Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Շեշտեն Գերադասել Միջհամայնքային Համակեցութեան Սկզբունքները

July 17, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները 17 յուլիս 2024-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին միջկուսակցական ժողով։

Ժողովը նախ կեդրոնացաւ տարածաշրջանի զինուորական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն, Կազայի պատերազմին եւ այդ բոլորին Լիբանանի վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն վրայ։

Ապա քննարկումները ծաւալեցան Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական իրավիճակին վրայ, ընդգծելով համալիբանանեան համախոհութեամբ ոչ միայն Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը այլ նաեւ ընդհանրապէս յամեցող խնդիրները լուծելու պայմանականութիւնը։

Այնուհետեւ հանգամանօրէն ներկայացուեցան այն պայմանները, որոնց մէջ արձանագրուեցան Պուրճ Համուտի վերջին միջադէպերը։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արձանագրեցին-

-Դատապարտելի է հայահոծ թաղամասերու մէջ որեւէ գրգռութիւն, որ կը խանգարէ բնակիչներուն անդորրը եւ անապահով կացութիւն կը ստեղծէ շրջանին մէջ։

-Հիմնովին մերժելի է փողոցային միջադէպերուն տալ համայնքային բնոյթ եւ ատով ալ փորձ կատարել  յառաջացնելու միջհամայնաքային խնդիրներ։

-Պետական ապահովական եւ դատական մարմիններէն կ՛անկալուի աչալուրջ հսկողութիւն, եւ հարցերու հրահրման պատասխանատուներու հաշուետուութիւն, կանխելու համար հետագայ որեւէ փորձ, նման կացութիւններ ստեղծելու։

-Հայ Քաղաքական կուսակցութիւնները կը վերաշեշտեն իրենց դիրքորոշումը գերադասելու լիբանանահայ համայնքի անվտանգութիւնը եւ հերթական անգամ կոչ կ՛ընեն լիբանանեան կողմերուն առաջնորդուելու միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքներով։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները որոշեցին  հերթականութեամբ գումարել միջկուսակցական ժողովներ խորհրդակցելու համար երկրին մէջ տիրող պայմաններուն եւ անոնց իբրեւ անմիջական ազդեցութիւն լիբանանահայութեան դիմակայող տարբեր բնոյթի խնդիրներուն շուրջ։

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Յուլիս 2024)

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Յարմարուելու Դասեր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

February 14, 2026
Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.