Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ հակադարձելով հինգշաբթի օր հարաւային Լիբանանի գիւղերու մէջ քաղաքայիններու թիրախաւորման, առաջին անգամ ըլլալով թիրախաւորած է իսրայէլեան Նիվիէ Զիֆ, Ապիրիմ, Մանոթ բնակեցման վայրերը` անոնց վրայ արձակելով «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներ:
Հըզպալլա նաեւ խոստացաւ քաղաքայիններուն վրայ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի հակադարձել հարուածելով նախապէս թիրախ չդարձած այլ բնակեցման վայրեր:
Հըզպալլա նաեւ երէկ տասնեակներով «Քաթիուշա» եւ «Ֆալաք» հրթիռներով ուղղակի հարուած հասցուցած է Խըրպեթ Մաեզի մէջ հրետանիներու դիրքերուն ու անոնց մերձակայքը գտնուող զինուորներուն: