Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Պանթէոն Եւ Իւրօրինակ Շաբաթ` Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Համար

Ակնարկ. Պանթէոն Եւ Իւրօրինակ Շաբաթ` Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Համար

Միսաք Մանուշեանի աճիւններու Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխումի արարողութիւնը կարելի է ըսել, որ տեղի ունեցաւ պետական բարձրագոյն մակարդակով, կատարեալ կազմակերպուածութեամբ եւ համարժէք պատիւի ընծայումով: Այս ծրագիրը իբրեւ առաջադրանք պատմական ունի եւ վաղուց կ՛արծարծուէր: Անպայման Դիմադրութեան 23 մարտիկներու գնդակահարութեան 80-ամեակը կրնար չըլլալ այն մղիչ գործօնը կամ առիթը` նման բարձրամակարդակ իրադարձութիւն կայացնելու: Աւելի ճիշդը, անիկա միակ առիթը չէր, եթէ փորձենք քաղաքական պահու տրամաբանութեան պարունակին...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանին Կ՛արգիլուի Հայաստան Մտնել

Թէժ Զրոյց` Փաշինեանի Եւ Փափազեանի Միջեւ

ՀՅԴ Փարիզի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 21 փետրուարին Ֆրանսայի պանթէոնին մէջ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ վերայուղարկաւորութեան առիթով Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսային մէջ գտնուելու հանգամանքէն օգտուելով, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնը նախաձեռնած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի շփումը: Զրոյցը տեղի ունեցած է նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ներկայութեամբ` Էլիզէի պալատին մէջ կազմակերպուած ընթրիքի...

«Եթէ Հայաստան Հակաօդային Պաշտպանութեան  Հրթիռներու Կարիք Ունենայ,  Անոնք Եւս Պիտի Տրամադրուին»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

«Եթէ Հայաստան Հակաօդային Պաշտպանութեան Հրթիռներու Կարիք Ունենայ, Անոնք Եւս Պիտի Տրամադրուին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

Շատ չխորանամ, թէ ինչ սարքաւորումներ պիտի գան Հայաստան, սակայն բոլորն ալ պաշտպանական նշանակութեան են, որովհետեւ այս շրջանին մէջ առաջնահերթ է թէ՛ բնակչութեան, թէ՛ սահմաններու պաշտպանուածութիւնը: Այս մասին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիւ: «Պասթիոն» զրահապատ մեքենաներու խմբաքանակը եւս շուտով Հայաստան պիտի ըլլայ: Եթէ Հայաստանը կարճ, միջին եւ այլ...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Ծանօթացում` Յօդուածագրութեան Կանոններուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` Յօդուածագրութեան Կանոններուն

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները երէկուան հանդիպումին ծանօթացան յօդուածներու եւ յօդուածագրութեան: Ուրբաթ, 23 փետրուար 2024-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին լիբանանահայ ուսուցիչ, հրապարակագիր եւ մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան մասնակիցներուն ներկայացուց յօդուածագրութիւնը, անոր սկզբունքներն ու կանոնները: «Ապագայ լրագրողներ»-ը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Կ. Յովհաննիսեանի տուած...

Իսրայէլեան Ուժեր Ռմբակոծումի Թիրախ  Կը Դարձնեն Քաղաքացիական  Պաշտպանութեան Կեդրոն Մը

Իսրայէլեան Ուժեր Ռմբակոծումի Թիրախ Կը Դարձնեն Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կեդրոն Մը

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ընթացող բախումները շարունակուեցան: Նախանցեալ օրուան յետմիջօրէին Քֆար Ռումմանի մէջ քաղաքայիններու բնակարաններ ռմբակոծած իսրայէլեան բանակը կէս գիշերին ռմբակոծեց Պլիտայի մէջ գտնուող քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոն մը` պատճառելով հսկայական վնասներ: Քանի մը վայրկեան անց, հաղորդուեցաւ նաեւ մարդկային կորուստներու մասին: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ Իսլամական առողջապահական խորհուրդի անդամներ Մոհամետ Եաագուպ Իսմայէլ եւ Հիւսէյն Մոհամետ Խալիլ...

Միսաք Մանուշեանի Աճիւնը Ամփոփուեցաւ  Ֆրանսայի Մեծագոյն Գործիչներու Պանթէոնին Մէջ

Միսաք Մանուշեանի Աճիւնը Ամփոփուեցաւ Ֆրանսայի Մեծագոյն Գործիչներու Պանթէոնին Մէջ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ անոր կնոջ` Պրիժիտ Մաքրոնի ներկայութեան 21 փետրուարի երեկոյեան մեծ շուքով տեղի ունեցաւ ֆրանսական դիմադրութեան հայազգի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ` Մելինէ Մանուշեանի աճիւնները Ֆրանսայի մեծագոյն գործիչներու պանթէոնին մէջ ամփոփելու արարողութիւնը: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիել Աթալը, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր կինը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ...

Մաքրոն. «Սիւնիքի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպերը  Կը Վկայեն, Որ Մագլցումի Վտանգը Իրական Է»

Մաքրոն. «Սիւնիքի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպերը Կը Վկայեն, Որ Մագլցումի Վտանգը Իրական Է»

Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցած միջադէպերը կը վկայեն, որ մագլցումի վտանգը իրական է: Այս մասին 21 փետրուարին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն: «Դուք կրնաք ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեանը Հայաստանին, անոր անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, անոր ժողովրդավարական ընթացքին եւ անոր խաղաղութեան ձգտումներուն: «Այս պահուս, երբ մենք կը նշենք Միսաք Մանուշեանի եւ...

Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն Պատճառով  Արձանագրուած Են Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն Պատճառով Արձանագրուած Են Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումները շարունակուեցան: Երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքով մը ռմբակոծեցին Նապաթիէի Քֆար Ռումման շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը վերջին յարկը` պատճառելով երեք զոհեր եւ վիրաւորելով 6 ուրիշներ: Քֆար Ռումմանի քաղաքապետարանը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն չուղղուելու ռմբակոծուած շէնքին մօտ` այլ ռմբակոծում մը արձանագրուելու հաւանականութեան մտահոգութեամբ, ինչպէս նաեւ առիթ տալու, որ...

Կանց. «Գերիներու Փոխանակման Նոր Գործարքի Գործադրման Հաւանականութեան Նախնական Դրական Ցուցանիշեր Կան»

Կանց. «Գերիներու Փոխանակման Նոր Գործարքի Գործադրման Հաւանականութեան Նախնական Դրական Ցուցանիշեր Կան»

Մինչ Իսրայէլ կը սպառնայ 1,5 միլիոն գաղթականներ պատսպարող Ռաֆահ քաղաքին դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց յայտնեց, որ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի գործադրման հաւանականութեան դրական նախնական ցուցանիշեր կան: Ան ըսաւ, որ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի համաձայնութեան չգոյութեան պարագային, իսրայէլեան բանակը ռամատան ամսուան ընթացքին պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները: «Արապիա»-ի աղբիւրները յայտնեցին, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի...

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի Առաջին Ընդհանուր Դատախազ Դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի Միջեւ

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի Առաջին Ընդհանուր Դատախազ Դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի Միջեւ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Յայտնենք, որ դոկտ. Օքամփօ միջազգային համբաւ եւ յարգարնք վայելող դատախազ է, որ կը բարձրաձայնէ ազգերու ու ժողովուրդներու բռնաբարուած իրաւունքներու վերահաստատման ու վերատիրացման պահանջատիրութիւնը։ Խօսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ դոկտ. Օքամփօն ընդգծեցին, որ իրաւաքրէական սկզբունքներու եւ միջազգային...

Ռիթըր. «Ռուսական Կողմին Պէտք Է Հարցնել,  Թէ Ներքին Հանդ Մեր Մուտքը Ինչո՞ւ Արգիլուած Եղած Է»

Ռիթըր. «Ռուսական Կողմին Պէտք Է Հարցնել, Թէ Ներքին Հանդ Մեր Մուտքը Ինչո՞ւ Արգիլուած Եղած Է»

Սկիզբէն մենք չէինք բացառեր, որ կրնան Ներքին Հանդ մտնելու առնչուած խնդիրներ Ըլլալ: Այս մասին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է Եւրոպական Միութեան դէտերու Ներքին Հանդ մուտքը չարտօնելու հիմնաւորումը, ան նշած է. «Այս հարցումն ալ պէտք է տալ ռուսական կողմին: Մենք Հայաստանի մէջ հիւրի կարգավիճակի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաթարի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաթարի Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիին հետ: Հանդիպումին, նախ եւ առաջ, անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հրաւէրին ընդառաջելով` վեհափառ հայրապետին Քաթար այցելութեան եւ յատկապէս վարչապետին հետ քննարկուած նիւթերուն: Ինչպէս ծանօթ է, Քաթարը...

Մաժտալ Զունի Մէջ Կին Մը Եւ Երեխայ Մը  Զոհ` Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն

Մաժտալ Զունի Մէջ Կին Մը Եւ Երեխայ Մը Զոհ` Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն

Իսրայէլեան բանակը երէկ շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը: Մաժտալ Զունի Մանսուրի գիւղաքաղաքի ռմբակոծումներուն զոհ գացին երկու քաղաքայիններ. կին մը` Խատիժա Սալման եւ հնգամեայ երեխայ մը` Ամալ Հիւսէյն Տուր: Ռմբակոծումը պատճառեց նաեւ վիրաւորներ: Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ուղղուեցաւ Սայտա: Սայտայի սերային մուտքին Մաուլաուի դիմաւորուեցաւ հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուի, Ներքին ապահովութեան ուժերու հարաւային Լիբանանի...

Ակնարկ. 9-րդ Կէտի Այլընտրանքը

Ակնարկ. 9-րդ Կէտի Այլընտրանքը

Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարին յայտարարութիւնը «միջանցք»-ի օրակարգով վերստին աշխարհագրական փոփոխութեան ուղղութիւն կը փոխանցէ: Ըստ անոր, Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբու շուրջ քննարկումները կը շարունակուին. սեղանին վրայ երկու տարբերակ կայ, որոնցմէ մէկը` Իրանէն անցնող ճամբան: Եւ եթէ հայկական կողմին մօտ խնդիրներ յառաջանան, ապա Ազրպէյճանը հաղորդակցութիւններ ունի նաեւ Իրանի հետ` այդ երկրի տարածքով անցնող միջանցքի կարելիութեան առնչուած: Հետեւաբար գոյութիւն ունի երկու ընտրանք, որոնք կը...

Արցախեան Շարժման 36-Ամեակին Առիթով Արցախի Նախագահն Ու Շարք Մը Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ Եռաբլուր Այցելեցին

Արցախեան Շարժման 36-Ամեակին Առիթով Արցախի Նախագահն Ու Շարք Մը Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ Եռաբլուր Այցելեցին

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով Արցախի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Արցախցի պաշտօնեաները շրջեցան պանթէոնին մէջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին արցախեան պատերազմներուն ընթացքին զոհուած զինուորական ծառայողներու գերեզմաններուն: Եռաբլուր այցելածներու շարքին էին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպս. Աբրահամեան եւ շարք մը պատգամաւորներ:

Վահրամ Բալայեան. «Պատմութիւնը Ոչ Միայն Դաս Է, Այլեւ Դաժան Պատիժ Անկէ Դաս Չքաղողներուն Համար

Վահրամ Բալայեան. «Պատմութիւնը Ոչ Միայն Դաս Է, Այլեւ Դաժան Պատիժ Անկէ Դաս Չքաղողներուն Համար

«Երբ կը նայինք մեր ժողովուրդի պատմութեան, կարելի է ըսել, որ անիկա յաղթանակներու ու պարտութիւններու շղթայ մըն է. ցաւօք սրտի, արցախեան ազգային ազատագրական պայքարը եւս այդպիսի ընթացք ունեցաւ»: Այս մասին երէկ` 20 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան մօտ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան: «Բազմաթիւ գործօններու ազդեցութեան տակ մենք չկրցանք մեր ունեցածը պահել, պաշտպանել:...

Հարաւային Լիբանանը Կը Մնայ Բուռն Ռմբակոծումներու Թիրախ

Հարաւային Լիբանանը Կը Մնայ Բուռն Ռմբակոծումներու Թիրախ

Մինչ օտար պետութիւններ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը փորձեն իրենց դիւանագիտական աշխատանքը աշխուժացնել` կասեցնելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած բախումներուն ընդարձակումը, փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին` հետզհետէ դառնալով աւելի մտահոգիչ: Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախանցեալ գիշեր հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել փափաքող բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք դատապարտելու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները,...

Իսրայէլեան Բանակը Ռաֆահի Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշման Վճռումին Կը Մօտենայ

Իսրայէլեան Բանակը Ռաֆահի Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշման Վճռումին Կը Մօտենայ

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը զինուորական պաշտօնատարներու խօսքեր մէջբերելով հաղորդեց, որ «Խան Եունեսի մէջ ցամաքային գործողութեան աւարտի մօտալուտութեան վերաբերեալ գնահատականներ» գոյութիւն ունին` աւելցնելով. «Բանակը Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան սկսելու վերաբերեալ իր դիրքորոշման վճռումին կը մօտենայ»: «Աքսիոս», վկայակոչելով իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ  Ռաֆահ քաղաքին մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնը կրնայ սկսիլ ապրիլի կէսերուն` իսլամներու համար սուրբ եղող ռամատան ամսուան աւարտէն ետք:...

Արցախի Ազգային Ժողովի Ղեկավար Կազմը Հանդիպած Է Արցախի Հարցերով Յանձնախումբի Համակարգողին Հետ

Արցախի Ազգային Ժողովի Ղեկավար Կազմը Հանդիպած Է Արցախի Հարցերով Յանձնախումբի Համակարգողին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ երէկ` 19 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը եւ խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդիպած են Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբի համակարգող Վարդան Օսկանեանի հետ: Հանդիպման մասնակիցները շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած չէ, որ Արցախի...

Բալայեան. «Ազրպէյճան Կը Պղծէ Հայկական Գերեզմանները Արցախի Մէջ»

Բալայեան. «Ազրպէյճան Կը Պղծէ Հայկական Գերեզմանները Արցախի Մէջ»

Ազրպէյճան կը պղծէ Արցախի մէջ հայերու գերեզմանները եւ սկսած է ոչնչացնել շրջանի նախկին հայ բնակչութեան պատկանող կրօնական յուշարձանները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այդ մասին «Պրասըլզ սիկնըլ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմը ունի բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ լուսանկարչական ապացոյցներ, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները կ՛աւերեն հայկական գիւղերու գերեզմանատուներն ու եկեղեցիները:...

Page 184 of 796 1 … 183 184 185 … 796

Արխիւներ