Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 2 ապրիլին Փարիզի մէջ իրենց հանդիպումի ընթացքին այլ հարցերու կողքին խօսած են նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մասին:
Հանդիպումին աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարած է, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը այսօր Ազրպէյճանի կողմէ կասկածի տակ կը դրուի: Նախարար Սեժուռնէ շեշտած է, որ մտահոգութիւն կը յարուցէ հռետորաբանութիւնը Ազրպէյճանի, որ կը փորձէ կեղծ տեղեկատուութիւն տարածելով Հայաստանի վրայ բարդել մագլցումի պատասխանատուութիւնը:
«Մենք խօսեցանք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մասին, որ այժմ կը գտնուի Ազրպէյճանի կողմէ սպառնալիքի տակ, եւ թոյլ տուէք ձեզի ըսել, թէ որքան մտահոգուած ենք այս առնչութեամբ` հաշուի առնելով, որ Պաքուի հռետորաբանութիւնը հետզհետէ աւելի չափէն դուրս կը դառնայ:
«Մենք հետզհետէ աւելի շատ կեղծ լուրեր կը տեսնենք, եւ անոնք յաճախ Հայաստանը կը մեղադրեն մագլցումի համար, թէեւ Հայաստանը հաւանաբար միակ երկիրն է, որ կ՛ուզէ եւ կը փորձէ խուսափիլ աշխարհի այդ հատուածին մէջ տագնապէ:
«Եթէ աւելի ուշադիր նայինք, ապա պիտի գտնենք բազմաթիւ հասարակաց տարրեր եւ պիտի նկատենք նմանութիւններ այն ամէնի հետ, որ տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք անոր Պաքուի մէջ «ՔՕՓ29»-էն 6 ամիս առաջ», ըսած է ան:
Պաքու Սեժուռնէի Մեղադրանքները
«Անհիմն» Կ՛որակէ
Պաքու «անհիմն» կ՛որակէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ժամանակ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հնչեցուցած մեղադրանքները եւ Փարիզին կոչ կ՛ուղղէ` «դադրեցնելու ապակառուցողական գործունէութիւնը»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդ մեղադրանքները «շրջանին մէջ ակնյայտ լարուածութիւն ստեղծելու եւ խաղաղ հոլովոյթը խոչընդոտելու Ֆրանսայի ջանքերու հերթական ակնյայտ օրինակն են»:
Պաքուի պնդումով` «ազրպէյճանական հողերը գրեթէ 30 տարի բռնագրաւումի տակ պահած Հայաստանը իբրեւ խաղաղասէր երկիր ներկայացնելը (…) կը վկայէ, թէ որքա՛ն կեղծ էր Ֆրանսայի վարած քաղաքականութիւնը թէ՛ անոր միջնորդութեան շրջանին, թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն ետք»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անթոյլատրելի կը նկատէ «Հայաստանը լայնօրէն վերազինող եւ շրջանին մէջ ռազմականացումը խրախուսող» Ֆրանսայի կողմէ Պաքուին յարձակողական հռետորաբանութեան մէջ մեղադրելը:
«Այն ժամանակ, երբ Ազրպէյճանը իբրեւ Կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի շրջանակային հռչակագիրի Կողմերու 29-րդ նստաշրջանի (ՔՕՓ29) կազմակերպիչ պատասխանատու դեր կը կատարէ, մենք կը նկատենք, որ Ֆրանսայի եւ ամբողջ աշխարհի համար աւելի շահեկան է խուսափիլ երկրի վարկի խաթարման ուղղուած եւ մեր նախագահութիւնը թիրախաւորող նման կոչերէն», կը յայտարարէ Պաքու: