Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածու

July 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս Տանըլտ Թրամփը առաջադրեց իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու: Այս մասին յայտարարուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան Ուիսքոնսըն նահանգի Միլուոքի քաղաքին մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովի ընթացքին:

Թրամփ ապահովեց 2268 պատուիրակներու քուէները, ինչ որ թեկնածու առաջադրուելուն համար անհրաժեշտ քուէներուն կրկնապատիկն էր:

Թրամփ բուռն ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ, երբ մահափորձի ենթարկուելէն երկու օր ետք, ականջը կապուած մուտք գործեց ժողովասրահ:

Ան յայտարարեց փոխնախագահի իր թեկնածուի անունը` ծերակուտական Ճէյմս Տէյվիտ Վենսը: Ծնունդով Օհայոյէն 39-ամեայ ծերակուտականը կրնայ սիրաշահիլ աշխատաւոր դասակարգի այն սպիտակամորթ քուէարկողները, որոնք 2016-ին դժկամութեամբ քուէարկած են ի նպաստ Թրամփի:

Վենս ութ տարի առաջ նախագահական ընտրապայքարէն առաջ քննադատած է Թրամփը, սակայն յետոյ դարձած է նախկին նախագահին պաշտպանը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Վենս մօտ է Թրամփի արտաքին, ներքին եւ տնտեսական քաղաքականութեան, իր հայեացքներով ան տնտեսական ամբոխահաճ մըն է:

Վենս կը պատկանի Քոնկրեսի հանրապետականներու խումբին, որ վեց ամիսով յետաձգեց Ուքրանիոյ ամերիկեան օգնութիւնը: Ան եւ անոր համախոհները կը կարծեն, որ Միացեալ Նահանգներ նախ եւ առաջ պէտք է կեդրոնանան հարաւային սահմանի ամրապնդման եւ անօրինական ներգաղթի դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ Չինաստանի դէմ պայքարին վրայ: Ան նպատակայարմար չի նկատեր Ուքրանիոյ զինուորական օգնութեան ցուցաբերումը:

Վենս նաեւ այն կարծիքը ունի, որ Կազայի պատերազմը պէտք է աւարտի, որպէսզի Իսրայէլն ու սիւննի պետութիւնները կարենան դէմ դնել Իրանին:

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Ջնջած Է Յանձնակատարներու Հունգարիա Այցելութիւնը

Յաջորդը

Քանի. «Իսրայէլ Թեհրանի Դաշնակիցներուն Հետ Իր Պատերազմին Մէջ Կը Պարտուի»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.