Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն` Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով

April 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան հերթական տարելիցի նախօրեակին, կանգնած ենք նոր գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Մեր անժամանցելի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը այսօր, աւելի քան երբեք, վերանորոգելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Վերջին քանի մը տարիներուն նոր թափ ստացեր են թուրք-ազրպէյճանական դաշինքի թշնամական ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ հայութեան դէմ: Ակնյայտ է, որ հետեւողականօրէն թելադրուող շարք մը նախապայմաններէն է նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հետապնդելէն հրաժարելու պահանջը:

Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները արդէն իսկ անթաքոյց կերպով սկսեր են յառաջ մղել թրքական ժխտողական մօտեցումները: Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, օրերս կատարուեցան յայտարարութիւններ, որոնք մինչեւ այսօր յառաջ մղուած են պաշտօնական Անգարայի կողմէ եւ կը հանդիսանան բացառապէս թրքական թեզեր: ՔՊ-ական իշխանութեան այս դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ դնելուն միտուած անհանդուրժելի քայլ է:

Իր հերթին, երկրի քաղաքական առաջին դէմքը իր սեփական ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ Մեծ եղեռն` փաստացի հրաժարելով այն իրաւաքաղաքական գնահատականէն, որ հաստատուած է հայ եւ օտար պատմաբաններու եւ ցեղասպանագէտներու կողմէ եւ ընդունուած ու դատապարտուած է ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի, շարք մը այլ միջազգային ատեաններու, բազմաթիւ երկիրներու, որոնց կարգին` գերտէրութիւններու խորհրդարաններու ու կառավարութիւններու եւ պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ:

Այս նոյն պարունակին մէջ փորձ կը կատարուի իրարու հակադրել պատմական ու իրական Հայաստանը, մեր անցեալն ու ներկան, հայրենիքն ու պետութիւնը:

Ակնյայտ է, որ ՔՊ-ական իշխանութեան դրսեւորած այս ժխտողական կեցուածքը հետեւողական շարունակութիւնն է թուրք-ազրպէյճանական պարտադրանքներուն դիմաց տեղի տալու որդեգրուած քաղաքականութեան:

Իբր թէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող, խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու այս վարքագիծը ոչ միայն պիտի չնպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, այլ նաեւ պիտի վաւերացնէ ուժի, կամ ուժի սպառնալիքով հարցեր լուծելու նախընթացը, բան մը, որ կը հակասէ միջազգային օրէնքին:

Յատկանշական է, որ այս դատապարտելի քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի այն պայմաններուն տակ, երբ Անգարա-Պաքու առանցքը ցեղասպանութիւն գործադրեց Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ եւ ցեղային զտումի ենթարկեց Արցախը: Նոյնինքն այս պահուն ալ Ազրպէյճանը կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ այն նոյն ձեռագիրով, որով Թուրքիան հայկական հետքերը տասնամեակներէ ի վեր կը վերացնէ Արեւմտահայաստանի մէջ:

Կասկած չկայ սակայն, որ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, վճռականօրէն տէր է իր արդար իրաւունքներուն, եւ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ հրաժարելու այդ իրաւունքներէն:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

23 ապրիլ 2024

 

Նախորդը

Բազմամարդ Ջահերով Երթ Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Բարձունք` «Զա՛րկ, Երբ Հալածում Են Քեզ» Խորագիրով

Յաջորդը

Երկրագունդին Օրը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.