Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայելային Վերահսկողութիւններու Առաջարկներ

April 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՈՓ29 եւ կանաչ տեսլականը միջազգային ֆորումի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնները քանի մը ուշագրաւ առանցքներ ներառած էին:

Հայկական կողմը խաչմերուկի իր առաջադրանքը կ՛ուզէ իրականացնել տարածաշրջանէն շատ հեռու գտնուող երկիրներու հետ: Առանց Ազրպէյճանի հետ այս նախագիծերը համաձայնեցնելու, անկարելի է խաչմերուկի առարկայացումը:

Այստեղ կը թուի, որ ուղերձը այն է, որ Երեւանը պէտք է Պաքուի կողմէ ճշդուած կանոններու հիման վրայ յանգի խաղաղութեան համաձայնագիրին:  Հանգոյցը սակայն յայտնաբար միայն Ազրպէյճանին հետ համաձայնիլը չէ:

Այստեղ յստակ ուղերձ կայ Ռուսիոյ. երբ կ՛ըսուի, որ հայկական կողմը, տարածաշրջանէն շատ հեռու գտնուող երկիրներու հետ կ՛ուզէ իրականացնել իր ծրագիրները, նախ եւ առաջ Ռուսիոյ ուղղուած ուղերձ է: Մօտաւորապէս նոյն յորդորը կը հնչեցնէր Մոսկուայի ներկայացուցիչը, տարբեր առիթներով:

Կը շարունակուի ռուսական գործօնի առանցքային դեր վերապահելու Պաքուի մարտավարութիւնը: Ազրպէյճանի ղեկավարը յղում կը կատարէ նոյեմբերեան եռակողմին, զայն յարգելու հրամայականին:

Եռակողմը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Մոսկուայի միջնորդութեան եւ երաշխաւորութեան ստանձնումի իրաւական փաստաթուղթը, որ յատկապէս սեպտեմբերեան պատերազմական գործողութիւններէն ետք ըստ էութեան եւ իրողապէս չեղեալ նկատուած է: Տարբեր խնդիր, որ Պաքուն մինչ այդ ալ չէր յարգած եռակողմի կէտերը: Ռուսական կողմն ալ չէր իրականացուցած իր ստանձնած խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Հիմա եռակողմը վերակենդանացնելու պահանջ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանը: Հիմնականին մէջ խօսքը 9-րդ կէտին մասին է: Պաքուի մարտավարական խաղերուն մէջ երկակի չափանիշեր կան: Այսպէս. ըստ Ալիեւի` «Ցամաքային Ազրպէյճանէն Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան ցամաքային մուտքը պէտք է ապահովուի միջազգային վերահսկողութեան եւ անվտանգութեան մեքանիզմով (ընդգծումը` մեզմէ): Եթէ հիմա, տարբեր պատճառներով հայկական կողմը չ՛ուզեր, որ Ռուսիոյ դաշնութեան սահմանապահ ծառայութիւնը իրականացնէ այդ վերահսկողութիւնը, թող բացայայտ ըսեն այդ մասին»: Վերստին կը յիշեցնէ պայմանաւորուածութիւնը` աւելցնելով, որ յայտարարութեան մէջ թէեւ միջանցք բառը չկայ, այդուհանդերձ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ստորագրած է ռուսական վերահսկողութեամբ այդ ճանապարհը բանալու կէտին տակ:

9-րդ կէտին մէջ միջազգային վերահսկողութեան եւ անվտանգութեան գործիքակազմի մասին խօսք չկայ. կայ բացառապէս ռուսական վերահսկողութիւն: Հիմա Ազրպէյճանի նախագահը խուսանաւում կը կատարէ: Վերահսկողութեան գործառոյթի նոր ձեւաչափի մասին նշում կը կատարէ, ապա ռուսական սահմանապահ ծառայութեան մերժումի պատասխանատուութիւնը կը վերագրէ հայկական կողմին: Մոռնալով, որ վերահսկողութեան բաղադրութեան փոփոխութեան առաջարկը ինքնին եռակողմի չեղեալ նկատումի տանող քայլ է. կամ առնուազն հիմնական փոփոխութեան:

Միջազգային վերահսկողութեան եւ գործիքակազմի մասին կատարուած այս նոր ձեւակերպումը հայելային տրամաբանութիւն կը յուշէ: Եթէ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի պահանջը կը պայմանաւորուի Արցախի մէջ միջազգային նոր երաշխաւորութեան գործիքակազմով, ապա ատոր դիմաց Նախիջեւան եւ  Ազրպէյճան կապը եւս պէտք է վերահսկուի նման երաշխիքակազմով:

Ազրպէյճան ըստ էութեան Արեւմուտքի խաղն է, որ կը խաղայ այս ձեւով, որովհետեւ նման ձեւաչափի իրականացումը պարզապէս ռուսական գործօնի դուրս մղումն է նոր միջանցքէն: Ազրպէյճան այս մարտավարութեան կը դիմէ հայկական կողմը հակադրելով ռուսականին` ըսելու համար, որ եռակողմը Երեւանն է, որ չի յարգեր եւ եթէ ռուսական վերահսկողութեան համաձայն չէ, պէտք է այդ մասին պաշտօնապէս յայտարարէ, որպէսզի անցնին նոր միջազգային գործիքակազմի մասին բանակցելու:

Ռուսական վերահսկողութեամբ բացուելիք ճանապարհին արգելակման առումով մինչ այժմ կը համընկնին Իրանին եւ Արեւմուտքին մօտեցումները: Իրանի պարագային կը մերժուի ընդհանրապէս օտար ուժի տեղակայումը իր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, մինչ Արեւմուտքը դէմ է ռուսական զօրքի տեղակայման: Ալիեւի նշած միջազգային երաշխիքը կը չէզոքացնէ այդ համընկնումի կէտը:

Անգարայի հեռակառավարումով Պաքուն երկակի չափանիշերով կը խաղայ Մոսկուայի հետ. Մոսկուան անվերջ նոյեմբերեան եռակողմին յղում կը կատարէ: Թեհրանը անհանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութեան: Արեւմուտքը փուլ առ փուլ ռուսական գործօնի չէզոքացման գործողութիւններ կ՛իրականացնէ: Երեւանը լուռ է եւ կը տուայտի այս բոլոր գործընթացներուն մէջ, առանց յստակացնելու իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու գերակայ ուղղութիւնները: Որոնց ելակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պարագային ամէն գործընթացէ առաջ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը եւ Արցախի պարագային ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի համար միջազգային երաշխիքներու ապահովումը:

«Ա.»

Նախորդը

Փեսքով. «Մոսկուան Կ՛աջակցի Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Հաղորդակցութիւններու Շարունակման»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Ապրիլ 2024)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.