Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ քննարկած է գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ընթացող ջանքերը»:
Անոնք «քննարկած են Կազայի մէջ անմիջական զինադադարի հաստատումով գերիներու ազատ արձակման երաշխաւորման համար ընթացող բանակցութիւնները», այն պահուն, երբ զինադուլի հաստատման համար դիւանագիտական ջանքերը կ՛աշխուժանան:
«Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծեց Ռաֆահի հարցին նկատմամբ իր յստակ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի վրայ իրանեան վերջին յարձակումին դիմակայելէ ետք Իսրայէլի անվտանգութեան իր յանձնառութիւնը», նշեց Սպիտակ տունը:
Պայտըն եւ Նեթանիահու նաեւ քննարկած են մարդասիրական օժանդակութիւններու Կազա հասանելիութիւնը, ներառեալ «այս շաբաթ Կազայի հիւսիսը նոր անցքերու բացումը»:
«Պայտըն շեշտեց, որ այս յառաջընթացը պէտք է մնայուն ըլլայ եւ ամրապնդուի` մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ ամբողջական համակարգումի ճամբով», եզրափակեց Սպիտակ տունը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պայտըն Նեթանիահուին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռաֆահի մէջ որեւէ գործողութեան դէմ է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միջին Արեւելքի մէջ իր շրջապտոյտը երկարաձգելով Սէուտական Արաբիայէն ետք պիտի այցելէ Յորդանան ու Իսրայէլ եւ կեդրոնանայ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման երաշխաւորման համար թափուող ջանքերուն վրայ:
«Պլինքըն պիտի քննարկէ Կազային յանձնուող մարդասիրական օժանդակութիւններու վերջին յաւելումը եւ ընդգծէ այդ յաւելումի շարունակման կարեւորութիւնը», ըսաւ Միլլըր:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ կը նախատեսուի, որ Պլինքըն իր պահանջին հիմամբ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին այցելէ Կազայի մերձակայ շրջաններ, մասնաւորաբար «Պարի» քիպուց եւ Քարամ Ապու Սալեմ անցակէտ:
Իսրայէլեան օրաթերթը կը նշէ, որ ասիկա 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին շրջան 7-րդ այցելութիւնն է:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտութեան պետ Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը երէկ իր ամերիկացի պաշտօնակից Պլինքընի հետ քննարկած է Կազայի եւ Ռաֆահ քաղաքի կացութիւններուն զարգացումները:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ պըն Ֆարհան իշխանը Պլինքընի հետ քննարկած է Կազայի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու կարեւորութիւնն ու Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ մտցնելու ջանքերը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ պըն Ապտելռահմանին` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերալ անոր ջանքերուն համար: «Պէտք է ամրապնդել կայունութեան հաստատման եւ շրջանին մէջ տագնապին ընդլայնումը արգիլելու ջանքերը», աւելցուց ան` նշելով. «Լարուածութեան յաւելեալ մեղմացման կարիք կայ»:
«Հուսիներու յարձակումները կ՛ականահարեն շրջանի անվտանգութիւնը, եւ պէտք է Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկումի ազատութիւնը պաշտպանենք», ըսաւ ան:
«Կազայի մէջ մարդասիրական կացութիւնը մեղմացնելու ամէնէն ազդու միջոցը զինադադարի հաստատումն է», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Արապիա» հաղորդեց, որ Պլինքըն ըսած է. «Կոչ կ՛ուղղենք` Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու եւ գերիները ազատ արձակելու»:
«Պէտք է Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկման հարցը լուծել եւ հուսիներու յարձակումներուն դէմ կանգնիլ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի ընթացքին իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Պէտք է վերջ տալ Կազայի մէջ տագնապին եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու համար պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հոլովոյթ հաստատել»:
«Քաղաքայիններուն վնաս չհասցնելու ծրագիրի բացակայութեան չենք կրնար Ռաֆահի մէջ զինուորական մեծ գործողութեան մը աջակցիլ, եւ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլէն չտեսան Ռաֆահի հարցին վերաբերեալ ծրագիր մը, որ քաղաքայիններու պաշտպանութեան ապահովումը կ՛երաշխաւորէ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան շեշտեց, որ իր երկիրը «իր կարելին ըրաւ Կազայի մէջ մարդասիրական տառապանքին վերջ տալու համար»` յոյս յայտնելով, որ Համաս զինադադարի առաջարկներուն վերաբերեալ «ճիշդ որոշումը» կ՛որդեգրէ` ընդգծելով. «Համասի ձեռքերուն մէջ զինադուլի շատ առատաձեռն առաջարկ կայ, եւ պէտք է արագօրէն իր դիրքորոշումը ճշդէ»:
«Միջին Արեւելքի շրջանը համապարփակ պատերազմի եզրին է», ըսաւ ան` նշելով. «Մեր գործընկերներուն հետ ջանքեր կը թափենք վերջ տալու Կազայի մէջ տագնապին եւ երաշխաւորելու, որ անիկա չընդլայնուի: Մենք 1948 թուականէն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ յոռեգոյն տագնապին ականատես կը դառնանք»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն յայտարարած է, թէ յարաբերութիւններու բնականոնացման առնչուած սէուտական-ամերիկեան երկկողմանի աշխատանքը հաւանական է, որ մօտ օրէն ամբողջանայ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Մեր շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պիտի հաստատուին միայն պաղեստինեան հողերու բռնագրաւումին վերջ տալով»:
«Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար զինադադարի հաստատման մէջ դերակատարութիւն ունենալ», ըսաւ նախարարութիւնը` նշելով. «Պաղեստինի ապագային վերաբերեալ որեւէ որոշում պէտք է ինքնին պաղեստինցի ժողովուրդը տայ»:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը այսօր պիտի մեկնի Գահիրէ` քննարկելու համար գերիներու փոխանակման եւ զինադադարի գործարքը:
«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ յայտնած է. «Արաբական եւ արեւմտեան երկիրներ Ռիատի մէջ պիտի քննարկեն Կազայի մէջ զինադադարն ու մարդասիրական կացութիւնը»:
Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, որ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ Միջազգային քրէական դատարանը կը պատրաստուի իսրայէլացի պաշտօնատարներու ձերբակալման հրամանագիր արձակելու, եւ «Նեթանիահուն պիտի ըլլայ այդ ձերբակալման հրամանագիրին մէջ նշուած անձերու շարքին»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց իսրայէլեան դեսպանատուներուն ցուցմունք տուած է Միջազգային քրէական դատարանի` իսրայէլացի պաշտօնատարներու ձերբակալման հրամանագիրի հրապարակման նկատմամբ մտավախութենէն մեկնած «հակասեմական, հրեաներու եւ Իսրայէլի դէմ ալիքի» պատրաստուելու:
Ան յորդորած է ամրապնդել աշխարհի տարածքին հրէական հաստատութիւններու եւ իսրայէլեան պաշտօնական վայրերու շուրջ ապահովական միջոցառումները:
Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Կազայի մօտ կառուցած ծփացող նաւահանգիստը քանի մը շաբաթէն պիտի սկսի գործել, սակայն անիկա Կազա սննդեղէնի մատակարարման համար լաւագոյն ուղին եղող ցամաքային ճամբուն այլընտրանք պիտի չըլլայ:
Սպիտակ տան մէջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրապէս որեւէ գործողութիւն տեսնել կարողանալու համար, ատիկա հաւանաբար երկու կամ երեք շաբաթ տեւէ»: «Անկեղծօրէն ոչինչ կրնայ փոխարինել ցամաքային ճամբան ու բեռնակառքերը, որոնք մուտք կը գործեն Կազա», ըսաւ Քըրպի: