Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Զգուշանալ Շրջուն Ոճիրներէն Եւ Ի Վերջոյ Նստիլ Միջլիբանանեան Խորհրդակցութեան Սեղան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Ապրիլ 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լուպնան հըր» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին, նախագահական ընտրութեան անելին, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն:

Լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապին մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Կեդրոնական կոմիտէին նպատակն է քաղաքական ուժերուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնել, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել ներքին լիբանանեան սադրանք կամ ներքին որեւէ ճակատում:

«Լիբանանի մէջ այլոց պատերազմը ապրած ենք 1975-ին, ապա ուղղուած ենք Թաէֆ, աւելի ուշ 7 մայիսի դէպքերն էին, որմէ ետք ուղղուեցանք Տոհա: Այսօր մենք կը վկայենք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գործուող ոճիրները, որոնք տարբեր շրջաններու մէջ տարածուելով կը ստանան յարանուանական եւ կուսակցական բնոյթ: Ներքին պատերազմները ինչպէ՞ս կը սկսին: Մենք լաւ կը յիշենք, որ 1975-ի պատերազմը նախորդող փուլին ինչպիսի՛ շրջուն ոճիրներ կը պատահէին, ինչպիսի՛ ճակատումներ կ՛արձանագրուէին տարբեր շրջաններուն միջեւ, տարբեր խրամատներուն մէջ եւ անցարգելներուն վրայ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը տակաւին Հզօր Լիբանան համախմբումին մաս կը կազմէ՞, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Այո՛, սակայն ինչպէս գիտէք, իր առանձնայատկութիւններն ու ուրոյն կեցուածքները պահելով: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր յարաբերութիւնները առաջին իսկ օրէն հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ մէկզմէկու կարծիքները յարգելու հիման վրայ»:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընդհանուր առմամբ յանձնառու կը մնայ, որ ներքին լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուող բանավէճին առաստաղը շատ չբարձրանայ, «որովհետեւ մեր սկզբունքն ու փորձառութիւնը մեզ մղած են այն համոզումին, թէ ինչքա՛ն բարձրանայ այդ բանավէճերուն կշռոյթը, ի վերջոյ ան պիտի մեղմանայ, մարդիկ պիտի համեստանան եւ այս երկրին մէջ բոլորը պիտի ապրին իրարու հետ: Ո՛չ ոք կրնայ ինքզինք պարտադրել ուրիշին վրայ եւ ո՛չ ալ կրնայ ջնջել ուրիշը: Ուրիշը` ըլլայ ան քաղաքական ուժ, քաղաքական անձնաւորութիւն կամ գաղափար, ջնջելու իմաստով անցեալի բոլոր փորձերը ձախողած են, ինչո՞ւ կրկնել զանոնք, ինչո՞ւ ժողովուրդը մղել լարուածութեան», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ քաղաքական իրողութիւնը ցոյց տուած է, թէ քաղաքական ուժեր կը խօսակցին ու կը խորհրդակցին իրարու հետ, «անոնք նոյնիսկ կրնան դաշինքի յանգիլ կամ որոշ հարցերու եւ թղթածրարներու շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Եթէ այդպէս է քաղաքական իրականութիւնը, ապա կարիք չկայ լարուածութեան: Հոս նաեւ կ՛ուզեմ շեշտել, որ բանավէճի առաստաղը բարձրացնելը անպայման յստակ կեցուածք ունենալ չի նշանակեր: Լիբանանի պարագային փայտեայ արտայայտութիւններն ու գրգռութիւն պատճառող յայտարարութիւնները վտանգաւոր են, իսկ մեր մտահոգութիւնը ժողովուրդն է, որովհետեւ ան է զոհը: Լարուածութեան մթնոլորտին մէջ ո՛վ որ կրնայ իր պայուսակը կ՛առնէ եւ կը հեռանայ Լիբանանէն, իսկ ո՛վ որ նպատակներ ունի` կրնայ սխալ ուղիներու մէջ ըլլալ, զինեալ միջադէպ մը հոս, ոճիր մը հոն, երկիրը տակնուվրայութեան կը մատնէ եւ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին ընկերային, քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կեանքին վրայ», յայտնեց ան:

Ժիպէյլի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու Փասքալ Սլէյմանի սպանութեան ոճիրին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի վերահաստատեց իր զգուշացումը շրջուն ոճիրներէն` անդրադառնալով նաեւ Պէյթ Մերիի, Ազունիէի, Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ գործուող ոճիրներուն: «Երկրին մէջ ապահովական դիւրաբեկ վիճակ մը կայ, իսկ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը մեծ հարց է ու վտանգ, որ կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իբրեւ արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի զեկուցաբեր, իրենց բոլոր նիստերուն ընթացքին սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը օրակարգի վրայ քննարկուող մնայուն կէտ է: «Այդ յանձնախումբին մէջ Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական ուժերուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան երեսփոխանները ներկայացուած են: Այս թղթածրարը մեզմէ շատ աւելի վեր է, որովհետեւ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու եւ զանոնք լիբանանեան շրջանակներուն մէջ համարկելու ուղղութեամբ միջազգային որոշում տրուած է, եւ ասիկա շատ վտանգաւոր է», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտեցումին` ընդգծելով, որ Սուրիա պատրաստ է իր քաղաքացիները վերստին հիւրընկալելու եւ դիւրութիւններ ստեղծելու` տունդարձ կատարել փափաքողներուն համար, «սակայն ՄԱԿ չ՛արտօներ այդ մէկը` հաստատելով, որ սուրիական հողերը տակաւին ապահով չեն նկատուիր տունդարձ կատարելու համար», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններ այցելութեան եւ ականատես դառնալուն` Ուատի Խալետէն ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործող սուրիացիներուն մասին, շեշտելով, որ ե՛ւ լիբանանեան, ե՛ւ սուրիական կողմերուն մօտ փտածութիւն կայ այս իմաստով, եւ հիւսիսէն մինչեւ Պեքաա մարդիկ մաքսանենգութեամբ կը զբաղին, «իսկ բանակը կարողութիւն չունի զսպելու սահմաններն ու սուրիացիներուն ապօրինի մուտքը», աւելցուց ան:

Պուրճ Համուտի մէջ սուրիացիներու ներկայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ կ՛ապրի շուրջ 130 հազար հոգի, որոնցմէ 13-14 հազարը սուրիացի տեղահանուածներ են, իսկ կայ նաեւ 10 հազարի հասնող օտարերկրացի բանուորներ: «Բոլորը միասին կը կազմեն Պուրճ Համուտի բնակչութեան 17 առ հարիւրը: Իսկ պէտք է նկատի ունենալ, որ Պուրճ Համուտի մէջ կ՛ապրին բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները, ինչպէս նաեւ կը գործեն ընդհանրապէս բոլոր կուսակցութիւնները` քրիստոնեայ եւ իսլամ», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը սուրիացի տեղահանուածներուն մասին իր ունեցած բոլոր տեղեկութիւնները ներկայացուցած է համապատասխան պետական մարմիններուն` աւելցնելով, որ այդ տեղեկութիւնները, յատկապէս թուային պատկերները յարաբերական են, որովհետեւ անոնց թիւը մնայուն փոփոխութեան մէջ է:

Ան ակնարկեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կողմէ պարտադրուած օրէնքներուն` շրջանի բոլոր գործատէրերուն, վաճառատուներու եւ բնակարաններու սեփականատէրերուն, որպէսզի բացայայտեն ապօրինի սուրիացիներու գոյութեան մասին, եւ այլապէս անոնց վրայ պարտադրուած մեծագումար տուգանքներուն մասին: Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ քաղաքապետարաններու ոստիկանութեան սահմանափակ իրաւասութիւններուն, որոնք չեն արտօներ արագ շարժիլ եւ պէտք եղած միջամտութիւնը կատարել:

«Լիբանանի բնակչութեան կէսը կը կազմեն սուրիացի տեղահանուածները, պաղեստինցի գաղթակայաններն ու օտարերկրացի աշխատաւորները: Լիբանան լուրջ հարցի դէմ յանդիման կը գտնուի եւ ցաւ ի սիրտ ոչ մէկ լուծում կ՛երեւայ հորիզոնին: Լիբանանցին իր կեանքին մէջ ցեղապաշտ չէ եղած, սակայն բնականոն լուծումը սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձ կատարելուն մէջ է: Տունդարձ` դէպի ապահով սուրիական շրջաններ», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ տեղահանուածներուն նկատմամբ համայնքային եւ յարանուանական մօտեցումը շատ աւելի վտանգաւոր հարց է, որուն պէտք է վերջ դրուի եւ կեդրոնացումը ըլլայ լիբանանցիին իրաւունքները պաշտպանելու վրայ:

Նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Միջազգային հնգեակը Լիբանանի համար նախագահական յստակ թեկնածու մը չունի եւ կը ջանայ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն եւ խորհրդարանական պլոքներուն հետ հանդիպումներու ճամբով բեկում մը յառաջացնել, նոյնիսկ եթէ անիկա ըլլայ փոքր չափի բեկում մը: Այդ երկիրները հանրապետութեան նախագահին ունենալիք յատկանիշներուն մասին որոշ պատկերացում ունին եւ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերը համախոհութիւն մը գոյացնեն այդ յատկանիշները լրացնող կամ անոնց ատակ անձնաւորութեան մը շուրջ, ապա ան կրնայ ընտրուիլ երկրի նախագահ»:

Անդրադառնալով հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոնք հաստատած են, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը դիւրացնէ նախագահական ընտրութիւնը, իսկ նախագահի յատկանիշներուն մասին անկեղծօրէն յայտնեցինք, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ունի իրեն յատուկ յատկանիշներ, որոնք կը վերաբերին իր միտքին մէջ գտնուող թեկնածուին:

«Հակառակ միջազգային հնգեակին կողմէ կրկնուած այն կեցուածքին, որ պէտք է նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անջատել հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններէն, անկեղծօրէն համոզուած եմ, որ տակաւին ժամանակ անցընելու փուլին մէջ կը գտնուի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Երկու հարցերը իրարմէ անջատելու իմաստով մերժում չկայ, այլ` անկարելիութիւն: Մենք աւելի հանդարտ ու խաղաղ պայմաններու մէջ եւս չկրցանք հանրապետութեան նախագահ ընտրել, եւ ամիսներ շարունակ տեւեց այդ իրավիճակը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին պայմանները` շրջանային եւ միջազգային համախոհութիւն չըլլալը, չեն նպաստեր Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու:

«Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար տարակարծիք են, նաեւ կայ ներքին լիբանանեան տարակարծութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ միջազգային հնգեակը կը փորձէ քաղաքական ուժերը մղել քննարկում կատարելու, առանց կառչած մնալու երկխօսութիւն եզրին:

Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց խորհրդակցութիւններու ներկայանալը` նուազագոյնը խորհրդակցելու փորձ մը կատարած ըլլալը, նոյնիսկ եթէ այդ խորհրդակցութիւններէն ետք խոստացուած նախագահական ընտրութիւն կատարելու երաշխիքները զլացուին:

«Մենք համաձայն ենք հանրապետութեան նախագահը համախոհութեամբ ընտրելու եւ կը մերժենք կէս առաւել մէկով կամ 65, 66 կամ 67 քուէով ընտրելու զայն, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահը, որ վեցամեայ պաշտօնին ընթացքին պիտի գործէ, կարիքը ունի խորհրդարանին կողմէ իրեն տրուած լիազօրութեան: Լիբանանի մէջ հարցերը երկխօսութեամբ եւ խորհրդակցութեամբ կը լուծուին, հետեւաբար արժէ այսօրուընէ կատարել ամիսներ ետք կատարուելիք խորհրդակցութիւնները, եւ գոյացնել փաթեթային համաձայնութիւն մը` ճշդելով բարեկարգումները, ընտրական օրէնքը, երկրին վարչակարգը, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը եւ այլ լուրջ հարցեր, որոնցմէ կը տառապի Լիբանանը», ըսաւ ան:

Հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ՀՅԴ-ի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով Բագրատունի յայտնեց, որ բաղձալի չէր, որ կացութիւնը այսքան սրի եւ Լիբանանը Իսրայէլի դէմ պատերազմի դուռը հասնի:

«Սա չի նշանակեր, որ մենք Իսրայէլը բարեկամ երկիր կը նկատենք, որովհետեւ իբրեւ հայեր սիոնականներուն հետ մեր պատմութիւնն ու դառն փորձառութիւնը շատ աւելի հին է, Օսմանեան կայսրութեան օրերէն է, քան` արաբներուն տագնապն ու տառապանքը: Բայց եւ այնպէս այսօր կայ պատերազմ: Կան բախումներ, թերեւս պէտք է նաեւ անդրադառնալ հետեւեալ թուականներուն` 1947-1948-ի, 1967-ի, 1973-ի կռիւներուն, արաբներուն կեցուածքին, լիբանանեան կեցուածքին, որ միշտ իւրայատուկ եղած է` իր ներգրաւած բազմազանութեան պատճառով: Այսօր ստեղծուած է վիճակ մը, որուն մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կ՛արտայայտուի ըսելով, որ անիկա Կազայի զօրակցութեան ճակատ է, եւ բախումները կ՛ընթանան յստակ բախման կանոններով, որոնք կը յարգուին եւ երաշխաւորուած են ոչ միայն Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի կողմէ, այլ նաեւ` շրջանային եւ միջազգային առումով», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ պատերազմը որեւէ ատեն բաղձալի չէ եւ կարելի չէ զօրակցիլ պատերազմին` նշելով սակայն, որ ստեղծուած այս վիճակը հետեւանք է պետութեան չգոյութեան:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ցամաքային եւ օդային յարձակումներու շրջագիծին ընդարձակումը անհաւանական է, այլապէս` Իսրայէլ հսկայական վտանգի տակ կը գտնուի: «Բախումներուն աւարտը կրնայ ապահովուիլ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեամբ` Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողմէ», հաստատեց ան:

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Լիբանան Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չհրաւիրուի» Հաստատեց Սեժուրնէ

Յաջորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Ռուս Խաղաղապահներու Գրեթէ Ամբողջ Զօրակազմը Արդէն Լքած Է Արցախը, Մնացեալ Մասը Զայն Պիտի Լքէ Մինչեւ Մայիսի Վերջ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?