Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Որպէսզի Կանխարգիլուին Նման Փորձեր

Յուլիս 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերու մէջ երկու յաջորդական օրեր պատահած դէպքերը լայն հնչեղութիւն ունեցան համալիբանանեան լրատուական, քաղաքական եւ հասարակական մակարդակներով:

Պատահարները տեղեկատուական բաց համակարգի ճամբով կայծակնային արագութեամբ տեսանիւթերով թէ անոնց ընկերակցած գրաւոր արձագանգներով շրջանառութեան մէջ մտնելով հասան հարիւր հազարաւոր մարդոց:

Այդ ալիքաւորումէն անմասն չմնացին նաեւ հեռաւոր լիբանանահայեր եւ ընդհանրապէս հայ մարդիկ, որոնք տագնապով հետեւեցան դէպքերուն եւ անձկութեամբ սպասեցին անոնց հանդարտեցումին:

Անհատական վէճերէ ծագած այս դէպքերը, ինչպէս լիբանանեան որեւէ շրջանի պարագային, արագօրէն կը ստանան համայնքային բնոյթ եւ կը քաղաքականացուին նոյն կշռոյթներով:

Վէճի մասնակիցները տեղեկատուական նոյն միջոցներով արագօրէն կ՛իրազեկեն իրենց խումբերը, ընկերները եւ շրջապատը, որոնք կը փութան դէպքի վայր, ոչ թէ հանդարտեցնելու անհատական միջադէպը, այլ փողոցայնութիւնը ծածկելու համար այդ բոլորին համայնքային տարազ հագցնելու:

Եւ որովհետեւ համայնքայինին անմիջականօրէն ուղեկցուած է քաղաքականը, ապա անոնք թիրախ կ՛ընտրեն այս պարագային եկեղեցին եւ ժողովրդային տունը: Թիրախային այս հասցէներու երեւոյթը մտածել կու տայ ամբողջ պատահարին ետին գտնուող մղումներուն մասին:

Համայնքային եւ կուսակցական-քաղաքական թիրախաւորումի ետին կայ յստակ մտածողութիւն հայահոծ թաղերու պատկանելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու, հեղինակութիւնը վարկաբեկելու եւ ձեւով մը փորձել փաստելու, որ տիրոյթի առումով իրավիճակ փոխուած է:

Այդ մղումները որքան բնազդային, այնքան կանխամտածուած կրնան ըլլալ: Միջհամայնքային վէճեր հրահրելը, լիբանանահայութեան համայնքային եւ կուսակցական կեդրոններ թիրախաւորելը, գրգռութիւն յառաջացնելը, ամբողջ համայնքի մը դէմ ուղղուած վանկարկումներ կատարելը սովորական կենցաղային խնդիրէն շատ աւելի հեռուները գացող երեւոյթներ են, որոնց մասին հետեւութիւններ արձանագրելը կարեւոր կը թուի ըլլալ:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով է, որ պէտք է ընկալել Դաշնակցութեան անմիջական դատապարտանքը եւ խնդիրը զուտ իր սահմաններուն մէջ տեսնելու, բայց նաեւ զգուշացնելու մօտեցումները: Անշուշտ նաեւ կոչն ու ակնկալիքը իրաւապահ մարմիններուն ուղղուած,  իրենց պարտականութիւնը կատարելու, որպէսզի զսպուին նախ փողոցայինները եւ ապա անոնք, որոնք փողոցային միջադէպերուն փորձ կը կատարեն միջհամայնքային բախումի բովանդակութիւն տալ:

Հայ քաղաքական երկու կուսակցութիւններու արձագանգը տեղին էր եւ կը բխէր հայութեան անդորրութիւնը գերադասելով, մեղադրել անկարգութեան դիմողները, եւ մերժելով գրգռութիւնը, շեշտել նման հարցերու մէջ լիբանանահայութեան մէկութիւնն ու միասնականութիւնը:

Դիմելով ապահովական եւ դատական մարմիններուն  ստանձնելու իրենց գործառոյթներու կատարումն ու պարտականութիւնները, Դաշնակցութիւնը այս ձեւով նաեւ կարեւոր ուղերձ յղեց լիբանանեան պետական եւ հասարակական շրջանակներուն: Հարցերը լիբանանեան ընդունուած եղանակներով լուծելը այս երկիրը կ՛առաջնորդէ շատ աւելի վտանգաւոր տարածքներ: Այլապէս կաթուածահար դարձած պետական հաստատութիւններու ներկայ մթնոլորտին մէջ, երբ կը գերադասուին իրաւապահ մարմինները իբրեւ պետական օրինական մարմիններ, որոնց կը վերապահուի նման միջադէպերու կանխարգիլումն ու ծագած դէպքերու հարթումը, Դաշնակցութիւնը թէ՛ քաղաքացիին եւ թէ՛ պետական պաշտօնեային կը յիշեցնէ իրենց պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները, օրէնքն ու պետական հեղինակութիւնը յարգելու սկզբունքէն մեկնած: Այլապէս, երկիրը կը ղեկավարուի անտառի օրէնքով, ուր անիշխանութիւնը կը վերածուի համակարգի:

Պուրճ Համուտի իւրայատկութիւնները յիշեցնելը, վերաշեշտելը, որ այս շրջանը եղած է ու կը շարունակէ մնալ տարբեր համայնքներու համակեցութեան ամէնէն վառ օրինակը, համալիբանանեան բնոյթի պատգամներ ներառած է: Եթէ տարբեր շրջաններու մէջ եւս տիրէր նոյն մթնոլորտն ու համակեցութեան ոչ բախումնային, այլ համախոհ իրավիճակը, ապա հաւանաբար տարբեր կ՛ըլլար այս երկրին ճակատագիրը:

Միջադէպերուն թէ՛ համայնքային-կուսակցական-քաղաքական բնոյթ տալու փորձերը, թէ՛ այդ բոլորը ոչ միայն դատապարտելու, այլ նաեւ անոնց հետագայ ընթացքը կանխարգիլելու նախաձեռնութիւնը, տակաւին` լիբանանեան պետական թէ բոլոր կողմերուն անհրաժեշտ պատգամները յղելու առիթը, Դաշնակցութիւնը առաջնորդեցին այս կոչերով, զգուշացումներով եւ յորդորներով հանդէս գալու որոշումին:

Բնականաբար միայն գրաւոր հաղորդագրութիւններով չեն զսպուիր իրադարձութիւնները կամ միայն հրապարակուող դիրքորոշումներով չեն վերահսկուիր գործընթացները: Զուգահեռ կար մնայուն կապ, հաղորդակցութիւն եւ հանդիպում Պուրճ Համուտի մէջ ներկայութիւն եղող այլ համանքային-քաղաքական կողմերու հետ: Անոնք յստակօրէն հերքած են որեւէ կապ համայնքի անունով վանկարկումներ կատարող եւ լիբանանահայութեան համայնքային եւ կուսակցական կեդրոնները թիրախ դարձուցած անկարգութեան ջատագովներուն հետ:

Ուղերձները հասած են զանազան հասցէներու: Պուրճ Համուտը պիտի շարունակէ մնալ միջհամայնքային համակեցութեան խորհրդանիշ քաղաքը, ուր պիտի բացառուին նման գրգռութիւններ եւ պիտի չէզոքացուին միջհամայնքային հարցեր ստեղծելու փորձերը: Իսկ լիբանանահայութիւնը հերթական անգամ արձանագրեց, որ իր քաղաքական կուսակցութիւններով միասնական է ու միաճակատ, երբ համայնքին դէմ ոտնձգութեան փորձեր կը կատարուին:

Ա՛յս վարքագիծն է փաստօրէն, որ տասնամեակներէ ի վեր լիբանանահայութեան համար վաստակած է օրինակելիութեան աւանդը: Ատկէ հրաժարելու պատճառ չկայ այսօր: Ընդհակառակը, անոր կառչած մնալու եւ անոր հետեւելու հրամայականն է, որ կ՛ընդգծուի հիմա: Մանաւանդ, երբ անոր հակառակ փորձեր կը կատարուին:

«Ա.»

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Յաջորդը

Մահազդ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?