Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը քննարկումի նիւթ դարձաւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին միջեւ, խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստի մը ընթացքին:
Ընդդիմութեան երեսփոխանները ներկայացուցին նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները, որոնց գծով, պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի տուաւ պլոքի տեսակէտները:
Բագրատունի շեշտեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հրամայականը եւ այս գծով գոհունակութիւն յայտնեց տարբեր նախաձեռնութիւններ առաջարկող թեզերուն կապակցաբար:
Բագրատունի անկախ անուանումներէն եւ ձեւականութիւններէն անհրաժեշտ գտաւ երկխօսութեան ծաւալումը` իբրեւ միակ միջոց ընտրութեան հասնելու, յատկապէս ներլիբանանեան եւ շրջանային ներկայ իրադարձութեանց ընդհանուր մթնոլորտին մէջ: