Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Երեւանը Ղարաբաղի Վերաբերեալ Որոշումներ Տուած Է ՕԹԱՆ-ի Ազդեցութեան Տակ»

Ապրիլ 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանը Ղարաբաղի վերաբերեալ որոշումներ տուած է ՕԹԱՆ-ի ազդեցութեան տակ, իսկ այն յայտարարութիւնները, թէ Մոսկուան Եւ ՀԱՊԿ-ն իբրեւ թէ շրջանին մէջ կացութեան սրման ժամանակ չեն օգնած Հայաստանին, սուտ են: Այս մասին «Զվեզտա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ես սուտի մէջ կը մեղադրեմ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան ու կը քարոզեն այդ գաղափարը: Ատիկա ճիշդ չէ, սուտ է: Ատիկա Երեւանի որոշումն էր Արեւմուտքի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք: Ես սուտի մէջ կը մեղադրեմ բոլոր անոնք, որոնք կը քարոզեն ու կը տարածեն Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի մեղքի գաղափարը այն որոշումներուն համար, որոնք ընդունած է Երեւանը Ղարաբաղի վերաբերեալ», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, արեւմտեան երկիրները յառաջ մղած են Արցախէն Հայաստանի պաշտօնական հրաժարման նիւթը, եւ Արցախի բնակիչներու իրաւունքները ոչ մէկ ձեւով ներառուած են կամ երաշխաւորուած այն փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ստորագրուած են ՕԹԱՆ-ականներու թելադրանքով:

«Գլխաւորը այն է, որ հիմա, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը տնօրինեն միւս տարածքները, գիւղերը, յիշեն եւ պատասխանատուութիւն կրեն իրենց որոշումներուն համար եւ ոչ ոքի վրայ չբարդեն իրենց սխալներու մեղքը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Գլխաւորը այն է, որ այժմ այդ անշնորհակալ քաղաքացիները ճակատագրական սխալ չգործեն` ստեղծելով այս սարսափելի սադրանքը, որ ոչ թէ սեփական շահերէ կը բխի, այլ անոնց դէմ է»:

Զախարովա նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նոր սրացումը կախեալ է միայն այն բանէն, թէ Երեւանը Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներուն եւ Բրիտանիոյ որքանո՛վ կ՛արտօնէ ապակառուցողականօրէն ազդել շրջանի եւ երկրի կացութեան վրայ:

Ան նաեւ ըսած է, որ Հայասանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ի զուր դարաւոր պատմութիւն ունեցող հայկական հին քաղաքակրթութիւնը կը համեմատեն Եւրոպական Միութեան հետ, «որ ներկայիս իսկապէս փակուղիի մէջ է»:

«Հայաստանը մշակոյթ է, պետական կառոյց, եւ ասոնք պետականութեան այն հիմքերն են, որոնց արմատները կ՛երկարին հազարամեակներու խորքը: Անոնք հազարամեայ պատմութիւն ունին», աւելցուցած է Զախարովա:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, Եւրոպական Միութիւնը «թոյլ կամք ունեցող, փլուզուող կառոյց է»:

Զախարովա ըսած է, որ ամբողջ աշխարհը «Եւրոպական Միութեան կը նայի իբրեւ ինքզինք չարդարացուցած փլուզուող կառոյց, որովհետեւ անիկա կորսնցուցած է իր գերիշխանութիւնը: Ասիկա ինքնին այն է, ինչ որ արեւմտեան համակարգողները կ՛ուզեն Հայաստանէն` ոչ պակաս, քան սեփական գերիշխանութեան կորուստը»:

Ըստ անոր, արեւմտեան երկիրները նման փորձեր կատարած են բազմաթիւ պետութիւններու մօտ: «Օրինակ` Սերպիոյ շատ բան խոստացած են` ներդրումներ, տնտեսական աջակցութիւն, սակայն խոստացուածէն ոչինչ կատարուած է», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Թող Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յիշեն եւ իմանան, թէ Միացեալ Նահանգները իրենց ամէնէն մօտ դաշնակիցները ինչի հասցուցած են: Այս է հարցը», աւելցուցած է ան:

Զախարովայի համաձայն, ՕԹԱՆ-ը արդէն մշակած է Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան քայքայման եւ ռազմաքաղաքական ապակայունացման ճամբու քարտէսը: «ՕԹԱՆ-ին ինչո՞ւ պէտք է այդ. որպէսզի ամբողջապէս ազդեցութիւն ձեռք բերէ ներսը տիրող կացութեան վրայ, իսկ յետոյ, եթէ յաջողի, Հայաստանի միջոցով ապակայունացնէ շրջանին մէջ կացութիւնը», նշած է Զախարովա:

Նախորդը

Սեժուռնէ. «Հայաստանը Հաւանաբար Միակ Երկիրն Է, Որ Կ՛ուզէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Տագնապէ Խուսափիլ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (4 Ապրիլ 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?