Հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Եմէնի զինեալ ուժերը անօդաչու թռչող սարքով հարուածած են Թել Աւիւը. բեկորները ինկած են Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան մօտ: Այս մասին հաղորդեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: Արձանագրուած են զոհ մը եւ 10 վիրաւորներ:
Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտնեց, որ յարձակումին համար իսրայէլացիներու կողմէ Թել Աւիւ կոչուող Եաֆա շրջանին մէջ թիրախներէն մէկը հարուածուած է «Եաֆա» տիպի անօդաչու թռչող սարքով, որ կարող է շրջանցել հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը եւ կրցած է յաջողութեամբ հարուածել իր թիրախը:
Ան յայտարարեց, որ Թել Աւիւի շրջանը «անապահով է» եւ «հիմնական թիրախ» պիտի ըլլայ: «Պիտի կեդրոնանանք սիոնական թշնամիի ներքին ճակատը հարուածելու եւ խորքը հասնելու վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք ցուցակ մը ունին զինուորական եւ ապահովական զգայուն թիրախներու, որոնք պիտի հարուածեն:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտարարեց. «Թել Աւիւի մէջ պայթած անօդաչու թռչող սարքը իրանեան արտադրութիւն է, եւ կը կարծենք, որ Եմէնէն արձակուած է»:
«Արապիա»-ի տուեալներով, Միացեալ Նահանգներ յաջողած են վնասազերծել թեւաւոր հրթիռ մը եւ երեք անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք հուսիները արձակած էին Իսրայէլի ուղղութեամբ, սակայն չորրորդ անօդաչու թռչող սարքը յաջողած է հասնիլ Թել Աւիւ:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Թել Աւիւի մէջ անօդաչու թռչող սարքի պայթումը յաւելեալ փաստ է, որ կառավարութիւնը չի գիտեր եւ չի կրնար իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովել»:
«Ան որ հիւսիսի եւ հարաւի մէջ զսպման ուժը կը կորսնցնէ, զայն նաեւ Թել Աւիւի սրտին մէջ կը կորսնցնէ», ըսաւ Լափիտ: