Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեզի Պարտադրուած Տագնապներուն Դիմաց Պէտք Չէ Ընկճուիլ, Յուսահատիլ, Այլ Յարութեամբ Զինուած` Պէտք Է Շարունակել Մեր Հաւատքի Պայքարը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 3, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթիլիասի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը

Կիրակի, 31 մարտ 2024-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ՄԵՐ Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ հայրապետական ս. պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Հաւատացեալներու կողքին, ս. պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը եւ պետական, կուսակցական, միութենական ու համայնքային ներկայացուցիչներ:

Վեհափառը իր պատգամին որպէս բնաբան` ընտրած էր Քրիստոսի այն խօսքը, որ կ՛ըսէ` «Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33): «Այո՛, Քրիստոս յաղթեց աշխարհին ո՛չ թէ սուրով, այլ` սիրով, ո՛չ թէ երկրաւոր իշխանութեամբ, այլ` երկնային ծառայութեամբ, ո՛չ թէ ուրիշներուն իրաւունքը գրաւելով, այլ` ուրիշներուն իրաւունքը պաշտպանելով: Քրիստոս յաղթեց աշխարհին խաչ բարձրանալով եւ խաչով յարութիւն կերտելով: Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի: Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի յաղթական յարութեան` դարերէն եկող ու դարերուն գացող»: Ապա Արամ Ա. խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին` ըսաւ. «Քրիստոս իր խորհրդական մարմնին` եկեղեցւոյ ճամբով կը յիշեցնէ մեզի, որ ինք իր յարութեամբ յաղթած էր չարին, մեղքին ու մահուան եւ` յարութիւն կերտած: Արդ, Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած` պայքարիլ աշխարհի չարերուն ու մեղքերուն դէմ: Ա՛յս է յարութեան ճամբան` մահուան դիմաց կեանքի յաղթանակի ճամբան»:

Խօսելով մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն մասին` Արամ Ա. ըսաւ. «Նայեցէք մեր պատմութեան. մեր ողջ պատմութեան ընթացքին շրջապատուած եղած ենք ահաւոր տագնապներով, պատերազմներով, հալածանքներով, ցեղասպանութեամբ, արտագաղթով. սակայն կրցած ենք յարութեան հաւատքով զօրացած` դիմակալել այս ահաւոր տագնապները եւ վերականգնիլ, վերաշինել մեր հայրենիքն ու վերահաստատել մեր ազգին միասնականութիւնը: Հետեւաբար ներկայ ժամանակներուն մեզի պարտադրուած տագնապներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուիլ, յուսահատիլ, այլ, յարութեամբ զինուած, պէտք է շարունակել մեր հաւատքի պայքարը` ի խնդիր մեր հաւաքական արժէքներու ու իտէալներու պաշտպանութեան»:

Ապա վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ` «Նման ճակատագրական պահերուն Հայ եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ եղած է` ինքզինք նոյնացնելով մեր ժողովուրդի տագնապներուն ու պայքարին հետ, իր հաւատքի առաքելութեան անբաժան մասը նկատելով հայրենիքի ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին միշտ պիտի մնայ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին»:

Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան` ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատի կողքին, շեշտելով Կազայի պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներուն վերահաստատումը: Իսկ խօսելով Լիբանանի ներքին կացութեան մասին`  ան դարձեալ յիշեցուց, որ նախագահի ընտրութիւնը անյետաձգելի պահանջ է, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդի ընկերատնտեսական տագնապի լուծումը:

Յաւարտ ս. պատարագին, հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ վեհարան, ուր բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը: Ապա հայրապետը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները` անգամ մը եւս աւետելով.  ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ: ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Հուսկ, հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ Զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց հոգեւոր պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ, ինչպէս նաեւ` մեր հաւատացեալ ժողովրդեան:

Նախորդը

Ս. Զատկուան Պատարագ. «Զատկական Աւետիսը Միայն Եկեղեցւոյ Մէջ Պիտի Չլսենք Ու Չապրինք, Այլ` Զայն Պէտք Է Զգանք Մեր Տուներուն, Մեր Ընտանիքներուն, Մեր Համայնական Կեանքի Վիճակներուն Մէջ» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Յաջորդը

Քոփիրքին. «Հայերու Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձի Հարցը Ռուսիոյ Համար Կարեւոր Է»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?