Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Պատերազմի նպատակներուն մէջ փոփոխութիւն չկայ, եւ Ռաֆահի վերաբերեալ փոխզիջում պիտի չընդունինք»:
«Սկսանք պաղեստինցիները Ռաֆահէն հեռացնել` առ ի պատրաստութիւն այդտեղ մօտալուտ գործողութեան», պնդեց Նեթանիահու` նշելով. «Գերիներու փոխանակման գործարքի ձեռքբերումի կարելութիւնը չնչին է, եւ Կազայէն ամբողջապէս հեռանալ պիտի չընդունինք»:
«Զինադադար եւ գերիներու փոխանակման գործարք ըլլայ կամ ոչ, մեր ուժերը Ռաֆահ մուտք պիտի գործեն Համասը արմատախիլ ընելու համար», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ Նեթանիահու «ինծի խոստացաւ, որ Ռաֆահ մուտք պիտի գործենք, եւ պատերազմը պիտի չաւարտի, եւ խոստացաւ անպատշաճ գործարք չգոյացնել»:
«Նեթանիահուն զգուշացուցի Ռաֆահ մուտք չգործելու եւ պատերազմին վերջ տալու հետեւանքէն, եւ ան կը գիտակցի ատոր հետեւանքներուն», նշեց պեն Ղաֆիր:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պիցլայէլ Սմոթրիչ իր խօսքը Իսրայէլի վարչապետին ուղղելով երէկ յայտնեց. «Սպիտակ դրօշ մի՛ բարձրացներ, ո՛չ ալ (Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Եահիա) Սընուարին մեզ վարկաբեկելու առիթ տուր»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ Գահիրէ պատուիրակութիւն պիտի չուղարկէ` սպասելով Համասի` Կազայի մէջ հանդարտեցման վերաբերեալ եգիպտական առաջարկներուն»:
Եգիպտական «Գահիրա» պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի օր հաղորդած էր, որ Համասի պատուիրակութիւնը մեկնած է Գահիրէէն, եւ անգամ մը եւս պիտի վերադառնայ գերիներու ազատ արձակում ներառող Կազայի մէջ զինադադարի առաջարկին վերաբերեալ գրաւոր պատասխանով:
Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ուալիտ Քիլանի «Նաշրա»-ին յայտնեց, որ Համաս կը սերտէ Գահիրէի մէջ ստացած յստակացումները, «եւ յառաջիկայ ժամերուն կամ քանի մը օրերու ընթացքին պիտի պատասխանէ»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու չեղեալ նկատած է նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նիստ, որ գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւնները պիտի քննարկէր:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Նեթանիահուն «7 հոկտեմբերին Համասի կողմէ իսրայէլացի քաղաքայիններու սպանութիւնը դադրեցնել ձախողելուն համար իրաւացի քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ»` նշելով. «Շատ լաւ անձեր կան, որոնք կրնան Նեթանիահուի պաշտօնը ստանձնել»
«Այն, ինչ որ 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ, պէտք էր երբեք տեղի չունենար, եւ զայն կասեցնելու ամէն բան կար», ըսաւ Թրամփ` ըսելով. «Շատեր տեղեակ էին 7 հոկտեմբերի վերաբերեալ, սակայն Իսրայէլ անկէ տեղեակ չէր, եւ Նեթանիահուն ատոր համար մեծապէս կը մեղադրուի»:
Միջազգային քրէական դատարանը մերժեց մեկնաբանել այն տեղեկութիւնները, թէ մօտ օրէն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ այլ իսրայէլացի ականաւոր պաշտօնատարներ ձերբակալելու հրամանագիր պիտի հրապարակէ:
Դատարանը ե-նամակի ճամբով «Սի.Էն.Էն.»-ին պատասխանելով նշեց նախկին ընդհանուր դատախազ Քարիմ Խանի յայտարարութիւնները եւ ըսաւ. «Գրասենեակը ընթացող հետաքննութիւններուն վերաբերեալ շարունակ մեկնաբանութիւններ չի տրամադրեր, ինչպէս նաեւ լրատուական ենթադրութիւններու չի պատասխաներ, ուստի ներկայ փուլին յաւելեալ մեկնաբանութիւններ չունինք»:
Միւս կողմէ` Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ 34 տարեկան թուրք զբօսաշրջիկ մը Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ դանակահարած է իսրայէլացի ոստիկան մը:
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Վոլքըր Թուրք մտահոգութիւն յայտնեց կարգ մը ապահովական մարմիններու շարք մը համալսարաններու մէջ քայլերէն, որոնք «անպատշաճ» կը թուին: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծաթիւ համալսարաններու մէջ Կազայի պատերազմին վերջը պահանջող եւ պաղեստինցիներուն զօրակցող ուսանողական ցոյցեր տեղի կ՛ունենան:


