Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եռակողմ հանդիպումի ժամանակ կողմերը յառաջընթաց արձանագրած են, սակայն տակաւին համաձայնագիր չկայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պիտի չհանգստանայ, մինչեւ համաձայնութիւն չըլլայ:
Միլլըր չէ մանրամասնած, թէ խօսքը ի՛նչ յառաջընթացի մասին է: Սակայն նշած է, որ Երեւանն ու Պաքուն երկար ճամբայ անցած են եւ անհաւանական յառաջընթաց արձանագրած:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրը շատ մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ երկու երկիրներուն եւ շրջանին համար` բերելով խաղաղութիւն, կայունութիւն, շրջանին անվտանգութիւն», ըսած է ան` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ջանքեր գործադրել խաղաղութեան համաձայնագիրի յառաջ մղման հարցին մէջ:
«Մենք իսկապէս կը կարծենք, որ գործարքը կարելի է, սակայն անիկա կողմերէն կը պահանջէ որոշ բարդ ընտրութիւններ եւ ծանր փոխզիջումներ: Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ կողմերը մղել դէպի վերջնական համաձայնութեան հաստատում եւ տարակարծութիւններու հարթում», ըսած է Միլլըր: