշխարհին համար ամբողջական ճիգով, հաւատքով ու յանձնառութեամբ:

«Զատկական աւետիսը միայն եկեղեցւոյ մէջ պիտի չլսենք ու չապրինք, այլ` զայն պէտք է զգանք մեր տուներուն, մեր ընտանիքներուն, մեր համայնական կեանքի վիճակներուն մէջ, ուր սրբութեան գիտակցութիւն պէտք է սերմանենք մեր շուրջ, բարոյական վիճակ աճեցնենք ու մեր օրինակով մեր ընկերութեան անդամներուն սիրտը շարժենք եւ անոնց ալ կեանքի ընթացքը դէպի Աստուած ուղղենք», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ Յիսուս աշխարհ եկաւ, մեզի հետ ապրեցաւ եւ աստուածային կեանքին հրաւէրը մեզի փոխանցելով մեզի թելադրեց հետեւիլ իր օրինակին:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ կ՛ապրինք արտասովոր կեանքի պայմաններու մէջ եւ մեզ այլասեռող ու քայքայող օտարամուտ բարքերը ամէն օր ու ամէն տեղ իրենք զիրենք կը պարտադրեն մեզի: Մեր դիմաց յարուցուած դժուարութիւնները շատ մեծ են: Մեր շուրջ ընտանիքներ կը քայքայուին, կրօնական, հոգեւոր ու ազգային նուիրական սկզբունքներ, որոնք դարեր շարունակ մեր կեանքը վարած են, սկսած են կորսնցնել իրենց տեղը մեր կեանքին մէջ, հին օրհնութիւնը սկսած է փոշիանալ ու ընդմիշտ հեռանալ մեր կեանքէն եւ պատճառ հանդիսացած, որ տագնապներու բոյն դառնայ մեր զաւակներուն ալ կեանքը: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ այսուհետեւ ի՞նչ արժէքներով պիտի վերակենդանացնենք մեր կեանքը, ինչով նոր շունչ պիտի բերենք մեր առօրեային եւ ինչո՞վ պիտի վերագտնենք մեր սրբութիւնները, որոնց յենած` հասած ենք մեր օրերու պայմաններուն: Առաջնորդ  սրբազանը ըսաւ, որ աշխարհէն եկող այսքան արտաքին հարուածներու դիմանալ կարենալու համար, պէտք է գիտակից ըլլանք ներքին մեր արժէքներուն ու մեր պարտականութիւններուն, որպէսզի ձեռք ձեռքի տալով զիրար զօրացնենք ու Յարութեան տօնը շարունակենք ապրիլ նաեւ մեր երազներուն ու իտէալներուն հասնելու տենչով, դարձեալ ծաղկելու յոյսով եւ անմահութեան հասնելու տենդով:

«Կարիքը ունինք նուիրեալներու, որոնք առաքեալներուն օրինակով, նուիրում պահանջող պարտականութիւններ կրնան ստանձնել մեր կեանքին մէջ: Կարիքը ունինք նաեւ մարդոց, որոնք իրենց վարքով ու նկարագիրով կրնան Աստուծոյ ուժը արտայայտել եւ այդպիսով պաշտպանել այն, ինչ որ սուրբ է ու նուիրական: Կարիքը ունինք մարդոց, որոնց հոգիին մէջ հայրենասիրական կրակ կայ, որոնց սիրտը կը տրոփէ ազգին համար, որոնց հոգիին մէջ կը ճառագայթէ յաւիտենական հայրենիքին անուշ ու անջինջ պատկերը: Կարիքը ունինք մարդոց, որոնք կրնան մեր զաւակներուն հոգիները ուղղել դէպի ազգ եւ անոր փոխանցել հայութեան կեանքին շքեղ հաւատքը», շեշտեց սրբազան հայրը` հաստատելով, որ մեր կեանքը յաղթական ընթացքի կը վերածուի, երբ աշխարհի  մէջ գործակիցը կը դառնանք Աստուծոյ եւ անոր խորհուրդներով ու ցուցմունքով աշխարհին կը տանինք Կենդանի Քրիստոսը, որ աշխարհ եկաւ, Աստուծոյ կեանքին վերադարձնելու համար մարդը, որ նախասահմանուած է լոյսին մէջ ապրելով հասնելու իր իտէալական բարձունքին:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը Ս. Յարութեան տօնին առիթով ողջունեց թեմի հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը,  եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական կեանքին մէջ գործող կառոյցներու ու մարմիններու պատասխանատուները եւ ժողովուրդի բոլոր զաւակները` բարձրօրէն գնահատելով լիբանանահայ կեանքի յարատեւութեան համար բոլորին կողմէ թափուած անթիւ ու անհատնում ճիգերը:

Զատկական պատարագէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Նախորդը

Սուրբ Զատկուան Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումները

Յաջորդը

«Մեզի Պարտադրուած Տագնապներուն Դիմաց Պէտք Չէ Ընկճուիլ, Յուսահատիլ, Այլ Յարութեամբ Զինուած` Պէտք Է Շարունակել Մեր Հաւատքի Պայքարը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?