ՀՅԴ Պատանիի օրուան նշումը հայկական իրականութեան ներկայ պայմաններուն մէջ ամէնէն աւելի մտածումները կը կեդրոնացնէ պատանիներուն ստացած դաստիարակութեան բովանդակային հարցերուն վրայ:
Գաղտնիք չէ, որ Դաշնակցութեան պատանեկան միութիւններու դաստիարակութեան առանցքային բաժինը ազատագրական պայքարի պատմութիւնն է: Հոն է, որ պատանին կ՛ընկալէ ազգի գաղափարը, անոր ազատ ու անկախ ապրելու սկզբունքը, այդ իրաւունքին համար նախորդներու ստանձնած զոհողութիւններու տարողութիւնը, հայրենիքի ազատագրութեան համար անմնացորդ նուիրուելու եւ ամէնէն թանկը նուիրաբերելու օրինակները: Զուգահեռ` ընկերասիրութիւնը, ազնուութիւնը, հաւաքական աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը:
Այս դաստիարակութեան առընթեր պատանեկան միութիւնները ձեւաւորած են այն առողջ միջավայրը, ուր ազգային, միութենական դաստիարակութիւն ստանալով, մեր պատանիները կը զարգացնեն իրենց հմտութիւնները, ընկերային կեանքի հաղորդականութիւնը, զարգացման համար հայեցիի ու մարդկայինի համատեղման փորձերը, բանակումներու մասնակցութեամբ` կարգապահութիւնը, կազմակերպ աշխատանքը եւ այս բոլորի ընդմէջէն պատրաստուիլը: Պատրաստուիլն ու կազմաւորուիլը անցում կատարելու համար դէպի երիտասարդական միութիւնն ու ապա Դաշնակցութեան շարքերը:
Այս ամբողջ ընթացակարգի յենարանը, ենթահողը, առաջին կարգը ուրեմն ՀՅԴ պատանեկան միութիւններն են, որոնց աշխատանքները կ՛երեւան մեր ակումբներուն ու թաղերուն մէջ, բայց նաեւ երբ կը ներկայանան սրահներ` ժողովուրդին հրամցնելու համար այդ դաստիարակութեան արդիւնքը: Մեր թաղերուն մէջ, երբ տիպար քաղաքացիի օրինակով կը նպաստեն հայաբնակ թաղերու բարեզարդման: Մեր տուները այցելելով, երբ տարբեր առիթներու կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքի արդիւնքը կամ տօնական առիթներու կը շնորհաւորեն հայ ընտանիքները:
Մեր պատանիները մարզական օրեր կազմակերպելով, կը սորվին ազնուօրէն մրցակցիլը, յաղթելը կամ մրցում կորսնցնելէ ետք քաջալերուիլն ու քաջալերելը: Անոնք նաեւ հայ վարժարաններուն մէջ ազգային տօներու առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն կ՛ունենան իրենց ներդրումը եւ կը փոխանցեն միութիւններէն քաղած իրենց փորձառութիւնը:
Մարդուժի պատրաստութեան այս առաջին հնոցին մէջ է ուրեմն, որ ազգին, հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ այդ արժէքները գերադասած նուիրեալ անձերու կենսագրութիւններուն, մղած կռիւներուն թէ կատարած գործերուն կամ գրած հատորներուն ծանօթանալով անոնք կը ստանան ազգային արժեհամակարգի առաջին պատուաստները: Այս պատուաստումը կ՛ապահովէ անբեկանելի դիմադրողականութիւն: Եւ եթէ պատանեկան միութիւններուն մէջ ներմուծուած պատուաստումը չըլլար, մեր պատանիները եւս այսօր կրնային քննել կրթութեան կամ դաստիարակութեան այնպիսի չափորոշիչներ, որոնք ազգային գաղափարախօսութիւնը կը հակադրէին գիտականութեան, հայոց պատմութիւնը կ՛անուանափոխէին Հայաստանի պատմութեան, պատմական Հայաստանը կը հակադրէին իրական Հայաստանին, Արարատը` Արագածին, միացեալ Հայաստանի դաւանումը կորստաբեր առաւելապաշտութիւն կը նկատէին, կամ Պատանիի գիրքէն կը փորձէին դուրս բերել եկեղեցւոյ պատմութիւնը կամ ժողովներու օրակարգէն ջնջել ռազմահայրենասիրական կամ յեղափոխական երգերը:
Այս բոլոր «չափորոշիչներ»-ը կրնան որդեգրուիլ այդ պատուաստները չստացած միջավայրերու մէջ: ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները այն անփոխարինելի միջավայրերն են, ուր այս բոլորին մասին կը զեկուցուին, կ՛ուսուցուին, եւ այդ ճամբով կ՛իրականացուի արժէքափոխանցումը:
Պատանեկան միութիւններուն սրսկած պատուաստները պէտք են մեզի, որպէսզի նոր սերունդը հաւատարիմ մնայ այն արժէքներուն, որոնց համար հիմնադրուեցաւ Դաշնակցութիւնը, եւ որոնց համար ոչինչ խնայեցին իրերայաջորդ սերունդները:
Այս պատուաստները ստացողները չեն ազդուիր ապազգային չափորոշիչներէն, որոնք համավարակի ուժգնութեամբ եւ կշռոյթներով կը կլանեն ամբոխները:
Պատուաստները կրնա՛ն կասեցնել համավարակները: