Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթ. «Համասի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Պայմանները Հասունցան, Սակայն Նեթանիահու Դժուարութիւնները Կ՛աւելցնէ»

Յուլիս 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Եթէ երկու շաբթուան ընթացքին (Համասի հետ) գերիներու փոխանակման գործարք չկնքուի, ատիկա կը նշանակէ գերիներուն ճակատագիրը վճռել»:

«Համասի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու պայմանները հասունցան, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն դժուարութիւնները կ՛աւելցնէ», յայտարարեց Կալանթ` շեշտելով. «Նեթանիահուն համաձայնութեան հասնելու դժուարութիւնը կ՛աւելցնէ, որպէսզի համախմբական կառավարութեան երկու անդամներ` նախարարներ Իթամար պեն Ղաֆիրն ու Պեցալէլ Սմոթրիչը չկորսնցնէ»:

Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պարնէա յայտնեց, որ Նեթանիահուի` «Համասի հետ բանակցութիւններուն մէջ նոր կէտերու վրայ պնդելը կրնայ համաձայնութիւնը տապալել»:

«Տարակարծութեան պատճառը Նեթանիահուի` Կազայի բնակչութեան շրջանի հարաւէն դէպի հիւսիս շարժումը հսկելու գործիքակազմին վրայ պնդելն է», յայտնեց Պարնէա:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Հիւանդանոցներն ու առողջապահական կեդրոնները պէտք չէ Կազայի մէջ տագնապին մաս կազմեն»:

«ՄԱԿ-ը կը մերժէ առողջապահական կեդրոններու ռմբակոծումը, եւ հիւանդանոցները տագնապի տեղեր պէտք չէ ըլլան», ըսաւ Տիւժարիք` նշելով. «Կը կարծեմ, որ զանոնք քանդելէ ետք ենթակառոյցներու առջեւ իսրայէլացի զինուորներու լուսանկարները ցնցիչ են»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիրներու սահմանափակումներ հաստատած են իսրայէլացիներու դէմ, որոնք Այսրյորդանանի մէջ ոտնձգութիւններ կատարած են` Իսրայէլին կոչ ուղղելով հաշուետուութեան ենթարկելու բռնարարքներու հեղինակները:

Նախարարութիւնը նշեց. «Իսրայէլեան կառավարութիւնը Այսրյորդանանի մէջ բնակեցուածներու բռնարարքները զսպելու կարգ մը քայլեր որդեգրեց: Այդ քայլերը բաւարար չէին»:

Միւս կողմէ, «Հաարեց» հաղորդեց, որ Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը քուէներու մեծամասնութեամբ որդեգրած է Պաղեստինի պետութեան ստեղծումը մերժող բանաձեւ մը:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Շաս կուսակցութեան մէջ Թորայի մասնագէտներու խորհուրդը ղեւտացիներուն կոչ ուղղած է իսրայէլեան բանակին մէջ զինուորագրման ներկայանալու հրամանները չկատարելու:

 

Նախորդը

Կրոնօ Պիտի Փոխարինէ Քլաարը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?