Գլխաւոր լուրեր

Պրիւքսելը Կարեւոր Կը Նկատէ  Արցախցիներու Վերադարձի Պայմանները

Պրիւքսելը Կարեւոր Կը Նկատէ Արցախցիներու Վերադարձի Պայմանները

Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ Արցախի հայերու վերադարձի համար պայմաններու ստեղծումն ու իրենց տուներուն մէջ անվտանգ, արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստի ընթացքին Եւրոպական դաշինքին անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: «Եւրոպական Միութիւնը հաւասարապէս կ՛ընդգծէ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու` Լեռնային Ղարաբաղ կամաւոր,...

Ասրեան. «Մենք Տակաւին ՀԱՊԿ-էն Դուրս Չենք  Եկած, Իսկ Թէ Դուրս Գալը  Ինչի Պիտի Յանգեցնէ, Գաղտնիք Է»

Ասրեան. «Մենք Տակաւին ՀԱՊԿ-էն Դուրս Չենք Եկած, Իսկ Թէ Դուրս Գալը Ինչի Պիտի Յանգեցնէ, Գաղտնիք Է»

Ներքին Հանդի միջադէպի հետաքննութիւնը տակաւին աւարտին չէ հասած, աւարտական փուլին հասնելուն պարագային ատոր մասին պիտի տեղեկացուի: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գերագոյն սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեան: Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ տեղեկութիւններ կան, որ Ներքին Հանդի մէջ ռուս խաղաղապահները եւրոպացի դէտերուն չեն արտօնած երթալ եւ իրենց առաքելութիւնը կատարել, զինեալ ուժերու գերագոյն սպայակոյտի պետը արձագանգեց, որ...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ  Թէժ Ռմբակոծումներ Եւ Զինուորական  Գործողութիւններ

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Թէժ Ռմբակոծումներ Եւ Զինուորական Գործողութիւններ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյեան ժամը 7:15-ին հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն վերեւ գործեց թռիչքներ եւ ահ ու սարսափ պատճառեց բնակիչներուն` խզելով ձայնի պատը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց Սուլթանիէ, Սըտտիքին, Հուլա, Թէյրհարֆա, Եարին, Աուիտա բարձունք, Իքլիմ Թուֆֆահ, Պըրժ Մուլուք, Խիամ, Մերժահիուն, Քաֆրա եւ Այթա Շաապ շրջանները: Երեկոյեան ժամը 5:45-ին իսրայէլեան ուժեր Հուլայի մէջ ռմբակոծեցին բնակարան մը` պատճառելով...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Պատուեց Գանատայի Ծերակոյտի Անդամ Լէօ Հուսաքոսը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Պատուեց Գանատայի Ծերակոյտի Անդամ Լէօ Հուսաքոսը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Կիրակի, 3 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ի պատիւ Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Լաւալի եւ Մոնթրէալի կոմիտէներուն ու Հայ Դատի յանխձնախումբերուն, պատկան մարմիններու Հայ կեդրոնի հովանիին ներքոյ գործող միութիւններու եւ...

Տենտիաս Հաւանական Կը Նկատէ Հայաստան –  Յունաստան – Ֆրանսա – Հնդկաստան Քառակողմ  Համագործակցութիւնը  Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ

Տենտիաս Հաւանական Կը Նկատէ Հայաստան – Յունաստան – Ֆրանսա – Հնդկաստան Քառակողմ Համագործակցութիւնը Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ

Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս յաջողած կը նկատէ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ եւ հաւանական նկատեց Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմ համագործակցութիւնը: «Մենք ստեղծած ենք յաջող եռակողմ պաշտպանական համագործակցութիւն Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ: Բայց կրնան գոյութիւն ունենալ նաեւ այլ եռակողմ կամ քառակողմ յարաբերութիւններ Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի հետ` կարեւոր երկիրներու, կարեւոր պետութիւններու, Հայաստանի եւ Յունաստանի շատ հզօր ընդհանուր բարեկամներու հետ»,...

Ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի Մէջ  Կը Քանդեն Խորհրդարանի Շէնքը

Ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի Մէջ Կը Քանդեն Խորհրդարանի Շէնքը

Ազրպէյճանցիները կը քանդեն Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ գտնուող Արցախի Ազգային ժողովի շէնքը: Այդ մասին փաստող տեսանիւթեր կը յայտնուին ազրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներուն մէջ: Օրեր առաջ ալ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկումով զբաղող «Մոնիումընթ ուոչ» անկախ խումբը յայտարարեց, որ ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէջ քանդած են աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը: Փորձագէտները բազմիցս ահազանգած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական հետքը վերացնելու մասին: Արցախի...

Ազգային Չափաւորական Երեսփոխանական Պլոքը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ազգային Չափաւորական Երեսփոխանական Պլոքը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ազգային չափաւորական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Ահմետ Խէյր, Ուալիտ Պաարինի, Սաժիհ Աթիէ եւ Ապտել Ազիզ Սամատ երէկ այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեանի հետ: Պատուիրակութիւնը նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ խորհրդակցութիւններ ծաւալելու իր նախաձեռնութեան գծով ներկայացուց համապատասխան պատկերացում: Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը` գնահատելով նախաձեռնութիւնը, նշեց, որ թէ՛ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ թէ՛...

Պէյրութի Մէջ.   Հոքշթայն Կը Քննարկէ Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ  Զինուորական Գործողութիւնները Կասեցնելու  Դիւանագիտական Ճիգերը

Պէյրութի Մէջ. Հոքշթայն Կը Քննարկէ Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Զինուորական Գործողութիւնները Կասեցնելու Դիւանագիտական Ճիգերը

Ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն երէկ կէսօրին հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` քննարկելով հարաւային սահմանագիծին վրայ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու դիւանագիտական ճիգերը: Հոքշթայնի կատարած բոլոր հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն: Պէյրութ ժամանումէն անմիջապէս ետք Հոքշթայն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:...

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններու  2-րդ Օրը Աւարտեցաւ

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններու 2-րդ Օրը Աւարտեցաւ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս երէկ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` յաւելեալ ջանք թափելու դէպի Կազա օժանդակութիւններու հոսքը աւելցնելու` նշելով, որ Կազայի բնակիչները մարդասիրական աղէտէ կը տառապին: Հարիս Ալապամա նահանգ այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի մէջ պէտք է հաստատուի անմիջական զինադադար մը, որ կ՛երաշխաւորէ գերիներու ազատ արձակումը եւ դէպի Կազա յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսք կ՛ապահովէ: Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի...

Լաւրով. «Մոսկուան ՀԱՊԿ-ի Վերաբերեալ Երեւանի  Վերջնական Որոշումին Կը Սպասէ»

Լաւրով. «Մոսկուան ՀԱՊԿ-ի Վերաբերեալ Երեւանի Վերջնական Որոշումին Կը Սպասէ»

Մոսկուան կը սպասէ, որ Երեւանը վերջնականապէս յայտարարէ ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութեան վերաբերեալ վերջնական որոշումը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Կը սպասենք, որ բոլորիս պաշտօնապէս հաստատեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջնական որոշումը, կ՛ըսեն` այստեղ տէ ֆաքթօ պիտի սառեցնենք ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը, սակայն եթէ ուզենք` տէ ժիւրէ պիտի սառեցնենք, տէ ժիւրէ դուրս պիտի գանք, ԵԱՏՄ-ն մեզ առայժմ...

Արա Շահվերտեան Եւ Գեղարդ Մանսուրեան  Իրանահայութեան Ներկայացուցիչները`  Իրանի Խորհրդարանին Մէջ

Արա Շահվերտեան Եւ Գեղարդ Մանսուրեան Իրանահայութեան Ներկայացուցիչները` Իրանի Խորհրդարանին Մէջ

«Ալիք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 1 մարտին Իրանի մէջ կայացան Իսլամական խորհրդարանի 12-րդ գումարման եւ Առաջնորդութեան բանիմացներու խորհուրդի 6-րդ գումարման ընտրութիւնները: Նախնական, ոչ պաշտօնական տուեալներով` ընտրութիւններուն մասնակցած է աւելի քան 25 միլիոն քաղաքացի: Իրանահայութիւնը եւս իր իսլամ հայրենակիցներուն կողքին խուռներամ շարքերով մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն: Նախնական, ոչ պաշտօնական տուեալներով` 12-րդ գումարման խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ Իրանի հիւսիսային շրջանի իրանահայութեան շահերը պիտի...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Ծանօթացում` «Վանայ Ձայն»-ի Աշխատանքներուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` «Վանայ Ձայն»-ի Աշխատանքներուն

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 1 մարտ 2024-ին «Վանայ ձայն»-ի մէջ հանդիպում ունեցան «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, կրթական եւ հասարակական գործիչ Վիգէն Աւագեանի հետ: Աւագեան ներկայացուց ձայնասփիւռի կարեւորութիւնը լրագրութեան մարզին մէջ: Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ «Վանայ ձայն»-ի մասին` նշելով միաժամանակ, որ եթէ այլ տեսակի լրատուամիջոցներու պարագային աշխատանքը որոշ ժամանակէ ետք կը...

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ  Բախումները  Կը Շարունակուին, Իսկ Հոքշթայն  Պիտի Այցելէ Լիբանան

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Բախումները Կը Շարունակուին, Իսկ Հոքշթայն Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այսօր` երկուշաբթի, 4 մարտ 2024-ին, պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` շարունակելու համար հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագիծը կայունացնելու խորհրդակցութիւնները: Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն նորութիւններ ունենայ` Պէյրութի եւ Թել Աւիւի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Նշենք, որ Հոքշթայն անցեալ դեկտեմբերին այցելած էր Պէյրութ եւ քննարկած...

Ակնարկ.  Նախապայմանային Նորացուած Քաղաքականութիւն. Անթալիոյ Մէջ Բանաձեւուած Կէտեր

Ակնարկ. Նախապայմանային Նորացուած Քաղաքականութիւն. Անթալիոյ Մէջ Բանաձեւուած Կէտեր

Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներուն մէջ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին պաշտօնական Անգարան ներկայացնող պատուիրակը դարձեալ խօսած է սահմանի բացման, երրորդ երկրի քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձերու համար սահմանը օգտագործելու որոշումի իրականացման մասին, առանց ժամկէտի: 2022-ի յուլիսին համատեղ յայտարարուեցաւ, որ գոյացած է համաձայնութիւն բանալու սահմանը երրորդ երկրի քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող պետական գործիչներու համար: Այս մասին վերստին յայտարարուեցաւ, այս անգամ ժամկէտ նշելով` 2023-ի...

Հաճիեւ. «Կը Սպասենք Հայաստանի Սահմանադրութեան  Առնչուած Բացատրութիւններու, Այնտեղ Կան  «Միացում»-ի Բաղադրիչներ»

Հաճիեւ. «Կը Սպասենք Հայաստանի Սահմանադրութեան Առնչուած Բացատրութիւններու, Այնտեղ Կան «Միացում»-ի Բաղադրիչներ»

Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումի ծիրին մէջ «Խաղաղութիւնը, զարգացումն ու կապուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագիրով քննարկման ընթացքին բանախօսած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը, Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչը, Հարաւային Կովկասի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար: Հաճիեւ իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ազրպէյճանի համար տագնապը արդէն աւարտած է,...

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ. «Մենք Եւրոպական Միութենէն Կ՛ակնկալենք Շօշափելի Քայլեր»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը 28 փետրուարի իր լիագումար նիստի ընթացքին ընդունած է 2023 թուականի Եւրոպական Միութեան ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան պաշտպանական եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ տարեկան զեկուցումներ: Ի սկզբանէ յիշեալ զեկուցումները եղած են 16 յունուարի լիագումար նիստի օրակարգին մէջ, սակայն քուէարկութիւնը յետաձգուած է 28 փետրուարին: Եւրոպական...

Միքաթի Ընդունեց Լիբանանի Յատուկ  Միջազգային Հնգեակը

Միքաթի Ընդունեց Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն դեսպանները` Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի: Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները:...

Ուաշինկթըն Արգելակած Է Կազայի Մէջ Մարդասիրական  Օժանդակութիւններու Սպասող Քաղաքայիններու  Սպանդին Համար Իսրայէլը Մեղադրող Ապահովական  Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Ուաշինկթըն Արգելակած Է Կազայի Մէջ Մարդասիրական Օժանդակութիւններու Սպասող Քաղաքայիններու Սպանդին Համար Իսրայէլը Մեղադրող Ապահովական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քաթարի եւ Եգիպտոսի հետ քննարկեց գերիներու ազատ արձակման դիմաց Կազայի մէջ առնուազն 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադուլի հաստատման հարցը: Այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տունը: Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Պայտըն Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ երկու անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկած է հիւսիսային Կազայի մէջ օժանդակութիւններու...

Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցութիւններէն Ետք  «Բաց Հարցերը» Կը Մնան

Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցութիւններէն Ետք «Բաց Հարցերը» Կը Մնան

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ Պերլինի մէջ աւարտեցին իրենց երկօրեայ բանակցութիւնները: Պաշտօնական Երեւանը հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ որեւէ լուրջ յառաջընթացի չ՛ակնարկեր: «(Նախարարները) քննարկած են «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ» երկկողմանի համաձայնագիրի նախագիծի դրոյթներու տեսակէտները: Արտայայտուած է փոխադարձ համաձայնութիւն` շարունակելու բանակցութիւնները բաց հարցերուն շուրջ», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Նախարարութիւնը...

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան  Կոչ Կ՛ուղղէ` Աւելի Աշխուժ Կերպով Մասնակցելու  Արցախի Հարցով Կայուն Լուծումի Որոնման

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրած Է 2 Բանաձեւ` Եւրոպական Միութեան Կոչ Ուղղելով Ազրպէյճանի Դէմ Անյապաղ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւեր, որոնց մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատելու Ազրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը: Այս մասին Դիմատետրի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովակիմեանը: «Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց արտաքին քաղաքականութեան եւ Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ 2 բանաձեւեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ Եւրոպական Միութեան...

Page 182 of 796 1 … 181 182 183 … 796

Արխիւներ