Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Ջնջած Է Յանձնակատարներու Հունգարիա Այցելութիւնը

July 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն ջնջած է Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներուն Հունգարիա այցելութիւնը: Այս մասին յայտնած է անոր բանբեր Էրիք Մամեր:

«Հաշուի առնելով Հունգարիոյ` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ նախագահութեան մեկնարկը նշող վերջին իրադարձութիւնները, Եւրոպական յանձնաժողովը բարձր մակարդակով (գլխաւոր տնօրէնութիւններու ղեկավարներու մակարդակով)  ներկայացուած պիտի ըլլայ միայն Հունգարիոյ նախագահութեան տակ գտնուող Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ոչ պաշտօնական նիստերուն: Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներու նախագահող երկիր այցելութիւնը տեղի պիտի չունենայ», «Էքս»-ի վրայ գրած է ան:

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան այս ամիս, իր երկրին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնելէն ետք, այցելած էր Ուքրանիա, Ռուսիա եւ Չինաստան: Ան այդ այցելութիւնները կոչած է «խաղաղութեան առաքելութիւն», որուն ընթացքին նշեալ երկիրներու ղեկավարներուն հետ քննարկած է Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ խաղաղութեան պայմանները: Օրպան մասնաւորաբար Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին առաջարկած է մտածել զինադադարի մասին եւ բանակցութիւններու սկսիլ Ռուսիոյ հետ:

Եւրոպական Միութեան խումբ մը ղեկավարներ, ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին, քննադատած են Օրպանի Մոսկուա այցելութիւնն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը:

Բացի ատկէ, ինչպէս «Փոլիթիքօ» կը գրէ, Եւրոպական Միութեան երկիրներու ներկայացուցիչները որոշած են պոյքոթի ենթարկել Պուտափեշթի մէջ 28-29 օգոստոսին նախատեսուած Եւրոպայի արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովը:

Երեք աղբիւրներ յայտնած են, որ եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորել կը ծրագրէ Հունգարիոյ մէջ վեհաժողովի թուականին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրել «պաշտօնական խորհուրդի», որպէսզի անոնք կարելիութիւն չունենան Պուտափեշթ մեկնելու:

Եւրոպական Խորհրդարանի 63 Անդամներ
Կոչ Կ՛ուղղեն` Հունգարիան
Քուէարկելու Իրաւունքէ Զրկելու

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի 63 անդամներ նամակ մը յղած են Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին ու խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլային` յայտնելով, որ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը «իրողապէս մեծ վնասներ պատճառեց (Եւրոպական Միութեան) խորհուրդի նախագահի պաշտօնը շահագործելով ու չարաշահելով»:

«Օրպան շարք մը դիւանագիտական այցելութիւններ կատարեց, մասնաւորաբար Ռուսիոյ մէջ Փութինին եւ Չինաստանի մէջ Շի Ճինփինկին, եւ դիտաւորեալ կերպով խեղաթիւրեց իր լիազօրութիւնները», նշեցին անոնք` Եւրոպական խորհրդարանին կոչ ուղղելով` ատոր հիմամբ հակադարձելու:

«Ատիկա կը պահանջէ որդեգրումը իսկական քայլերու, ինչպէս` խորհուրդին մէջ Հունգարիոյ քուէի իրաւունքը առկախելը», աւելցուցին խորհրդարանականները:

Նախորդը

Կանց. «Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արդարադատական Յեղաշրջում Մը, Որ Տկարացուց Պետութիւնը, Եւ Համաս Զայն Նշմարեց Ու Գործեց»

Յաջորդը

Թրամփ Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.