Գլխաւոր լուրեր

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդգծեց,  Որ Լաւագոյնը Շրջանային Տագնապին  Դիւանագիտական Լուծում Ապահովելն Է

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդգծեց, Որ Լաւագոյնը Շրջանային Տագնապին Դիւանագիտական Լուծում Ապահովելն Է

Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շալենպերկ ընդգծեց, որ լաւագոյնը շրջանային տագնապին դիւանագիտական լուծում ապահովելն է: Շալենպերկ հաստատեց Պաղեստինեան հարցին միջազգային լուծում ապահովելու կարեւորութիւնը, այնպիսի ձեւով, որ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու պաղեստինցիներուն իրաւունքը երաշխաւորուի եւ շրջանին մէջ կայունութիւնը հաստատուի: Շալենպերկ անդրադարձաւ նաեւ հարաւային...

Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Անոր Աշխատանքային Խումբը Անդադար Կ՛աշխատին Զինադուլի Հաստատման Համար Եւ Լաւատես Են»

Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Անոր Աշխատանքային Խումբը Անդադար Կ՛աշխատին Զինադուլի Հաստատման Համար Եւ Լաւատես Են»

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Պատանդները ազատ արձակելն ու քաղաքայիններուն օժանդակութիւնները հասցնելը գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որ իր աշխատանքային խումբին հետ անդադար կ՛աշխատի զինադուլի հասնելու, եւ անոնք լաւատես են»: Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Կազայի հարաւ արեւմուտքին մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններ ստանալու համար հերթի կանգնած քաղաքայիններու բազմութիւն մը` պատճառելով նուազագոյնը 112 զոհեր եւ 760 վիրաւորներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

«Մեղրիէն Անցնող Ճամբուն Վրայ Ռուսիոյ  Սահմանապահներու Վերահսկողութիւնը Տրամաբանական Է»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Մեղրիէն Անցնող Ճամբուն Վրայ Ռուսիոյ Սահմանապահներու Վերահսկողութիւնը Տրամաբանական Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՛ըսէին, թէ պատրաստ են շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման` հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան ծիրին մէջ գերիշխանութեան եւ օրէնսդրութեան սկզբունքներու հիման վրայ. Ազրպէյճանը չէ հրաժարած այս մօտեցումէն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Այս նիւթը նախապէս մանրակրկիտ քննարկուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ: Սակայն այս աշխատանքը...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

Սոյն թուականի փետրուարի 27-ին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան եթերում Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանն անդրադարձել է ցեղասպանութեան եւ նրա սպառնալիքի տակ Արցախից բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցների համար Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմից առաջարկուող աջակցութեան ծրագրերին: Մեր գնահատմամբ` փոխվարչապետի միջոցով արցախեան հանրութեանը մատուցուող Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմից նախատեսուող ծրագրերը համարժէք չեն տիրող իրավիճակին: Հարկ ենք համարում շեշտել, որ մինչ այժմ իրականացուած որեւէ ծրագիր...

Կառավարութիւնը Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն  Նուազագոյն Աշխատավարձը Վերածեց 400 Տոլարի

Կառավարութիւնը Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Նուազագոյն Աշխատավարձը Վերածեց 400 Տոլարի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 27 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Կառավարութեան նիստին զուգահեռ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ ժամը 3:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ բողոքի նստացոյց մը` հանգստեան կոչուած զինուորականներուն կողմէ: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը նուազագոյն աշխատավարձը վերածած է 400 տոլարի, իսկ...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Այն Հելուէ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Այն Հելուէ

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ֆատի Ալամէ, յանձնախումբի զեկուցաբեր, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալի Օսէյրան, Նատա Պուսթանի եւ Հայտար Նասեր, երէկ այցելեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քալուսի: Այցելութեան նպատակն էր հաստատել Լիբանանի զօրակցութիւնը ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աշխատանքի շարունակութեան եւ անոր մարդասիրական դերակատարութեան...

Ակնարկ.  Բախումներ Եւ Նոր Ծրագիրներու Նախադրեալներ

Ակնարկ. Բախումներ Եւ Նոր Ծրագիրներու Նախադրեալներ

Կը թուի, որ անիրատեսական չէ ժամանակաւոր զինադադարի համաձայնութիւնը Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ: Իւրաքանչիւր խաղաղ օրուան դիմաց մէկ պատանդի ազատ արձակում բանաձեւը բանակցային սեղանի վրայ է: Խօսքը վեցշաբաթեայ հրադադար հաստատելուն կը վերաբերի: Բանագնացները եռուզեռի մէջ են Տոհա-Գահիրէ- Փարիզ գիծին վրայ: Այս գործընթացները բնականաբար կ՛ընթանան Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի վերահսկողութեան ներքեւ: Աւելի կայուն զինադուլի հաստատման համար Թել Աւիւը կը փորձէ պատուաւոր ելք գտնել,...

Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի  Բանաձեւը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով

Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Բանաձեւը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 24-25 փետրուարին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը, Սպանիոյ Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան  կեդրոնատեղիին մէջ: Շուրջ հարիւր երկիրներէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախմբող մոլորակի մեծագոյն քաղաքական այս կազմակերպութեան ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛անդամակցի 1907 թուականէն, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն է, որ մասնակցած է...

Միցոթաքիս. «Մենք Երեւանի Կողքին Ենք`  Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան  Համաձայնագիր Ստորագրելու»

Միցոթաքիս. «Մենք Երեւանի Կողքին Ենք` Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրելու»

Մենք միշտ միջազգային օրէնքի կողքին ենք, մենք յստակ դէմ ենք ուժի սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկման: Մենք նուիրուած ենք իւրաքանչիւր երկրի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան յարգանքի սկզբունքներու: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս: Անոր համաձայն, իրենք կը հաւատան, որ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին միայն խաղաղ ճամբով, իսկ Հայաստանը 2023 թուականէն ի...

Հարաւային Սահմանագիծը Կը Մնայ Թէժ Ռմբակոծումներու Ենթակայ

Հարաւային Սահմանագիծը Կը Մնայ Թէժ Ռմբակոծումներու Ենթակայ

Մինչ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը` քննարկելու համար Լիբանանի դրամատուներուն եւ զանոնք կարգաւորելու հարցն ու օրակարգի վրայ գտնուող տարբեր կէտեր, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը մնայ թէժ բախումներու ենթակայ: Այս շրջագիծին մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարօ ընդգծեց, որ փոխադարձ հրթիռարձակումի իմաստով նախորդ քանի մը օրերը մտահոգիչ...

Պայտըն Յոյս Կը Յայտնէ Մինչեւ Յառաջիկայ  Երկուշաբթի Կազայի Մէջ Զինադադար  Հաստատելու, Սակայն…

Պայտըն Յոյս Կը Յայտնէ Մինչեւ Յառաջիկայ Երկուշաբթի Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատելու, Սակայն…

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, թէ յոյս ունի, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ մինչեւ 4 մարտ ձեռք բերուիլ: «Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականս (Ճէյք Սալիվըն, «Ա.») ինծի ըսաւ, որ մենք մօտ ենք: Մենք մօտ ենք, սակայն ատիկա տակաւին չէ կատարուած: Եւ ես յոյս ունիմ, որ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի պիտի ըլլայ զինադադար», ըսած է Ճօ...

«Հայաստան-Ֆրանսա Յարաբերութիւնները Երբեք Այսքան Վստահելի Եւ Յագեցած Չեն Եղած»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

«Հայաստան-Ֆրանսա Յարաբերութիւնները Երբեք Այսքան Վստահելի Եւ Յագեցած Չեն Եղած» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

32 տարի առաջ գրեթէ նոյն օրը` 24 փետրուար 1992-ին, Ֆրանսան եւ անկախ Հայաստանը հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ. «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին: «Այս յարաբերութիւնները երբեք այսքան վստահելի եւ յագեցած չեն եղած», հայերէնով գրած է դեսպանը:

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Պատերազմի  Սկիզբէն Ի Վեր Թշնամին Առաջին Անգամ Ըլլալով  Կը Ռմբակոծէ Պաալպեքը

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Թշնամին Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Ռմբակոծէ Պաալպեքը

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի սկիզբէն ի վեր թշնամին երէկ առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծեց Պաալպեքը` պատճառելով երկու զոհեր եւ վիրաւորելով ուրիշներ: Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պեքաայի մէջ ռմբակոծած են Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ օգտագործուած հակաօդային հրթիռային համակարգի կեդրոններէն մէկը: Ի պատասխան Պաալպեքի ռմբակոծումին, Դիմադրութեան մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի 60 հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան «Կոլանի» ջոկատի Նաֆահի զինուորական կեդրոնը: Կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ին, իսրայէլեան...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը  Քննարկեց Շրջանային, Լիբանանեան Եւ Համայնքային Խնդիրներ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Քննարկեց Շրջանային, Լիբանանեան Եւ Համայնքային Խնդիրներ

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հերթական նիստ գումարեցին երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։ Օրակարգը կը ներառէր շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը եւ լիբանանահայութեան առնչուած խնդիրներ։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Կազայի մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ջարդերուն, որոնք կ՛իրականանան միջազգային ընտանիքին լուռ ականատեսութեան եւ կրաւորականութեան դիմաց։ Ընդգծուեցաւ համեմատութիւնը Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական քաղաքականութեան հետ եւ այդ առումով հաստատուեցաւ Ազրպէյճանի...

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Եւ Մեկուսի  Վարչութիւններու Ատենապետներու Առցանց Ժողով

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Եւ Մեկուսի Վարչութիւններու Ատենապետներու Առցանց Ժողով

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին (Պէյրութի ժամով), տեղի ունեցաւ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներուն առցանց ժողովը, մասնակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ 27 շրջաններու ատենապետներու։ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան ժողովին ներկայացուց նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները՝ Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի (Հոկտեմբեր 2023, Ծաղկաձոր, Հայաստան) եւ Կեդրոնական Վարչութեան Ա....

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Կրակած Են Վերին  Շորժայի Հատուածին Մէջ Տեղակայուած  Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Կրակած Են Վերին Շորժայի Հատուածին Մէջ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն ստորաբաժանումները 24 փետրուարի ժամը 12:30-ի սահմաններուն մէջ կրակ բացած են Վերին Շորժայի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն` կից ներկայացնելով ազրպէյճանական դիրքի տուեալները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ 24 փետրուարին ժամը 12:45-ի սահմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան

Ուաշինկթըն. «Բազմիցս Տեսած Ենք, Որ Հայաստանի Շահերը Չեն Մտահոգեր Ռուսիան»

Բազմիցս տեսած ենք, որ Հայաստանի շահերը չեն մտահոգեր Ռուսիան: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ի պատասխան «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան` ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի անդամակցութեան շուրջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւններուն ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Երեւանի ձեռնարկած քայլերուն մասին հարցումին: «Մենք կը յարգենք Հայաստանի` իբրեւ անկախ երկիր ցանկութիւնը  շարունակելու իր ընտրած անվտանգային յարաբերութիւնները, եւ մենք կ՛աջակցինք...

Լըքորնիւ. «Այսօր Հայաստանի Մէջ Խաղաղութիւնը  Պաշտպանելը Կը Նշանակէ Նաեւ Յարգել Յիշատակը Հայ  Զաւակներու, Որոնք Պաշտպանած Են Ֆրանսան»

Լըքորնիւ. «Այսօր Հայաստանի Մէջ Խաղաղութիւնը Պաշտպանելը Կը Նշանակէ Նաեւ Յարգել Յիշատակը Հայ Զաւակներու, Որոնք Պաշտպանած Են Ֆրանսան»

Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Սեպասթիան Լըքորնիւ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ համապատասխան գրառում կատարած ընկերային ցանցերու վրայ: «Այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր. «Այսօր Հայաստանի մէջ խաղաղութիւնը պաշտպանելը կը նշանակէ նաեւ յարգել յիշատակը Հայաստանի զաւակներու, որոնք փախած են իրենց երկրէն` միանալու Ֆրանսային եւ պաշտպանելու զայն», գրած է ան եւ կից լուսանկարներ հրապարակած:

Հարաւային Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումները Չեն Դադրած

Հարաւային Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումները Չեն Դադրած

Մինչ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ բախումները կը շարունակուին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւնը, թէ պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը ապօրինի է: Նոյն հաղորդագրութեամբ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի անիկա վերջ տայ իր բռնարարքներուն եւ ընդունի զոյգ պետութիւններու...

Ռամատանէն Առաջ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ

Ռամատանէն Առաջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Քաթար` քննարկելու համար գերիներու փոխանակման գործարքի մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ իսլամներու սրբազան ռամատան ամիսէն առաջ «պատանդներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու երկու շաբթուան տեւողութեամբ մրցավազք գոյութիւն ունի»: Աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ գործարքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նկատմամբ «մեծ լաւատեսութիւն մը գոյութիւն ունի»` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունի մեծ յառաջդիմութիւն...

Page 183 of 796 1 … 182 183 184 … 796

Արխիւներ