Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը
ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակի, արցախեան հիմնախնդիրի, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, յատկապէս Արցախ հաւաքական վերադարձի հարցերը: Տեղեկութիւններ փոխանակուեցան հայրենիքի մէջ եւ համաշխարհային մակարդակով Արցախի հարցի արդարացի լուծման կապակցութեամբ կատարուած...



















